Հայաստանը պիտի մասնակցի Հոկտեմբերին Քազանին մէջ կայանալիք «ՊՐԻՔՍ»-ի գագաթաժողովին։
Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։
Աւելի վաղ, Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած էր, որ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները եւ «ՊՐԻՔՍ»-ին անդամակցելու կամ համագործակցութեան դիմում ներկայացուցած պետութիւնները հրաւիրուած են կազմակերպութեան` Քազանի մէջ կայանալիք գագաթաժողովին։
«Բացի 9 անդամ երկիրներէ, հրաւիրուած են նաեւ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները», – ըսած Էր Ուշաքով։