Երեւանը տէ իւրէ կը շարունակէ ՀԱՊԿ անդամ մնալ՝ ունենալով պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ։
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ նշելով, որ ՀՀ իշխանութիւնները այդ գործունէութենէն նահանջ որդեգրած են։
«Յոյս ունինք, որ առաջին հերթին ելլելով Հայաստանի անվտանգութենէն, նաեւ տարածաշրջանի կայունութենէն, Հայաստանի լիարժէք գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի մէջ կը վերականգնուի»,- ըսած է Զախարովան։