Հայաստանի ու Չինաստանի միջեւ բացուած է օդային ուղիղ կապ՝ Ուրումչի-Երեւան-Ուրումչի երկթուղիով: Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Չինաստանէն հասած առաջին օդանաւը դիմաւորելու հանդիսաւոր արարողութիւնը: Տարածքային կառավարումի եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան Չինաստանի հետ այս առաջին ուղիղ գիծի բացումը համարեց պատմական, աւելցնելով որ Չինաստան ճամբորդողները այսպիսով շատ ժամանակ պիտի խնայեն: