Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԿՈՉԵՐ

September 5, 2024
in Միջազգային
0
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԿՈՉԵՐ

Համասի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Ուսամա Համտան յայտնեց, որ գերիներու փոխանակումին հարցով նորութիւններ չկան, իսկ Համաս նկատի կ’առնէ միայն միջնորդներէն ստացած առաջարկները: Համտան Ուաշինկթընը ամբաստանեց Իսրայէլի կառավարութեան նկատմամբ բաւարար ճնշում չբանեցնելու մէջ, վերահաստատելով որ Համաս բացարձակապէս կը մերժէ Կազա-Եգիպտոս սահմանային Ֆիլատելֆիա ճակատին վրայ իսրայէլեան ներկայութիւնը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան Մոսատի ղեկավարը միջնորդներուն տեղեկացուցած է, որ իրենք կը համաձայնին Ֆիլատելֆիա գիծէն քաշուիլ միայն զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլին:

Սակայն, Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու բանակցային հոլովոյթը խափանուած կը մնայ ոչ միայն Համաս-Իսրայէլ տարակարծութիւններուն, այլեւ ներիսրայէլեան լարուածութեան պատճառով: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան հարցերու նախարար Իթմար Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ աշխատանք կը տանի Համասի հետ քանակցութիւնները դադրեցնելու ուղղութեամբ, «որովհետեւ կարելի չէ բանակցիլ ոճրագործներու հետ»: Ըստ նախարարին, մահացած գերիներ ունեցող պետութիւն մը պէտք չէ բանակցի, այլ պէտք է անյապաղ դադրեցնէ հաղորդակցութիւնը Համասի հետ: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ  շեշտեց «Այսրյորդանանի մէջ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւնները կործանելու» անհրաժեշտութիւնը: Բազմաթիւ իսրայէլացիները սակայն համաձայն չեն ծայրայեղական երկու նախարարներու առաջարկներուն հետ եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն կը պահանջեն անյապաղ վերջ տալ պատերազմին եւ տուն վերադարձնել իրենց զաւակները: Անոնք, սակայն, մտահոգութիւն յայտնեցին իրավիճակի որեւէ փոփոխութիւն մերժող Նեթանիահուի քաղաքականութեան նկատմամբ:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան նախարարութիւնը նոր պատժամիջոցներ սահմանեց Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Եահիա Սընուարին եւ այլ համասականներու նկատմամբ՝ անցեալ տարուայ 7 Հոկտեմբերի յարձակումին մէջ պատասխանատու դեր խաղալու յանցանքով:

Share62Tweet39
Previous Post

ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.