Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄԷԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐ ՑԱՆԿ

September 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱԼԱՄԷԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐ ՑԱՆԿ

 

 

Յափշտակութիւն, շորթում, խարդախութիւն եւ ապօրինի հարստացում: Միայն քանի մը օրինակ են Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դիմագրաւած ամբաստանութիւններու երկար ցանկէն, որ դրամական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ հրապարակեց երէկ՝ ձերբակալուած Սալամէի նկատմամբ: Իպրահիմ Սալամէն, նախնական հարցաքննութեան զեկոյցը եւ եւ ամբաստանագիրը յանձնեց Պէյրութի աւագ քննիչ Պիլալ Հալաուիին՝ պահանջելով հարցքննել նախկին կառավարիչը եւ զայն կալանաւորել: Կը սպասուի, որ Հալաուի այսօր սկսի ուսումնասիրել թղթածրարը եւ ծանօթանալ մանրամասնութիւններուն՝ ճշդելու համար հարցաքննութեան մօտալուտ թուական մը: Նոյն հարցով, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալամէ ձերբակալուած պիտի մնայ մինչեւ դատավարութեան նիստը, որուն թուականը տակաւին չէ յստակացած:

Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի մեկնաբանեց Ռիատ Սալամէի ձերբակալութիւնը, շեշտելով որ իրենք կը յարգեն դատական մարմիններուն բոլոր որոշումները:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

Next Post

  ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ

Next Post
  ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ

  ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.