«Պորուսիա Տորթմունտ»ի նախկին ֆութպոլիստներ Լութաս Պիսչէքի եւ Եաքուպ Պլաշիկովսքիի պատիւին կազմակերպուելիք «Փիշչէքի ընկերներ» ընդդէմ «Պլաշիկովսքիի ընկերներ» հրաժեշտի մրցումին, ի շարս առասպելային ֆութպոլիստներու, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, «Ինթեր Միլան»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանն ալ պիտի մասնակցի:
Հանդիպումը պիտի կայանայ 5 Սեպտեմբեր 5-ին, Տորթմունտի մէջ։ Մխիթարեանը պիտի խաղայ «Փիշչէք»ի խումբէն:
Մխիթարեան «Պորուսիա»-ի մէջ հանդես եկած է 2013-2016 թուականներուն:
ՈՒԵՖԱ ԱԶԳԵՐՈՒ ԼԻԿԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԽԱՂԱՑԱՆԿԸ
Սեպտեբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի «Ազգերու լիկա»ի մրցաշարքին ընդառաջ, ստորեւ հայրենի հաւաքականին խաղերու ցուցակը:
7 Սեպտեմբեր՝ Հայաստան ընդ. Լաթվիա, ժամը 19։00
10 Սեպտեմբեր՝ Հիւսիսային Մակեդոնիա ընդ. Հայաստան, ժամը 21։45
10 Հոկտեմբեր՝ Ֆարօ կղզիներ ընդ. Հայաստան, ժամը 21։45
13 Հոկտեմբեր՝ Հայաստան ընդ. Հիւսիսային Մակեդոնիա, ժամը 19։00
14 Նոյեմբեր՝ Հայաստան ընդ. Ֆարօ կղզիներ, ժամը 19։00
17 Նոյեմբեր՝ Լաթվիա ընդ. Հայաստան, ժամը 16։00:
(Նշուած ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով են)
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը «Ազգերու լիկա»ի մրցաշարքին ընդգրկուած է C «լիկա»ի C4 խումբին մէջ՝ Ֆարօ կղզիներու, Հիւսիսային Մակեդոնիայի եւ Լաթվիայի հաւաքականներուն հետ։
ԵՈՒՐԻԿ ՀՈՎԷԵԱՆԸ ՅԱՂԹԵՑ ԹՈՒՐՔ ՄՐՑԱԿԻՑԻՆ
Սպանիոյ մէջ կայացած մինչեւ 20 տարեկան աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրէն ներս, այսօր յայտնի դարձաւ պրոնզէ մետալակիրին անունը: Արդարեւ, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Եուրիկ Հովէեանը 63 քկ քաշային կարգի մենամարտով 2-1 արդիւնքով առաւելութեան հասնելով թուրք մրցակիցին նկատմամբ, դարձաւ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Աւելի առաջ, 72 քկ Աշոտ Խաչատրեանը յաղթած էր ատրպէյճանցի մրցակիցին, ստանալով աւարտական մրցումին մասնակցելու իրաւունքը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏՂՈՑ ԵՒ ԿԱՆԱՆՑ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՏԱՍՆԵԱԿԸ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակած է ճատրակի տղամարդոց եւ կանանց 10 լաւագոյններուն ցուցակը, 2024 թուականի Սեպտեմբեր 1-ի դրութեամբ:
ՏՂՈՑ «TOP 10»-Ը
Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արամ Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Կարէն Գրիգորեան
ԿԱՆԱՆՑ «TOP 10»-Ը
Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան, Մարիա Գէորգեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Փոլինա Քոպաք, Աննա Խաչատրեան, Մարիամ Աւետիսեան, Անի Աւետիսեան
ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԷԹԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Այս օրերուն Յորդանանի մէջ տեղի կ’ունենան պասքէթպոլի մինչեւ 18 տարեկան տղաներու Ասիոյ ախոյեանութիւնը:
Լիբանան մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ուր կ’ընդգրկուին նաեւ Աւստրալիոյ, Մոնկոլիայի եւ Թայուանի կազմերը:
2 Սեպտեմբերին կայացած առաջին մրցումին, Լիբանան 97 – 75 արդիւնքով յաղթած էր Թայուանին:
Այսօրուան՝ Աւստարլիոյ հաւաքականին դէմ մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի պատանիներուն պարտութեամբ՝ 46 – 78 արդիւնքով:
Լիբանան իր երրորդ մրցապայքարը պիտի կատարէ վաղը կէսօրէ ետք ժամը 2-ին Մոնկոլիայի դէմ:
ՌՈՆԱԼՏՕ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սէուտական «Նասր» խումբի յառաջապահ, 39-ամեայ Քրիսթիան Ռոնալտօն Փորթուկալի ազգային հաւաքականին մաս կազմելու հրաւէր ստացաւ՝ Աշխարհի ախոյեանութեան նախնական փուլի Խրուաթիոյ եւ Սկովտիոյ դէմ մրցումներուն մասնակցելու համար:
Հանդիպումները պիտի կայանան համապատասխանաբար 5 եւ 8 Սեպտեմբերին, Փորթուկալի մէջ:
Ի բացառեալ Ժուաու Քէնսըլոյէն եւ Փէփէէն, Փորթուկալի հաւաքականի կազմը գրեթէ նոյնն է, ինչ որ 2024-ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն՝ Եւրոպայի ախոյեանական խաղերուն: Ռոնալտոյի հետ հաւաքականէն հրաւէր ստացած են ֆութպոլիստներ՝ Քոսթա (բերդապահ), Տիազ, Մենտեզ, Վիթինիա, Փալինիա, Ֆերնանտեզ, Պ. Սիլվա եւ Լէաու:
Ըստ երեւոյթին, Փորթուկալի հաւաքականի կազմին հետ մրցանիշներ սահմանելու առիթները աւելի հրապուրիչ են համաշխարհային աստղին համար: Տակաւին այս երազները կը փայփայեն նաեւ հաւաքականի մարզիչները, առիթ տալով «թիւ 7»-ին նոր մրցանիշ մը ապահովելու 2026-ի Աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին:
Ռոնալտօն պիտի կարենա՞յ այդ երազները իրականացնել, թէ՞ դարձեալ պաստառներուն դիմաց պիտի հոսեցնէ արցունքի կաթիլներ: