Սանճագի եւ Քեսապի փրկարար
Լիբանան վերադարձի ճամբուն վրայ, 1938-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Հոգեւոր Տէրը կ՚այցելէ Փարիզ, ֆրանսական իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Սանճագի պարպումի խնդրին վրայ, նկատելով որ Լիբանան դեռ եւս կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ։ Ան կը յաջողի Սանճագի հայութեան, ի հարկին, Լիբանան հիւրընկալումը ապահովել եւ անձամբ կը հետեւի տեղահան հայութեան Լիբանան տեղաւորումին։ Այնուհետեւ, Աղաճանեանին եւ անոր միջոցաւ նաեւ Վատիկանին կողմէ ֆրանսական պետութեան մօտ կատարուած միջամտութիւններուն շնորհիւ է որ Քեսապն ու շրջակայքի գիւղերը կը պահպանուին Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։ Այս կերպով կը խնայուի Քեսապի հայութեան տարագրութեան աղէտը։
1939-ի Յունիսին երբ պաշտօնական կերպով կը ստորագրուի համաձայնագիրը Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ, Քեսապի շրջանը կ՚անջատուի նախ Սանճագէն, կը կապուի Լաթաքիոյ նահանգին եւ թուրք բանակայիններն նոյն տարուան Յուլիսին կը հեռանան Քեսապէն եւ շրջակայքի հայ գիւղերէն։
Հայր Մեսրսպ վարդապետ Ճուրեանի (քեսապցի) վկայութիւնը («Աւետիք» 1995, Մայիս-Օգոստոս).- «Քեսապին փրկութիւնն աղէտէն՝ արժանիքն է Աղաճանեան կաթողիկոսին, որ շնորհիւ իր վայելած վարկին եւ համարմունքին, շնորհիւ մանաւանդ իր կորովի կեցուածքին որ մերժեց համակերպիլ, գտաւ աջակիցներ իր ծառայութեան ի սպաս հայ ժողովուրդի մէկ բեկորին, յաջողութեամբ պսակելու համար իր մտքին ու սրտին վեհ առաջադրանքը. փրկել Քեսապը, փրկել քեսապցիները տեղահանութեան չարչարանքի ճանապարհէն։ Օր մը պատմութիւնը պիտի տայ իր վկայութիւնները, երբ դիւաններն ըլլան մատչելի որոնելու եւ հրատարակելու համար փաստաթուղթերը»։
Առաջին յուշակոթողը Սփիւռքի մէջ
Ընտրութենէն երկու տարի ետք, 1939-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքը Ապրիլեան Նահատակներուն յուշակոթող մը կը կանգնեցնէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ: Ասիկա կ՚ըլլայ Սփիւռքի մէջ կանգնեցուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը, որուն բացման եւ օրհնութեան օրը արտասանած պատգամին մէջ, Հայրապետը կը բացատրէ կոթողին խորհրդանշական իմաստը. «Սիւնը կը խորհրդանշէ մեր ազգը, հայրենի աշխարհը, որուն փուշերն անգամ մեզի համար վարդեր են, որուն կարօտը կը մաշէ մեր հոգին։ Կոտրուած է սիւնը, բեկած եւ աւերուած կ’երեւի մեզի. այդ է ստուգիւ մեր վիճակը, ցանուցիր եղած ի սփիւռս աշխարհի, վտարանդի եւ պանդուխտ…, սակայն կանգուն է ան, որովհետեւ հրաժարած չէ կեանքի պայքարէն, ինքնապահպանումի ոգորումէն, իր բնատոհմիկ բարձր գաղափարականներէն։ Սբ. Խաչը՝ յոյս եւ փրկութիւն ազգի մարդկան, կ’իշխէ սիւնին վրայ՝ իր արմատները խրելով ազգիս սրտին մէջ. այդ խաչը կը խորհրդանշէ անշրջանցելի յոյսը լաւագոյն օրերու։ Սբ. Խաչը կը կանգնի իբր յուսադրիչ երեւոյթ` որ կը մատնանշէ թէ ինչպէ՛ս մռայլ գիշերին կը յաջորդէ պայծառ արշալոյս մը, տաժան վերելքի մը կը դիպի փառապսակ բարձունք մը, այսպէս ալ Խաչն ու Խաչելութիւնը իր հետ պիտի բերէ յարութեան մը փառապսակը»։
Միեւնոյն տարին, ան կը հաստատէ Սբ. Գրիգոր Լոսաւորիչ ճեմարանի շրջափակին մէջ Սգատօն կատարելու աւանդութիւնը, 7000 հանդիսականներու ներկայութեան։
1947-ի Յունուարին ան շրջաբերական թուղթով մը կը ծանուցէ «ՄԱՍԻՍ»ի հրատարակութիւնը։ «ՄԱՍԻՍ,- կը գրէ ան,- իր անունով իսկ մեր ժողովուրդին եւ բոլոր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պիտի պահէ մեր հայրենի գաւառներուն եւ ձիւնաթոյր կատարներուն, որոնց եթէ վայելումը տակաւին անմատչելի է մեզի, աւելի զօրաւոր պիտի մնան սէրն ու կարօտը։ Սակայն, այդ պիտի չկասեցնէ զինք քննադատելէ ի սէր ճշմարտութեան եւ աստուածապարգեւ ազատութեան, հայրենի աշխարհին մէջ երեւան եկած ինչ-ինչ օտարամուտ սխալ գաղափարախօսութիւններ:
«Այս հոգւով կը կերտուին ու կը զարգանան աշխարհի մեծագոյն ազգերը»։
Շինարար հովուապետը
Լիբանան հաստատուած տառապահար հաւատացեալ բեկորներուն կարիքներուն հասնելու միտող ծրագրերուն եւ անոնց հանդէպ իր սիրոյն եւ հոգատարութեան վկայութիւնները բազմաթիւ են։
1939-ին Պուրճ Համուտի մէջ կը բարձրանայ Մեսրոպեան վարժարանը եւ կ՚ընդարձակուի Սրբուհի Ագնէս վարժարանը, «որոնք իսկական օրհնութիւն մը կ’ըլլան հայաբնակ հոծ թաղերուն համար», ինչպէս կ՚ըսէ Հայրապետը (Ձայն Հովուական էջ 25)։ 1947-ին կ’իրագործուի Զմմառու մէջ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Ամառնային Տուն մը կառուցանելու Հայրապետին ծրագիրը։ Յաջորդ տարին, կ՚իրականանայ նաեւ Ամառնային Տան կից աղջկանց որբանոց մը կառուցանելու ծրագիրը։ Հայրապետին վախճանումէն ետք, Պաթանեան կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ, Այնճարի մէջ Աղաճանեան Սանուց Տան կառուցումն ալ պսակումն է Աղաճանեան կաթողիկոսի բաղձանքին ու ծրագրին։ Արդարեւ, երջանկայիշատակ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. այս ծրագիրը իրականացնելու գաղափարը կը յղանայ 1967-ին, Կարտինալ Աղաճանեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով, յաւերժացնելու համար անոր լուսապայծառ յիշատակը։ Տարի մը ետք, կը կատարուի նախ իբրեւ «Աղաճանեան Որբանոց» անուամբ ճանչցուած, ապա «Կարդինալ Աղաճանեան Սանուց Տուն» մկրտուած հաստատութեան հիմնարկէքը իր ժամանակաւոր կեդրոնին՝ Զմմառեան «Սուրբ Պօղոս Ճեմարան»ին մէջ, Տըքուէնի, Սին էլ Ֆիլի մայրուղիին վրայ։ Չորս տարի ետք, 1968-ի Դեկտեմբեր 15-ին, Պաթանեան կաթողիկոս մեծաշուք հանդիսութեամբ մը կը կատարէ բացումը «Աղաճանեան Սանուց Տուն»ին, Այնճարի նորակերտ կառոյցին, ուր Տըքուէնիի իրենց ժամանակաւոր բնակավայրէն կը փոխադրուին 60 սաները։
40-ական թուականներուն, Աղաճանեան կաթողիկոս կառուցանել կու տայ Զմմառու կաթողիկոսական Միաբանութեան նոր շէնքը, Ճունիի մէջ։ 1963-ին, դարձեալ Աղաճանեան հայրապետին նախաձեռնութեամբ դպրեվանքին համար կը կառուցուի նոր շէնք մը` Զմմառ, ի յիշատակ իր մօր՝ Իսկուհի Սարուխանեանին։
1953-ի Յունիս 5-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. օծումը կը կատարէ Պուրճ Համուտի նորակառոյց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ։ Երկու օր ետք, տեղի կ՚ունենայ եկեղեցւոյ բացումը ի ներկայութեան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Քամիլ Շամունի։
1959-ի Յունուարի 4-ին, Աղաճանեան Հայրապետը կը կատարէ օծումը կաթողիկոսական թեմի Աթոռանիստ եկեղեցիին, յաջորդ օրը՝ հանդիսաւոր բացումը ի ներկայութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապի։
Սարգիս Նաճարեանի «Երանացման ճանապարհին» գիրքէն
(Շարունակելի 1)