Համարեա իւրաքանչիւր գիտակից, իրատես ու շրջահայեաց հայորդի կ’անդրադառնայ կամ կը համոզուի, թէ ատերկրի մէջ կը տիրէ շփոթ մը, այլեւ անտիրութիւն մը, անիշխանութիւն մը, որ, իրաւա՛մբ, հասած է մտահոգիչ տարողութիւններու։
Կարելի՞ է ըսել կամ թուել, թէ սփիւռքահայ իրականութենէն ներս ո՛ր մարզը չի տառապիր ղեկավարող առողջ մարդուժի պակասէն, գոհացուցիչ եկամուտներու անգոյութենէն, արդիական միջոցներու անբաւարարութենէն:
Հարցը քննադատաբար դնելու դիտաւորութիւն չկայ, այլ՝ առարկայականօրէն, որովհետեւ ախտաւորումը ամէնուրեք է, ախտաճանաչումը՝ յստակ, իսկ ախտաբուժո՞ւմը՝ հարցական, այնքան ատեն որ թմրած ուղեղներ, ժամանակավրէպ միջոցներ, անպատասխանատու արարքներ եւ անտարբեր հայեացքներ ոչ միայն կը մնան ի qoրու, այլեւ՝ ի պատուի:
Այն դրականն ալ, որ կը կատարուի, գերագոյն ճիգով մը Սփիւռքը ոտքի պահելու (թերեւս աւելի ճիշդ՝ քարշ տալու), յաճախ կը խափանուի կամ կը չէզոքացուի անհեռատես ու կարճատես միջոցառումներով, կարկտան կամ հնամենի ձեւերով, ու մանաւանդ՝ սոսկական ու պարագայական տարրերով։
Կը բաւէ մեր չորսդին աչք նետել՝ տեսնելու եւ զգալու այն ահաւոր պարապութիւնը որ սկսած է շրջապատել ու ճնշել մեր իրականութեան, մինչ առաջքը առնելու հնարքները կը մնան անգոյ, անհետեւանք եւ անազդու, միանգամայն: Կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կրթարաններ, հաւաքականութիւններ կը նօսրանան, կը թուլնան, կ’աղաւաղուին, կը դիմափոխուին ու կը խորթանան, որովհետեւ այլասերումը, քաղքենիացումը, օտարումը ու կապկումը բոյն դրած են այս իրականութենէն ներս: Յամենայնդէպս, մեր գոյութեան կռուանները չեն կրնար շարունակել նման վերաբերմունքով, ինքնահոսութեամբ ու ձեւաշեղումով եւ դառնալ մեր լինելութեան առաջնորդները, երբ կը պակսին խելամիտ, անշահախնդիր ու պարկեշտ կողմերը անոնց բաղկացուցիչ մասերուն:
Այսօր, նոյնքան հրատապութեան անյետաձգելի օրակարգ մըն է հայ մամուլը, հայ թերթը, որ եթէ կ’ապրի բարեկարգում մը, փոխակերպում մը՝ գէթ աւելի քան կիսաընդունելի չափանիշերով, ապա նաեւ կ’արձանագրէ տագնապեցուցիչ տատանում մը, խարխափում մը, անորոշում մը, ի տես մէկ կողմէն՝ իր մարդուժային կարողութիւններու բացակայութեան (թէ՞ խուսափելիութեան), իսկ միւս կողմէն՝ նիւթական եկամուտներու հայթայթման սահմանափակութեան։
Ասիկա այն մամուլն է, որ Թիֆլիսէն ու Կ. Պոլիսէն սկսած այնքան կարեւոր եւ հիմնարար դեր մը կատարած է հայապահպանումի ու հայակերտումի տեսակէտին, եւ դարձած է ԼՈՒՍԱՏՈՒ ԴՊՐՈՑ, իսկ յետեղեռնեան շրջանին, գաղթաշխարհի մէջ վերածուած ՅՈՒՍԱՏՈՒ ԴԱՐԲՆՈՑի, ի խնդիր` մնացորդացի զարթօնքին ու զարգացումին:
Ներկայիս, սակայն, եթէ ոմանք տակաւին կը կարծեն թէ հայ թերթը ունի ընելիք մը, կոչուած է առաքելութեան մը, ազգային հիմունքներով (բարեբախտաբար կան այդպիսիներ), ապա՝ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք անտարբերութեամբ կը վերաբերին անոր հետ, թերեւս ալ՝ անիմաստ գտնելով զայն (դժբախտաբար կան նաեւ այդպիսիներ):
Եթէ զանց ընենք այս երկրորդ կողմի ունայնամիտները, ինքնըստինքեան հարց է, թէ առաջին կողմը ի՞նչ կ’ընէ հայ թերթի պահպանութեան հարցով (խօսքը չի վերաբերիր լոկ նիւթականին, թէեւ այդ մէկը հիմնական ազդակ մըն է):
Կը բաւե՞ն տեղի-անտեղի քննադատութիւնները, օգուտ ունի՞ն խայտաբղէտ պահանջքները, ինչի՞ կը ծառայեն ոտնձգութիւններն ու միջամտութիւնները, երբ չկան գործնամիտ հնարքները, ազնիւ մօտեցումները, ծրագրային նախագիծերը, մարդուժ պատրաստելու նախաձեռնութիւնները, վարձատրական արժեւորումները, եւ ամէնէն կարեւորը, տնտեսութիւն ապահովելու լծակները:
Իսկ ովքե՞ր պիտի ընեն այս բոլորը, ովքե՞ր պիտի ձեռնարկեն այս տնօրինումներուն, բնական է, բոլոր անոնք՝ որոնք հայ թերթ հրատարակելու պատասխանատուութիւն ունին, աւանդութեան կը հետեւին, կը հաւատան անոր նուիրականութեան:
Զարմանալին այն է, որ անհատական նախաձեռնութիւններով լոյս տեսնող թերթերը աւելի քիչ տագնապներ ունին, քան հաւաքական պատկանելիութիւններով, երբ ճիշդ հակառակը կը կարծուէր:
Եթէ այս է մերկ իրականութիւնը, ապա կը նշանակէ, թէ ինչ որ տեղ անհաշտ եւ անհամատեղելի (ան)գործընթաց մը կայ, որ պէտք է վերատեսել, սրբագրել, պայմանաւ որ անիկա չըլլայ կամայականօրէն, պատեհապաշտօրէն, իսկ անոր տնօրինման համար ներգրաւուին մասնագէտներ, արժանաւորներ ու լայնախոհներ:
Ո՛չ մէկ կասկած, որ հայ թերթերը նուազ յաճախականութեամբ կը գոհացնեն ընթերցողներու թիւ մը, բայց նաեւ, ոչ մէկ կասկած, որ անոնք յագուրդ կու տան ընթերցողներու այլ թեւի մը (հոս չենք խօսիր երրորդ հատուածին մասին որ հայ թերթէն հեռու է):
Բայց պիտի ընդունի՞լ թէ ոչ, որ հայ թերթերը առաւել կամ նուազ ճիգերով, փորձերով եւ օրինակներով, հետամուտ են իրենց բովանդակութեան տալու այժմէականութիւն՝ համապատասխան ներմուծումներով ու նորարարութիւններով, որոնք թէկուզ չըլլալով իտէալական, չեն նաեւ արհամարհելի։ Մանաւանդ օրաթերթերը, այս առումով, կը գտնուին աւելի յանձնառու վիճակի մը մէջ, ինչ որ կ’ենթադրէ յատուկ քաղաքականութեան մը որդեգրումը, զանոնք պահելու պատնէշի վրայ: Սակայն, մինչեւ այդ մասին մտորելը, անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ հայ թերթի ոդիսականին, երկունքին ու գոյերթին:
Պարոյր Յ. Աղպաշեանի «Ազգային հրատապ հիմնահարցեր (Մամուլ, լեզու, դպրոց-ուսուցչութիւն, մտաւորականութիւն)» հատորէն, Պէյրութ – 2020