Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՐՔԻ ԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ (ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ)

September 4, 2024
in Մշակութային
0
ԿՈՐՔԻ ԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ  (ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ)

«Իրարմէ կը պժգային», կը գրէ Սփենտըր:

Նոյն խառնուածքն ու ըմբռնումը չունէին։ Արմատներուն հետ իրենց յարաբերութիւնը տարբեր էր եւ իրենց փարումը անոնց՝ նոյնքան բուռն: Կորքիի համար ասպարէզ եւ արմատ-ներպատկանելիութիւն իրարմէ տարբեր բաներ էին, Սարոյեանի համար՝ անոնք միասին կը գործէին։

Սփենտըր կը շարունակէ, թէ Սարոյեան, որ մօտիկ բարեկամն էր Կորքիի զարմուհիին՝ Կէյլ Սարգիսեանին, ասոր ըսած է, որ Կորքի երբեք իր անունը պէտք չէր փոխեր կամ ինքզինքը ռուս, «կովկասցի» կամ ուրիշ ձեւացնէր, այլ՝ հայ մնար եւ անով՝ հպարտ, որովհետեւ իր եւ Կորքիի նման յաջողութիւն գտած արուեստագէտներ, Ամերիկա ապրող բոլոր հայերուն աւելի կարելիութիւն պիտի տային իրենց գլուխը բարձր բռնելու:

Կորքի ճիշդ հակառակը կը մտածէր: Իրեն համար, Սարոյեանը «ասպարէզ» մը կերտած էր իր հայ ըլլալը օգտագործելով: «Ասիկա աւելի գէշ էր, քան ինքնիր կեղծ չափանիշերը աշխարհին պարտադրելը։ Ասիկա գողութեան նման բան մըն էր»։

Դիպուա՞ծ, զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ նախախնամական փոքր արարք:

1970-ի ամառը Պէյրութ վերադարձած էի, Վենետիկ գեղարուեստական դասընթացքներս աւարտելէ եւ Կորքիի մասին աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք: Տակաւին խարխափումներու սկզբնական շրջանի մը մէջ գտնուելով հանդերձ, տարի մը ետք որոշած էի Կորքիի մասին հայերէնով գիրք մը գրել (թերեւս ըսուի՝ «ի՜նչ համարձակութիւն»…), հիմնուելով նախապէս տարած աշխատանքիս վրայ, ինչպէս եւ երկու վերջնագոյն հրատարակութիւններու. մէկը՝ Կորքիի արուեստավաճառին, Ճուլիըն Լիվիի իրեն նուիրած առատ եւ լաւ տպուած վերատպութիւններով ճոխացած մենագրութիւնը, իսկ միւսը՝ Քարլէն Մուրատեանի կողմէ խմբագրուած «Արարատ»ի յատուկ թիւը: Լիվիի հատորը գտած էի Հայկազեան գոլէճի գրադարանին մէջ. հոն է, որ կ’երթայի զայն աչքի տակ ունենալու համար:

1972-ի ամռան սկիզբը, Սարոյեան Հայկազեան գոլէճին կողմէ Պէյրութ հրաւիրուած էր: «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթի խմբագրութիւնը որոշած էր հետը հարցազրոյց մը կազմակերպել: Ան տեղի պիտի ունենար յետմիջօրէի մը, Գոլէճի հայկական բաժնի գրադարանին մէջ: Երբ Սարոյեանի ժամանման պահը մօտեցաւ, գրադարանը պարպուեցաւ ուսանողներէն ու մնաց միայն զինք դիմաւորողներու խումբը: Երկար սեղաններէն մէկուն անկիւնին կ՚աշխատէի, առանձին, Լիվիի գիրքը աչքիս տակ: Սարոյեան հասաւ: Ներկաները շուրջը հաւաքուեցան: Յանկարծ՝ տեսնելով, թէ ես տեղէս չեմ շարժած եւ գլուխս հակած՝ առանց իր կողմը նայելու կ’աշխատիմ, Սարոյեան (թերեւս մտածելով, թէ ո՞վ է այս Դիոգինէսը, որ կը յանդգնի…) ըսաւ, թէ «ո՞վ է ան» եւ նոյն ատեն քովս եկաւ: Տեսաւ գիրքը ու գաղափարիս մասին տեղեկացաւ (հաւանաբար միտքէն չէր անցըներ, որ Պէյրութի մէկ անկիւնը Կորքիի արուեստը աշխատասիրողի մը պիտի հանդիպէր)։ Իրմէ երկու նախադասութիւն կը յիշեմ. գիրքը թերթատելով, խոր ձայնով եւ զուսպ ու յարգալիր եղանակով ըսաւ, թէ Կորքին մեծ նկարիչ է եւ թէ ինք կը ճանչնայ Քարլէն Մուրատեանը: Լուսանկար մը այդ պահը արձանագրեց:

Ինչպէ՞ս կռահէի, թէ Սարոյեան եւ Կորքի իրարու չէին հանդուրժած ատենին։ Կորքի լքած էր աշխարհը թերեւս առանց իր մօտեցումը փոխած ըլլալու Սարոյեանի նկատմամբ։ Կ՚ենթադրեմ, որ նոյնը չէր Սարոյեանի պարագան, որովհետեւ տարիներու երկայնքին տեսած էր, որ Կորքի, հակառակ իր անունին փոփոխութեան եւ ինքնութեան քօղարկումին, հայ հասարակութեան յետմահու կը շնորհէր այն՝ ինչ որ Սարոյեան ատենին փափաքած էր եւ այդ ուղղութեամբ Կորքին քննադատած:

Ալեքսան Պէրէճիքլեան «Արուեստի ուղիներով» Անթիլիաս 2011:

 

Share79Tweet50
Previous Post

ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

Next Post

ՀԱՅ ԹԵՐԹԻՆ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀԱՅ ԹԵՐԹԻՆ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅ ԹԵՐԹԻՆ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.