Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

September 4, 2024
in Մշակութային
0
ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

 

Պատանեկութեանս օրերն էին. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը։ Այդ շրջանին, կարելի չէր որեւէ ծրագիր կամ գործունէութիւն իրագործել, որովհետեւ շատ հաւանական էր, որ անաւարտ պիտի մնար։ Ռմբակոծումը կրնար անակնկալօրէն ինքզինք պարտադրել ամէնուրեք։

Գիրք կարդալը հիմնական զբաղումներէս կամ կրնամ ըսել «սփոփանքներէս» մէկն էր. բարեբախտաբար՝ ոչ միայն իմ: Գրեթէ ամէն տուն գրադարան ունէր, որ տան զարդն էր եւ կարեւոր մէկ մասը տան կահաւորման։ Հօրս տան մէջն ալ, նրբանցքին մէկ կողմը, զետեղուած էր գրադարան մը, ուր կարելի էր գտնել հաստափոր ու մանրակազմ գիրքեր։ Գրական, գիտական, փիլիսոփայական եւ այլազան նիւթերով հարուստ գիրքեր։ Վարի բաժինը կար երազահան մը եւ տարբեր լեզուներով բառարաններ։ Յարկ մըն ալ վերապահուած էր «Բժիշկ» ամսագիրին, որ այդ շրջանին լոյս կը տեսնէր Լիբանանի մէջ։ Այս գիրքերը իրար հրմշտկելով՝ կարծես կ՛ուզէին իրենց արդար տեղը ապահովել այդ գրադարանին մէջ։ Տան մէջ անկիւն մըն էր, բայց ամբողջ ներաշխարհ մը կը պարփակէր իր մէջ։

Այդ տարիներուն, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճի ուսանողուհի էի։ Գոլէճը կը գտնուէր Ս․ Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Զբօսանքի ժամերուն, գաղտնաբար կ՛իջնէինք եկեղեցւոյ ետեւի կողմը գտնուող աստիճաններէն վար, որ Զոքաք էլ Պլաթի կողմը կը նայի եւ կ՛ուղղուէինք դէպի ճամբուն վրայ գտնուող գրադարանը։ Գիրքեր կը գնէիք կամ կը վարձէինք եւ կը փոխանակէինք դասընկեր-դասընկերուհիներու հետ։ Յափշտակութեամբ կը կարդայինք Րաֆֆիի, Համաստեղի, Գրիգոր Զոհրապի եւ գրական այլ ժանրերու պատկանող գիրքեր։ Գիրք կարդալու խանդավառութիւնը վարակիչ էր։ Տարեդարձներու առիթով՝ նուէրները յաճախ գիրքեր կ՛ըլլային։

Այդ օրերուն համացանց գոյութիւն չունէր, կեանքը համրընթաց էր, բայց հաճելի օրեր էին․․․

Այսօր գիրքը իր երբեմնի «հմայքը» կորսնցուցած ըլլալով՝ մէկդի կը դրուի, ինչպէս տան մէջ անհրաժեշտ չեղող իրերը, ապա կ՛ենթարկուին իրենց վիճակուած ճակատագիրին։

«Ո՞վ գիրք պիտի կարդայ»:

Ընկերային ցանցերը ՝ ճիշդ կամ սխալ տեղեկութիւններով ողողած են աշխարհը։ Կարեւոր է լաւատեղեակ եւ ճիշդ աղբիւրներէ օգտուիլ։ Գետ մը երբ յորդի, աւերածութիւններ կը կատարէ չորս դին։ Ընկերային ցանցերն ալ իրենց ապատեղեկութիւններով կը յորդին եւ մեր կեդրոնացումը կը շեղեն իրականութենէն։

Եկէ՛ք գիրք կարդանք, որպէսզի շինիչ գաղափարներով զիրար ոգեւորենք եւ ներշնչենք։ Ամրապնդենք մեր կեանքը ճիշդ գիտելիքներով։ Գիրք կարդալը արուեստ է։ Գեղանկարիչ մը երբ պատկեր մը կը գծագրէ, արտաքին աշխարհը կը միախառնէ իր ներաշխարհին։ Գիրք կարդալն ալ եւ զայն լաւ ձեւով ըմբոշխնելը արուեստ մըն է, որ մեր ներքին աշխարհը կը միաձուլէ արտաքինին եւ մեզ կը տանի դէպի հեռաւոր հորիզոններ․․․

Գիրք մը մեր ներաշխարհը կերպարանափոխելու ալ յատկութիւնը ունի։ Կրնայ իբրեւ ուղեցոյց ծառայել։ «Բուժում» մըն է օրուան տաղտուկներէն հեռանալու։ Վերջապէս, գիտելիք ամբարելու գլխաւոր երաշխիքներէն մէկն է գիրք կարդալը։

«Ո՞վ գիրք պիտի կարդայ»:

Ըստ իս, գիրքը տակաւին իր արժանաւոր տեղը կը գրաւէ մարդկայն կեանքին մէջ։

Եկէ՛ք գիրք կարդանք, մանաւանդ հայերէն գիրք։

 

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Share79Tweet50
Previous Post

ԻՐԱՆ ԻՐ ԲՈՂՈՔԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ» ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Next Post

ԿՈՐՔԻ ԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ (ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ)

Next Post
ԿՈՐՔԻ ԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ  (ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ)

ԿՈՐՔԻ ԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ (ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ՄԸ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.