Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ ԻՐ ԲՈՂՈՔԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ» ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

September 4, 2024
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆ ԻՐ ԲՈՂՈՔԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ» ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

 

Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Թեհրանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը կանչած է հանդիպման՝ ի պատասխան Մոսկուայի վերջերս ցուցաբերած աջակցութեան միջանցքին, որով Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով պիտի կապուի Նախիջեւանին: Ան յայտնած է, որ Թեհրանը դէմ է տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան։
Իրանի արտաքին գործերու նախարարի օգնական, Եւրասիոյ հարցերով գլխաւոր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրչիլուն իր բողոքը յայտնած է «Զանգեզուրի միջանցքին» Ռուսաստանի աջակցութեան դէմ:

Տեմիրչիլուն Իրանի անունով աջակցութիւն յայտնած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական ստաթուս քօ-ի որեւէ փոփոխութեան:

Թեհրանի մէջ ՌԴ դեսպան Ալեքսէյ Տետովի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծած են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն ու օրինական մտահոգութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը։

Դիւանագէտները միտքեր փոխանակած են Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ եւ նշած ազգային ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկիրներու փոխադարձ շահերու յարգման կարեւորութիւնը, որոնք, ըստ անոնց, կ’երաշխաւորեն կայուն խաղաղութիւնն ու տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։

Տեմիրչիլուն եւ Տետովը ընդգծած են նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու ներուժը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը խնդիրներու լուծման համար, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ամրապնդման ու տնտեսական ծրագրերու իրականացման աջակցութիւնը՝ հաշուի առնելով բոլոր կողմերուն շահերը։

Անոնք քննարկած են յառաջիկայ հանդիպումը «3+3» խորհրդատուական ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ, որուն մէջ կը ներառուին հարավային Կովկասի երեք երկիրներ՝ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը։ Ձեւաչափը կը դիտարկէ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման հարցերը։

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՔՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ Է՝ ԵՐԵՒԱՆԸ «ՈՒԺԳԻՆ ԿԸ ԶԻՆՈՒԻ»

Next Post

ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

Next Post
ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

ԵԿԷ՛Ք ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱՆՔ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԱՅԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.