Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒԸ

September 4, 2024
in Այլազան
0
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒԸ

Բարեւը սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւնն է։

Սկաուտը իր աստիճանաւորները, նմանները, բարձր աստիճանաւորները, կղերականները, ինչպէս նաեւ դրօշակներն ու քայլերգները կը պատուէ ի՛ր բարեւով:

Բարեւը կը տրուի աջ ձեռքով, ափը դէպի դուրս դարձուցած, ցուցամատը, միջնեմատը եւ մատնեմատը՝ բարձր դէպի վեր, իսկ բթամատը ճկոյթին վրայ դրուած:

 

Բարեւին նշանակութիւնը

Երեք մատները կը խորհրդանշեն երդման գլխաւոր 3 յօդուածները՝

Ա- Հաւատարմութիւն Աստուծոյ եւ Հայրենիքին:

Բ- Օգնութիւն նմանին։

Գ- Հնազանդութիւն Հայ Սկաուտի դաւանանքին։

 

Կը խորհրդանշեն նաեւ սկաուտին 3 սկզբունքները՝

Ա- Անկեղծութիւն

Բ- Մաքրութիւն

Գ- Նուիրում։

 

Բթամատը ճկոյթին վրայ դարձած ըլլալը կը խորհրդանշէ մեծին հսկողութիւնը փոքրին վրայ, իսկ փոքրին հնազանդութիւնը մեծին:

 

Բարեւին տեսակները

Հինգ տեսակ բարեւ կայ.

Ա- Կէս բարեւ:

Բ- Լման բարեւ:

Գ- Դէմքով բարեւ:

Դ- Գաւազանով բարեւ:

Ե- Ձեռք թօթուել:

 

ա- Կէս բարեւ – Կէս բարեւը կը փոխանակեն միեւնոյն աստիճանը կամ կարգը ունեցող սկաուտներ, երբ լման տարազ հագած չեն։

բ- Լման բարեւ – Լման կամ ամբողջական բարեւը կը տրուի աւելի բարձր աստիճանաւորներուն, կղերականներուն, բարձր անձնաւորութեանց, թաղմանական թափօրի, զինուորականներուն եւ վերջապէս քայլերգներու եւ դրօշակի արարողութեան պահուն:

գ- Դէմքով բարեւ – Դէմքով բարեւը կը տրուի այն պահուն, երբ ձեռքերը զբաղած են:

դ- Գաւազանով բարեւ – Գաւազանով բարեւը կը տրուի, երբ սկաուտը իր ձեռքը գաւազան կը կրէ. այս պարագային, նկատի ունենալով որ գաւազանը աջ ձեռքը կը գտնուի, սկաուտը բարեւ տալու ժամանակ գաւազանը կը փոխանցէ ձախ ձեռքին՝ եւ ապա աջ ձեռքով կը բարեւէ՝ ափը դէպի կուրծքը տանելով. գաւազանը քիչ մը վեր բարձրացնելով՝ լման բարեւի համար, իսկ անշարժ պահելով կէս բարեւի համար։

ե- Ձեռք թօթուել – Սկաուտները իրար ձեռք կը թօթուեն ձախ ձեռքով, ցուցամատը դնելով ընկերոջ բազկերակին վրայ. այս ձեւը կը խորհրդանշէ երկուքին արենակցութիւնը եւ եղբայրութիւնը։ Ճկոյթը չ’անցնիր դիմացինին ճկոյթին. թիւրիմացութիւն է։ Ձախով ձեռք թօթուելէ ետք, սկաուտական բարեւը կու տանք աջ ձեռքով:

Ձախ ձեռքով տրուած բարեւի ծագումը սկաուտութեան մէջ՝ երկու պատմութիւն ունի.

 

Առաջինը այն է թէ ձախ ձեռքը սրտին ամենամօտիկն է, սակայն կայ նաեւ շատ աւելի հետաքրքրական դրուագ մը այս սովորութեան ետին, որ կու գայ Աշանթի ցեղախումբէն։ Երբ Պէյտըն Փաուըլ մուտք գործեց Քումասի, Աշանթիի մայրաքաղաքը, ան դիմաւորուեցաւ մարտիկ ցեղապետին կողմէ, որ բարեւելու համար Պէյտըն Փաուըլին երկնցուց իր ձախ ձեռքը։ Ան Պէյտըն Փաուըլին յայտնեց որ «Խիզախներէն ամենախիզախը միայն կը ձեռնուի ձախ ձեռքով»: Ձախ ձեռքով ձեռնուելու բացատրութիւնը այն է, որ մարտիկները իրենց ձախ ձեռքով կը բռնեն վահանը, մինչ աջ ձեռքով՝ նիզակը։ Հետեւաբար, այդ խիզախ մարտիկները՝ ցուցաբերելու համար որ կը վստահին իրենց դիմացինին, վար կը դնէին իրենց վահանները, կը հրաժարէին իրենց պաշտպանութենէն եւ կ՚ողջունէին իրենց ձախ ձեռքով:

 

Նազելի Էպէեան-Նալպանտեանի «Հայ սկաուտին ուղեցոյցը» գիրքէն, Պէյրութ 2015:

 

Share62Tweet39
Previous Post

100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

Next Post

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ. «ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԷ

Next Post
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ. «ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԷ

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ. «ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.