Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

September 4, 2024
in Յօդուածներ
0
100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

 

Ընթացիկ 2024 տարին մեզի կը յուշէ,- ի շարս երեւելի այլ դէմքերու,- ծննդեան 100-ամեակը հայ երաժշտութեան երկու հանրածանօթ անուններու` դասական մեներգչուհի Գոհար Գասպարեանի եւ ժողովրդային մեներգիչ Յովհաննէս Պատալեանի։ Երկուքն ալ ծնած են 1924-ին։

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը շա՛տ լաւ կը ճանչնայ այս անունները, որոնք մէկ-մէկ աստղեր դարձան երգարուեստի բնագաւառին մէջ այն օրէն ասդին` երբ սփիւռքեան իրենց ծննդավայրերէն ներգաղթեցին Հայաստան ու որոշեցին ապրիլ եւ ստեղծագործել հայրենի կտուրին տակ…

Արդարեւ, թէ՛ Գոհար Գասպարեան եւ թէ՛ Յովհաննէս Պատալեան սփիւռքահայեր էին։ Անոնք միացան հայրենադարձ կարաւաններուն 1947-48-ի մեծ ներգաղթի տարիներուն։

Գոհար եգիպտահայ էր, ծնած եւ ուսանած Գահիրէ։ Հասակ առած էր երաժշտասէր ընտանիքի մը յարկին տակ։ Երբ ոտքը դրաւ հայրենի հողին վրայ` գտաւ իր ձիրքերը կատարելագործելու լայն հնարաւորութիւններ ու շուտով հրաւիրուեցաւ որպէս մեներգչուհի Հայաստանի Օփերայի ու Պալէի Ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս։ Այս բեմը դարձաւ իր անկասելի վերելքին սանդղամատը…։ Բացառիկ ձայնով օժտուած ըլլալուն` Գոհար գլխաւոր դերեր ստանձնեց «Անոյշ», «Արշակ Բ.» , «Դաւիթ բէկ» օփերաներուն մէջ եւ այլուր։ Իր ձայնը հասցուց նաեւ արտասահման, ամէնուրեք հմայելով զինք ունկնդրողները։ Արտասահմանի հայերուս համար ան «Հայաստանի սոխակ»-ն էր…։ Երկար տասնամեակներ դասաւանդեց «Կոմիտաս» երաժշտանոցէն ներս եւ հասցուց մեծաթիւ որակեալ աշակերտներ։

Իսկ Պատալեան, որ ծնունդով պարսկահայ էր, Երեւանի «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանին մէջ մարզուելէ ետք նուիրուեցաւ ժողովրդային երաժշտութեան։  Դարձաւ երգահանդէսներու փնտռուած զարդը։ 80-ականներէն սկսեալ դասաւանդեց «Կոմիտաս» երաժշտանոցէն ներս։ Իր երգապնակները ձեռքէ-ձեռք խլուեցան սփիւռքեան գաղութներու մէջ ալ, ուր քանի մը սերունդ իր շրթներէն վար չառաւ անոր հանրածանօթ երգերը։ Եթէ մէկ կողմէ կը խանդավառուէինք Ատիսով ու Լեւոն Գաթըրճեանով, միւս կողմէ ալ հայրենաշունչ ապրումներու անձնատուր կ’ըլլայինք Պատալեա՛նը ունկնդրելով։

Գոհար Գասպարեան մահացաւ 2007-ին, իսկ Պատալեան կեանքին հրաժեշտ տուաւ աւելի առաջ` 2001-ին։

«Արարատ» յարգանքով կ’ոգեկոչէ հայ երգի այս զոյգ անունները ու կը խոնարհի անոնց մեծղի վաստակին ու անմնացորդ նուիրումին առջեւ։

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՎԱՇՏԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ (ԱՄՓՈՓ ՕՐԱԳԻՐ)

Next Post

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒԸ

Next Post
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒԸ

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.