Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՎԱՇՏԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ (ԱՄՓՈՓ ՕՐԱԳԻՐ)

September 4, 2024
in Գաղութային
0
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՎԱՇՏԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ  (ԱՄՓՈՓ ՕՐԱԳԻՐ)

 

Դամասկոսի ՀՄՄ-ի սկաուտները 23 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 2։30-ին, խանդավառ երգերով եւ կանչերով շարժեցան դէպի դէպի Քեսապ՝ Քջակի բանակավայրը՝ տարեկան բանակումի։ Արեւածագին հետ հասնելով բանակավայր, անմիջապէս կատարուեցան խմբակներու տեղաւորման, աշխատանքներու բաժանման, բնութեան եւ բանակավայրին հետ ծանօթացման միջոցառումները:

 

Երկրորդ օր՝ 24 Օգոստոս

Դամասկոսի սկաուտներուն առաջին պարտականութիւնը ՀՄՄ-ի գեղեցիկ եւ ուրոյն կայմի մը պատրաստութիւնն էր։ Յատակագիծը արդէն նախօրօք պատրաստուած էր, կը մնար զայն իրականացնելը: Արդարեւ, սկաուտական խումբի անդամներուն միասնական ջանքերով 2024-ի բանակումը խորհրդանշող կայմը պատրաստ էր:

Որմէ ետք, Հ.Մ.Մ.-ի արիները Քեսապի անուանի հրապարակը մեկնեցան, ուր շատեր իրենց անձնական կամ շատ մը փոքրերուն սկաուտ ծնողներէն պատմուած անցեալի յիշատակները վայելեցին ուրախ ժամանակ անցընելով:

Բանակավայր վերադարձէն ետք, խումբը սկսաւ գեղարուեստական յայտագրի պատրաստութեան։

 

Երրորդ օր՝ 25 Օգոստոս

Այսօր արշաւի օր էր: Վաշտը բաժնուեցաւ երկու մասի: Սկաուտներն ու արենուշները արշաւեցին դէպի Գարատուրան, իսկ Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի գայլիկներն ու արծուիկները այցելեցին Քեսապի եկեղեցիները: Շատ հետաքրքրական օր մը ամբողջացուցած ըլլալով, խումբերը թէեւ յոգնած, սակայն ուրախ տրամադրութեամբ վերամիացան ճաշի սեղանին շուրջ:

 

Չորրորդ օր՝ 26 Օգոստոս

Ինչպէ՞ս կարելի է բանակումի հասնիլ ու չբարձրանալ Չալմա լերը ու չխմել անոր ակին ջուրը: Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտները Երկուշաբթի արշաւեցին դէպի Չալմա։ Այնտեղ ճաշեցին եւ «թելեմաչ»ի խաղեր խաղցան։ Ապա, վերադառնալով բանակավայր, Հ.Մ.Մ.-ի ֆանֆարի անդամները կարգապահութեամբ փորձ կատարեցին Ուրբաթ օր բոլորին կողմէ սպասուած տողանցքին առ ի նախապատրաստութիւն:

 

Հինգերորդ օր՝ 27 Օգոստոս

Այսօրուան գլխաւոր ծրագիրը երկուքն էին. Քեսապի մէջ կատարուելիք տողանցքը եւ խարուկահանդէսի պատրաստութիւնը: Փողերախումբին զօրակոչի յատուկ «ռիթմ»երուն տակ սկաուտական խումբը՝ մեծէն մինչեւ փոքր անդամը, քանի մը անգամ տողանցեց բանակավայրին շուրջ:

 

Վեցերորդ օր՝ 28 Օգոստոս

Զուարճանալու եւ հանգիստի համար, Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտները ուղղուեցան դէպի «Ռաս պասիթ»ի ծովեզերք։ Վայելեցին բնութիւնը։ Լողացին, ճաշեցին, լաւ ժամանակ մը անցուցին։ Ապա, բանակավայր վերադառնալով, կրկնեցին ֆանֆարի փորձը եւ խարուկահանդէսի պատրաստութեան աշխատանքները։

 

Եօթներորդ օր՝ 29 Օգոստոս

Սկաուտական զանազան խաղերով, երգերով եւ ընդհանուր զարգացման գիտելիքներու փոխանցման ուրախ առաւօտ մըն էր: Կէսօրին խմբապետական կազմը գեղեցիկ անակնկալով մը Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտները հրաւիրեց հանրածանօթ «Անի» ճաշարան, ուր խանդավառ Հ.Մ.Մ.-ական արիները ճաշեցին ու հանգչեցան։ Բանակավայր վերադառնալով շարունակուեցաւ ֆանֆարի եւ խարուկահանդէսի պատրաստութեան փորձերը։

 

Ութերորդ օր՝ 30 Օգոստոս

Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի փառահեղ տողանցքը Քեսապի մէջ։

Երկար սպասուած այս հանդիսաւոր երթը սկիզբ առաւ Քջակի բանակավայրէն՝ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Մ.-ի դրօշներու առաջնորդութեամբ, փողերախումբին առնական ելոյթով, անցնելով Քեսապի հրապարակէն, հասնելու մինչեւ գիւղին կառավարական եւ քաղաքապետարանի կառոյցներուն շուրջը: Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի երթը ամէնուրեք ծափահարութիւններով եւ ցնծագին կոչերով կը դիմաւորուէր, հայ եւ տեղացի ժողովուրդը կը հետեւէր տողանցքին: Քանի մը մեթր հիւսիս գտնուող «դրացի»ն անգամ պիտի սարսռար այս թնդացնող քայլերթէն: Տողանցքը յաջողութեամբ պսակուած ըլլալու ոգեւորութեամբ, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտները անմիջապէս անցան խարուկահանդէսի կատարումին:

 

Խարուկահանդէս

Երեկոյեան ժամը 8։00-ին Քեսապի Քջակի բանակավարին մէջ տեղի ունեցաւ բանակումներու փակման հանդիսութիւնը խորհրդանշող խարուկահանդէսը: Տեղական հիւրերու, Դամասկոսի ղեկավարներու, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ իրագործուած հանդէսին ներկայացուեցան փունջ մը սկաուտական երգեր, պարեր, կանչեր, բուրգի կազմութիւն, արտասանութիւններ, «սքէչ»ներ։

Խարոյկը վարելու պատիւը տրուեցաւ Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի վեթերան ընկերներէն ընկ. Մովսէս Քիւրքճեանին եւ Յակոբ Սեֆերեանին։

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՔՈՊԱԽԻՁՆ ԵՒ ՊԱՊԻԿԵԱԸ ԸՆԴԳԾԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

Next Post
100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

100-ԱՄԵԱԿ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.