Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՈՐԵՒԷ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՈՒԺԵՂ ԵՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ»

September 4, 2024
in Հայաստան
0
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ՈՐԵՒԷ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՈՒԺԵՂ ԵՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ»

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ Հայաստանը մեղադրել սպառազինուելու մէջ՝ քօղարկելու իր սպառազինուելու հարցը: «Մեզ կը քննադատեն անոր համար, որ մենք, օրինակ, Ֆրանսայի հետ ունինք ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն, Հնդկաստանի հետ ունինք ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն: Ատրպէյճանի մէջ կայ հետեւեալ միտումը՝ կը խօսին, թէ արտատարածաշրջանային երկիրները կը զինեն Հայաստանը՝ նկատի ունենալով, օրինակ, Ֆրանսան: Բայց ակնյայտ է, հրապարակային է, որ Ատրպէյճանը, օրինակ, զէնք ձեռք կը բերէ Իտալիայէն: Ֆրանսայի կողքի երկիրն է, ինչո՞ւ Ատրպէյճանը կրնայ զէնք ձեռք բերել Իտալիայէն, Հայաստանը չի կրնար զէնք ձեռք բերել Ֆրանսայէն: Ատրպէյճանը զէնք ձեռք կը բերէ, օրինակ, Փաքիստանէն: Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը կրնայ զէնք ձեռք բերել Փաքիստանէն, Հայաստանը չի կրնար զէնք ձեռք բերել Հնդկաստանէն: Կ’ըսեն՝ ԵՄ-ն, Արեւմուտքը կը զինէ Հայաստանէ. Ատրպէյճանը զէնք ձեռք կը բերէ Սլովաքիայէն, Սերպիայէն, Պուլկարիայէն: ԵՄ-ի առնուազն 3 անդամ երկիրներ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ: Ատրպէյճանը ահռելի մեծ ծաւալի զէնք ձեռք կը բերէ Իսրայէլէն»,- ըսաւ Փաշինեան եւ յաւելեց, որ Հայաստանը ամէն օր այդ տուեալներուն մասին չի բարձրաձայներ, բայց այդ ամէնը գիտէ, կը ստանայ հետախուզական ճանապարհներով:  Վարչապետը նկատեց, որ կան անկախ փորձագէտներ, որոնք վերլուծական տեղեկանքներ գրելով կը պնդեն, որ Ատրպէյճանը այն մեղադրանքները՝ մասնաւորապէս Սահմանադրութեան եւ զէնքի ձեռքբերման մասով, որոնք կը ներկայացնէ Հայաստանին, իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւններու համար ծխածածկոյթի նշանակութիւն ունին: Այսինքն՝ կը փորձեն Հայաստանը մեղադրել Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ ունենալու մէջ՝ քօղարկելու իրենց սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներու փաստը, կը փորձեն Հայաստանը մեղադրել սպառազինուելու մէջ՝ քօղարկելու իրենց սպառազինուելու հարցը: Փաշինեան հարցուց՝ ինչքանո՞վ արդար է Հայաստանը մեղադրել այն պայմաններուն մէջ, երբ անընդհատ սպառնալիքներ կը լսէ: Սակայն այս պարագային ալ երկիրը չ’երթար հակամարտութեան ճանապարհով:

«Բազմիցս ըսած եմ, որ որեւէ պետութիւն ունի ուժեղ եւ մարտունակ բանակ ունենալու իրաւունք։ Միջազգային իրաւունքը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը զինուած ուժեր ունենալու, ինքնապաշտպանվելու իրաւունքը կը համարէ անօտարելի իրաւունք։ Այսինքն, որեւէ երկիր ինքզինք պաշտպանելու իրաւունք ունի եւ այդ իրաւունքը որեւէ կերպ չի կրնար վիճարկուիլ, որովհետեւ միջազգային իրաւունքին մէջ նաեւ հանրայայտ պարտաւորութիւն կայ պետութիւններու համար՝ իրենց քաղաքացիները պաշտպանելու պարտաւորութիւնը»,- ընդգծեց վարչապետը՝ յաւելելով, որ այն բարեփոխումները, որոնք տեղի կ’ունենան ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ, ունին միայն ու միայն այս նպատակը։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԲՈԼՈՐԸ՝ ԲՈԼՈՐԻ ԴԷՄ. ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻ ԵՒ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ VS. ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ

Next Post

ՔՈՊԱԽԻՁՆ ԵՒ ՊԱՊԻԿԵԱԸ ԸՆԴԳԾԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՔՈՊԱԽԻՁՆ ԵՒ ՊԱՊԻԿԵԱԸ ԸՆԴԳԾԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՔՈՊԱԽԻՁՆ ԵՒ ՊԱՊԻԿԵԱԸ ԸՆԴԳԾԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.