«Վիժուածք», «Հայրենիքի դաւաճան», «ֆաշիստ», «տականք», «նողկանք», «վարձկան շուներ», «գարշելի»… Ձեզի կրնայ թուիլ, որ կը մէջբերուի մեր օրերուն ընկերային ցանցերուն մէջ յաճախակի հանդիպող բնորոշումները: Բայց ոչ՝ այսպէս իրար վիրաւորած, զրպարտած ու մատնած են 20-րդ դարու երեսունական թուականներուն:
Այդ շրջանին իրար անխնայ կը քննադատէին ու բոլոր հնարաւոր մեղքերու մէջ կը մեղադրէին նաեւ գրողները՝ յստակ գիտակցելով, որ զրպարտութեան հետեւանքը պիտի ըլլայ ընկերոջ գնդակահարութիւնը կամ աքսորը:
Երբ Արշակ Չոպանեանը 1932 թուականին Ռումանիոյ կառավարութենէն շքանշան կը ստանայ, Վահրամ Ալազանը կը գրէ.
«Այն Չոպանեանը, որ կուրծք կը ծեծէր Խորհրդային Հայաստանի անկեղծ բարեկամութեան համար, որ երբեմն փորձ կ’ընէր դաշնակները «կշտամբելու» իբր թէ Խորհրդային Հայաստանը պաշտպանելու համար, այժմ հակախորհրդային միջնորդութեան հայրենիքին մէջ՝ ստորաքարշութեան եւ քծնանքի իր անմրցելի վարպետութեամբ շքանշաններ եւ տիտղոսներ կը վաստակի: Մոսիօ Չոպանեան, զարդարեցէք ձեր սնափառ լանջը այդ արիւնոտ ու գարշելի խաղալիքով, ռումանական «հրամանատարի» ձեր կոչումով՝ հաւատարիմ շան նման հսկեցէք ֆաշիստներու շքադռները, քծնանքով լզեցէք համաշխարհային սպանդ կազմակերպողներու, հակախորհրդային միջնորդներուն գարշապարը» (Նաիրա Բալայեան, «30-ական թթ. արեւելահայ գրական-հասարակական կեանքը. բացասական դրսեւորումներու արձագանքը Ա. Չոպանեանի «Անահիտ» հանդէսին մէջ»):
Ասիկա ալ Գուրգէն Մահարիի պարսաւական խօսքերէն մէկն է՝ ուղղուած Կոստան Զարեանին.
«Կարդացի «տատրագոմի հարսը»,
ով դատարկ գոմի փեսայ,
երկար փնտռեցի իմաստը,
բայց ոչ մի իմաստ չտեսայ:
Է, գրիր, ի՞նչ ես մտածում,
ի՞նչ մտքեր ունես հանճարեղ,
պառնասեան փետրով տիրացու,
բուրվառիդ որքա՞ն վճարեմ (նոյն տեղում)»:
Զապէլ Եսայեանը Կոստան Զարեանի մասին կ’ըսէ. «Այդ թերուս իմաստակը, որեւէ մարդկային լեզուի չտիրապետող այդ գրողը մեծ համարում ունի դաշնակ մամուլին մէջ, սակայն ով կարդացած է ստայօդ, ստոր, ստապատում յիշողութիւնները Խորհրդային Հայաստանի մասին, կը տեսնէ, թէ որքան ողորմելի է այդ արկածախնդիր իմաստակին գրականութիւնը»:
Իր դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ Զապէլ Եսայեանը Վազգէն Շուշանեանը կը համարէ մէկը, որ «կը ներբողէ ցոփութիւնը եւ զարկ կու տայ պոռնկական գրականութեան» («գրական թերթ», 1933, N9 ):
Թերթի նոյն համարին մէջ կը քննադատուի նաեւ Չարենցը՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան համար. «Չարենցի համար ի հարկէ, բաւական մեծ յառաջադիմութիւն է, որ ան 1933 թուին հրաժարած է Նարեկացիէն, որուն ասկէ 13 տարի առաջ կը մեծարէր. «Նարեկացիի պէս պայծառ ճակատ չկայ»: Այժմ Չարենցի համար նարեկացիները անընդունելի են»:
«ԱզգայնականԲակունցը, ձեռնարկելով Գոգոլի «Տարաս Բուլբա»-ի թարգմանութեան, ի հարկէ, մտահոգուած չէ եղած մեր աշխատաւորութեան հանճարեղ Գոգոլի ստեղծագործութիւններուն ծանօթացնելու հարցով: Ան իր ազգայնական որոշ նպատակներուն հասնելու ցանկութեամբ այդ աշխատանքը կատարած է: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ Գոգոլի «Մեռած հոգիները», «Ռեւիզօրը» եւ շարք մը արժէքաւոր գործերը թողած՝ առաջին հերթին կը թարգմանուի «Տարաս Բուլբա»ն՝ Գոգոլի պուրժուական ռոմանթիզմի խտացած արտայայտութիւնները պարունակող այդ աշխատութիւնը» (Գրական սերունդ» 1936, N 5-6):
«Ազգայնական տականքներու հոգեորդին». այսպէս վերնագրուած էր Հրաչեայ Քոչարի յօդուածը՝ Խաչիկ Դաշտենցի բանաստեղծութիւններու «Բոց» ժողովածուին մասին.
«Խ. Դաշտենցի ապաշնորհ այս գիրքը թրոցքիական-ազգայնական գրական վիժուածք է: Հեղինակը չէ ցանկացած թաքցնել թրոցքիական իր երկար ականջները, որ ցցած է վեր եւ երգած է իր իսկական ձայնով» («Գրական թերթ», 1937, մարտի 10):
«Այժմ արդէն հասկնալի է, թէ ինչու 1930 թուէն յետոյ, երբ մեր երկրին մէջ կը յաղթանակէր ընկերավարութիւնը եւ աւելի կ’ամրանար ժողովուրդներու եղբայրութիւնը, իրար ետեւէ լոյս տեսած ազգայնական շարք մը գիրքեր՝ Ա. Բակունցի «Սեւ ցելերի սերմնացանը», Մկրտիչ Արմէնի «Երեւանը», Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ», «Հրկիզուած թղթեր», Ե. Չարենցի «Գիրք ճանապարհի», Գ. Վանանդեցիի եւ ուրիշներու «Հայ գրականութեան պատմութիւնը» եւ այլն: Այդ գիրքի«ն մէջ Բակունցի ազգայնական թրոցքիական խմբակը կը դնէր Հայաստանի սահմաններու հարցը եւ ատելութիւն կը հրահրէր դէպի թուրքերը (Ն. Զարեան, «Ընդդէմ նացիոնալիզմի եւ թրոցկիզմի, յանուն սոցիալիստական մեծ գրականութեան», «Գրական սերունդ», 1936 թ., 17,7):
«Հակայեղափոխականներ Բակունցներն ու Ալազանները, որոնք երկար ժամանակ իրենց ձեռքը վերցուցած էին Հայաստանի խորհրդային գրականութեան ղեկը, ամէն կերպ կը ձգտէին ազգայնական ոգիով այլասերել մեր գրական քատրերը, անոնց շարքին նաեւ գրական երիտասարդութիւնը, որուն ամենաանկայուն ներկայացուցիչները յաճախ կ’իյնային անոնց ազդեցութեան տակ: Այժմ, երբ հակայեղափոխականներու այդ վոհմակը մերկացուած ու հեռացուած է մեր գրականութեան զարգացման ճանապարհէն, Հայաստանի խորհրդային գրողներուն առջեւ կը ծառանան մեծ եւ պատասխանատու խնդիրներ» («Գրական սերունդ», 1936, N 5-6):
«Նորենցը, իմ անկեղծ համոզմամբ, ազգայնական է եւ անոր ազգայնականութիւնը թափանցած է նոյնիսկ անոր ընտանեկան կենցաղին մէջ: Պատահական չէ, որ սասունցի Վաղարշակ Նորենցի տղուն անունը Սասունիկ է: Վ. Նորենցն ու Ա. Բակունցի «Ծիրանի փող»-ի՝ Սասուն վերադառնալ ցանկացող հերոսը կը յիշեցնեն իրարու»
(Դաւիթ Գասպարեան, «Փակ դռների գաղտնիքը», Երեւան, 1994, էջ 574):
1936 թուականին Փարիզէն Խորհրդային Հայաստան վերադարձած Աւետիք Իսահակեանը արդէն 1937-ին, Բակունցի, Չարենցի, միւսներու ձերբակալութենէն յետոյ, կը գրէ «Իմ ազատ եւ ստեղծագործ ժողովրդի հետ» գրութիւնը.
«Ինծի շատ մեծ վիշտ պատճառեց նաեւ քանի մը գրողներու ձերբակալութիւնները, որոնց մէջ ունէի անձնական ընկերներ, բայց երբ վերադարձայ Երեւան եւ հնար եղածին չափ ծանօթացայ իրերուն եւ իրադարձութիւններուն հետ, տեսայ, որ մեր կառավարութիւնը (որուն անպայման կը վստահինք) եւ ժողովուրդը ուրիշ կերպ չէին կրնար վարուիլ անոնց հետ: Որովհետեւ անոնք շեղած են ուղիղ, տրամաբանական ճանապարհէն եւ ընթացած են դատապարտելի ճանապարհով» («Գրական թերթ», 1937, ապրիլի 23):
«Գրաւելով Հայաստանի խորհրդային գրողներու միութեան մէջ ղեկավար պոստեր եւ օգտուելով ՀԿ(բ)Կ կենտկոմի նախկին քարտուղար՝ դաւաճան թրոցքիական-ազգայնական Խանճեանի ամէն տեսակի օժանդակութենէն, թրոցքիական Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ՝ շարք մը ազգայնական-թրոցքիական հակայեղափոխականներ՝ Բակունցը, Թոթովենցը, Ալազանը, Վանանդեցին, Նորենցը եւ Մահարին, մեծ վնաս հասցուցին հայկական խորհրդային գրականութեան ոչ միայն իրենց գրական գործերով, այլեւ կազմակերպչական միջոցառումներով:(…) Ազգայնական-դաշնակ Բակունցը իր «Ծիրանի փող» պատմուածքին մէջ կը հակադրէ, այսպէս կոչուած, Թուրքահայաստանը ներկայ Խորհրդային Հայաստանին, կոչ կ’ընէ վերադառնալու այդ երկիրը, քանի որ, անոր կարծիքով, միայն այնտեղ կարելի է գտնել աշխատանքային հանգիստ կեանք, առանց շղթաներու եւ բռնութեան» (Գէորգ Աբով, «Գրական թերթ», 1937 թ.,մարտի 20):
«Վախտանգ Անանեանը գեղարուեստական արժէքէն դուրս գրական իր խծբծանքներուն մէջ հետեւողականորէն զարգացուցած ու կիրառած է հակայեղափոխական Խանճեանի գրական պատուէրները: …Այս տեսակէտէն բնորոշ է անոր «Քարանձաւի բնակիչները» անփութութիւնը: Անանեանը այդ գիրքի առաջին իսկ էջերուն մէջ կը յայտարարէ, որ ինք շատ կարօտցած է իրենց գիւղին եւ հովուերգութեան գոյներով ներկայացուցած է դաշնակցական տիրապետութեան շրջանի գիւղը: …«Քարանձաւի բնակիչներ» վէպը լի է հակայեղափոխական գրգռումներով եւ ֆաշիստական զրպարտութիւններով» («Գրական թերթ» , 1937, N33):
«Չնայած շարք մը բանաստեղծներու՝ այնուամենայնիւ, Չարենցը հետեւողական յեղափոխական գրող չէ եղած, Չարենցը որեւէ լուսաւոր էջ չի գտներ մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան մէջ եւ այն կը պատկերացնէ «անղեկ», «անգաղափար» («Գրական թերթ» , 1937, N 13):
«Ով հակամարտութեան մէջ կը գտնուի իր ժողովուրդին հետ, ով կ’երթայ անոր թշնամիներուն բանակը, կը կանգնի վտանգաւոր ուղիի վրայ: Եւ ահա այժմ այդ վտանգաւոր ուղիի վրայ կը գտնուի, այժմ այդ մասին պէտք է ըսել ամբողջ ձայնով, Չարենցը: Չարենցը կանգնած է ազգայնական ուղիի վրայ: Խորհրդային կառավարութիւնը ամենահամբերատար վերաբերմունք ցոյց տուած է անոր հանդէպ: Սակայն Չարենցը համապատասխան եզրակացութիւն չէ ըրած այդ բոլորէն: Ան նոյնիսկ չմասնակցեցաւ ժողովին ու լռութիւն պահպանեց: Այժմ միայն Չարենցէն կախուած է, թէ կը վերադառնա՞յ ան արդեօք դէպի խորհրդային գրականութիւնը՝ մինչեւ վերջ գիտակցելով իր յանցանքները» («Գրական թերթ», 1937, N 13):
Ամիսներ անց, Նոյեմբերին, Չարենցը մահացաւ բանտին մէջ: Ընկերներուն դէմ զրպարտութիւններ գրած գրողներէն շատերը եւս գնդակահարուեցան ու աքսորուեցան:
Երեսունականներուն համատարած զրպարտագրերու եւ մեղադրանքներու մէջ մասնակցած են ժամանակի բոլոր գրողները՝ մէկ-երկու բացառութեամբ:
Ժամանակները այդպիսին էին: Այս արդարացումը համաշխարհային է բոլոր ժամանակներուն համար: Նաեւ այսօր: Բայց եւ բոլոր ժամանակներուն մէջ կայ անձնական ընտրութեան հնարաւորութիւն, ինչէն չափազանց քիչերը կ’օգտուին:
«Mediamax»
(2022)