Երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքի աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մնացած է 10 օր: Քաջ վստահ ըլլալով այս աննախադէպ իրադարձութեան նախապատրաստող յանձնախումբին հանգամանօրէն հետամուտ ըլլալու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան, «ԱՐԱՐԱՏ» յաջողութիւն կը մաղթէ պատկառելի յանձնախումբին եւ մշակուած ծրագրին համաձայն՝ ապահով վերադարձ «Աստուծոյ ծառայ»-ին:
Կարտինալ Աղաճանեանի աճիւններու հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ աճիւններու ամփոփումը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 12 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին նախագահութեամբ եւ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:
Աստուածապարգեւ շնորհներով օժտուած երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքի կեանքն ու աշխարհատարած առաքելութիւնը արժանաւայել ձեւով կը ներկայացնէ լրագրող-խմբագիր, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Սարգիս Նաճարեանը իր «Երանացման ճանապարհին» գիրքին մէջ, տպագրութիւն՝ Պէյրութ 2023: Հատորը ամբողջական ներկայացումն է «Կարմիր պապ»ի ծնունդէն մինչեւ Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան համար ամենահաւանական թեկնածուին, մինչեւ Ծիրանաւորի երանացման դատի բացման աշխարհասփիւռ վկաներու հարցաքննութիւններու փուլերը: Հետեւաբար, այդ յոյժ գնահատելի հատորը հերթաբար պիտի ներկայացնենք յարգելի ընթերցողներուն չնչին յապաւումներով:
«Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ։
Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս։
Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միայն խաչը՝ ինծի»
Աստուած կը լսէ մօրը խնդրանքը
«Հայաստանի այդ բեկորը», որ աշխարհ եկաւ 18 Սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ եւ մկրտուեցաւ Ղազարոս, երրորդ զաւակն էր գաղթական հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը, որ թուրքերու հալածանքներէն ու ջարդերէն խուսափելու համար՝ բազմատասնեակ հայերու հետ փախչելով Էրզրումէն, ապաստանած էր Ախալցխա։ Հայրը՝ Յարութիւն Աղաճանեան, եւ մայրը՝ Իսկուհի Սարուխանեան, ջերմեռանդ հաւատացեալ կաթողիկէներ էին։ Անոնք ունէին նաեւ աղջիկ մը՝ Էլիզապէթ եւ եւս մանչ մը՝ Պետրոս։ Հայ կաթողիկէ ջերմեռանդ ընտանիքի տիպար մըն էին։
Ղազարոս կանուխէն կորսնցուցած էր իր հայրը։ Մայրը աղօթած է Աստուծոյ որպէսզի իրեն քահանայ որդի մը պարգեւէ։ Յայտնապէս, Աստուած լսած է անոր աղերսը եւ իր վերջնեկ Ղազարոսը կոչած է քահանայութեան։ Այս կոչումին կենսագործման ճանապարհը ցոյց տուած է Կովկասի Առաքելական վարիչը՝ Հայր Սարգիս թ.ծ.վ. Տէր Աբրահամեան, մանուկ Ղազարոսը 1906-ին ուղարկելով Հռոմ, Ուրբանեան Գոլէճ։ Ան չէր երեւակայեր անգամ որ Նախախնամութիւնը՝ ուղիղ 40 տարի ետք, 18 Փետրուար 1946-էն սկսեալ աստիճանաբար մանուկ Ղազարոսը պիտի դարձնէր 20-րդ դարու տիեզերահռչակ մէկ դէմքը:
Գերազանցիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, Ղազարոս Աղաճանեան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 23 Դեկտեմբեր 1917-ին, Ուրբանեան Գոլէճի մատուռին մէջ, Պետրոս Գոյունեան Եպիսկոպոսին ձեռամբ եւ կ’առնէ Ֆրանչիսկոս անունը ի յարգանս սալեզացի Ֆրանչիսկոս սուրբին, որուն ջերմեռանդութիւնը գրաւած էր զինք։
Պատերազմին պատճառով հարկադրուած ըլլալով Հռոմ մնալ, Հայր Ֆրանչիսկոս կը շարունակէ իր ուսումը եւ 1919-ին Լաթրանի Համալսարանէն կը ստանայ նաեւ իրաւագիտութեան դոկտորականի իր վկայականը (Droit Civil et Ecclesiastique):
Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր
Անմիջապէս որ Ա․ Համաշխարհային պատերազմը վերջ կը գտնէ, 1919-ին Աղաճանեան վարդապետ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կովկաս, նուիրուելու համար իր ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան եւ կը նշանակուի Թիֆլիսի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։ Սակայն, ժողովրդապետական ծառայութեան այս շրջանը երկար չի տեւեր։ Կովկասի մէջ ստեղծուած վտանգալից կացութիւնը տեսնելով, Սարգիս Եպիսկոպոս Տէր Աբրահամեան, որ մինչ այդ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչ դարձած էր, 1921-ին երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետը կը կանչէ Հռոմ եւ զինք կը նշանակէ վարժարանի փոխտեսուչ։ Հազիւ տարի մը ետք, 1922-ին, Կովկասի մէջ համայնավար կարգերու հաստատումով, Աղաճանեան վարդապետին առջեւ վերջնականապէս կը փակուի տունդարձի ճամբան։ Իր ընտանիքին հետ անոր կապը ամբողջութեամբ կը խզուի։ Մօր, քրոջ եւ եղբօր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ իրեն համար։
1923-ին, երիտասարդ վարդապետը կը նշանակուի Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր եւ միաժամանակ կը հրաւիրուի դասախօսելու Ուրբանեան համալսարանին մէջ, ուր ան 16 տարի անընդմէջ կը դասաւանդէ իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ տիեզերաբանութիւն։ Երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետ՝ իբրեւ Առաքելական այցելու, 1934-ի Սեպտեմբեր 8-ին կու գայ Զմմառ, ուսումնասիրելու համար Միաբանութեան կանոնագիրքը՝ որ սահմանուած էր դառնալու Միաբանութեան դէպի ապագայ ճանապարհը հարթող ուղեցոյցը։ Ան իր խոհական, հաղորդական եւ քաղցրաբարոյ մօտեցումով յաջողութեամբ կ’աւարտէ իր այս նուիրական առաքելութիւնը, որ միաժամանակ առիթ մը կ՚ըլլայ հարազատի սիրոյ զգացումով կապուելու վանքին ու անոր Միաբանութեան հետ։ Ան իր այս զգացումը կ՚արտայայտէ վանքի Ոսկեմատեանին մէջ արձանագրած տպաւորութիւնները սկսելով հետեւեալ նախադասութեամբ․ «Եկայ, տեսայ, շա՜տ սիրեցի… Փարեցայ դարաւոր եւ արդիւնաշատ Միաբանութեանս եւ աստուածային կոչման բաժանորդ պատուական եղբայրներուս…»:
Արփիարեան կաթողիկոս-պատրիարքին յաջորդ
Հռոմ վերադարձէն կարճ ժամանակ ետք, Աղաճանեան վարդապետ կ’ընտրուի եպիսկոպոս եւ 21 Յուլիս 1935-ին կը ձեռնադրուի Հռոմի մէջ, Տէր Աբրահամեան եպիսկոպոսին ձեռամբ։
Իր առաջին առաքելութիւնը պսակելու համար` 1935-ի Օգոստոսին Աղաճանեան` այս անգամ եպիսկոպոսին երկրորդ այցելութիւնը Զմմառ` աւելի կը զօրացնէ անոր սէրն ու համարումը հանդէպ Զմմառու վանքին եւ անոր Միաբանութեան առաքելութեան։
26 Հոկտեմբեր 1937-ին կը վախճանի Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան կաթողիկոս-պատրիարքը։
30 Նոյեմբերին կը գումարուի Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ իր առաջին նիստին եւ առաջին իսկ քուէարկութեամբ երջանկայիշատակ Արփիարեան կաթողիկոս-պատրիարքին յաջորդ կ’ընտրէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսը, որ կ’որդեգրէ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը` ի յարգանս Հայոց Լուսաւորչին։ Ընտրութենէն ետք, խորապէս յուզուած, 42 տարեկան կաթողիկոս-պատրիարքը կը յայտարարէ. «Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ։ Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս։ Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միայն խաչը՝ ինծի»։
2 Դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը կը հաստատէ Աղաճանեան եպիսկոպոսին կաթողիկոս-պատրիարք ընտրութիւնը։
Նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին օծումն ու գահակալութիւնը տեղի կ՚ունենայ 5 Դեկտեմբեր 1937-ին, մարոնիներու Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ 17 Դեկտեմբերին, ան Պալիումը կը ստանայ Հռոմի մէջ։
Սարգիս Նաճարեանի «Երանացման ճանապարհին» Գիրքէն
(Շարունակելի)