Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը

August 30, 2024
in Գաղութային
0
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը

 

 

Հայագիտական տարեգիրք այս օրերուն` Անթիլիասի մէջ…

Այո՛, հակառակ Լիբանանի ապրած տնտեսական սուր տագնապին ու հայերէնի կամ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ ցուցաբերուած համընդհանուր անտարբերութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն նորերս լոյս տեսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ի նոր թիւը, որ կը կրէ 2011-2023 թուահամարը, որպէս «Նոր շրջան»-ի ԺԳ. հատոր։

Այս թուահամարը կը յուշէ արդէն, թէ հայագիտական սոյն հրատարակութիւնը դադրած կամ «լռած» էր 13 տարիէ ի վեր…։ Սակայն, ահաւասիկ, կը վերընձիւղի անիկա անակնկալօրէն ու փառաւոր կազմով մը կու գայ եւ կը հանգչի մեր սեղանին վրայ, անմիջապէս մօտիկը լիբանանահայ իր պաշտօնակիցին` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին։ Ի՜նչ ուրախութիւն մեզի։

Տարեգիրքին նորատիպ այս ժողովածուն 558 էջ է։ Խմբագիրը` Շահան արք. Սարգիսեան։

Կը թերթատենք հատորը հաճոյքով։ Կը Նկատենք որ այստեղ մէկտեղուած են շուրջ 25 յօդուածներ, որոնք ստորագրուած են հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորական դէմքերու կամ հայագէտներու կողմէ։ Այս յօդուածներուն զգալի մէկ մասը նուիրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի կեանքին ու վաստակին արժեւորումին, ի ոգեկոչումն անոր վախճանման 850-ամեակին։ Այս բաժնին մէջ գրութիւններ ունին, ի շարս այլոց, Կոմիտաս արք. Օհանեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան, Վահէ Թորոսեան, Հայկ սրկ. Իւթիւճեան, Լիլիթ Սարվազեան։

Տարեգիրքին միւս բաժինը կը խմբէ հայ պատմութեան առնչուող պէսպիսուն նիւթեր։ Այսպէս, բացառիկ հետաքրքրութեամբ ընթերցուող ուսումնասիրութիւն մըն է Վահէ Թաշճեանի ծաւալուն յօդուածը, որ կը քննէ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի անդրադարձումները` Կիլիկիոյ (ու յատկապէս Այնթապի) հայութեան թրքախօսութեան մասին։ Նոյնքան շահեկան է Հալէպէն Լեւոն Շառոյեանի ուսումնասիրութիւնը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ Բագրատունեաց հարստութեան հիմնադիր Աշոտ Ա. թագաւորն ու անոր ապրած ժամանակը։ Այլ յօդուածներ ունին Անի Ֆիշէնկճեան, Վերա Սահակեան, նամականիի հրապարակում մը կատարած է Միհրան Մինասեան եւ այլն, եւ այլն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ը հիմնուած էր 1948֊ին, Յովսէփեանց Գարեգին կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։ Այդ հին շրջանին հրատարակուեցան 3 թիւեր միայն։ Այնուհետեւ, 1980-ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս (Սարգիսեան) վերականգնեց տարեգիրքը ու անոր «Նոր շրջան»-ի խմբագրութիւնը վստահեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի։ Տարեգիրքը դարձեալ լռեց 1985-1993։ Վերստին երեւցաւ այնուհետեւ` Իշխան Չիֆթճեանի խմբագրութեամբ, բայց զգալի յապաղումներով եւ խմբագիրներու ալ յաճախակի փոփոխութիւններով։ ԺԲ. հատորը (2009-2010) նուիրուած էր Ատանայի կոտորածին 100-ամեակին։ Այս մէկը վերջինն էր։

Այժմ, ԺԳ. հատորին լոյս ընծայումով յարութիւն կ’առնէ տարեգիրքը անգամ մը եւս։

Կը շնորհաւորենք այս յանդուգն վերերեւումը ու անխափան երթ կը մաղթենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող ակադեմական այս կարեւոր հրատարակութեան։

 

Share63Tweet40
Previous Post

Նշմար 6

Next Post

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐ «ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆՏԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ» ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԷՔՃԻՕՂԼՈՒԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՈՎ

Next Post
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐ  «ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆՏԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ» ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԷՔՃԻՕՂԼՈՒԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՈՎ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐ «ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆՏԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ» ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԷՔՃԻՕՂԼՈՒԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.