Վարդուհի Քալանթարի «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը գործը հրատարակութիւնն է պոլսահայ Արազ հրատարակչատան, որ իր նիւթը վերարտադրած է Հայկանուշ Մառքի «Հայ կին» կանանց պարբերաթերթի 1920 եւ 1921 տարիներուն հրատարակուած թերթօններէն։ Պատմաբան եւ պատմութեան փրոֆէսօր Լեռնա Էքմէքճիօղլուի կը պատկանի հատորին յառաջաբանը։ Ան որպէս ֆեմինիստ անխոնջ ճիգով լծուած է, իր գործակիցներով միասին, հայ կին դէմքերու, գրողներու եւ հասարակական գործիչներու ծանօթացման եւ անոնց գրական գործերու հրատարակութեան թէ՛ հայերէնով, թէ՛ անգլերէնով։
Սոյն հատորին ընթերցումը զիս լեցուց ընդվզումով եւ հիասթափութեամբ։
Ինչպէս կարելի էր պատկերացնել համալսարանականի մը եւ մտաւորականի մը՝ Վարդուհի Քալանթարի գոյակցութիւնը բանտի մէջ գտնուող թուրք ընկերութեան ամէնէն խոցելի խաւին հետ։ Բանտի մուտքին հետաքրքիր բանտարկեալներու խումբ մը եկած էր դիտելու զինք եւ իր մայրիկը, որոնք զգալապէս յայտնի էին իրենց դասակարգային բարձր դիրքով։ Շուտով կը սկսէր բանտարկեալներու երեկոյեան յայտագիրը ընթրիքով եւ խրախճանքով։ Խոշոր մարմնով կին մը կը պարէր։ Հեղձուցիչ մթնոլորտ մը կը տիրէր ու Վարդուհի իր գլուխը կը դնէր մօր ծունկերուն վրայ ու կը հեկեկար մանուկի մը նման։ Մինչ պարուհին իրենց առջեւէն կ’անցնէր, իրենք գիրկընդխառնուած, սրտերը իրար սեղմած, նուաղած վիճակի մէջ էին։ Վարդուհի կը պատկերացնէր իր հայրը մեկուսացած խցիկի մը մէջ, սպիտակահեր, գլուխը դրած յարդէ բարձի մը վրայ եւ չոր տախտակի վրայ երկարած իր մարմինը։ Երեք օր ետք է որ հայ բանտարկեալ Ագապի կ’այցելէ զիրենք։ Ան տեսնելով որ հայ նոր բանտարկեալները բորոտներու ամէնէն աղտոտ եւ վէրքերով ու ոջիլներով լեցուն սենեակը տեղաւորուած են, շուտով կարգադրութիւն կ’ընէ պատասխանատուին Սինեմէնի արտօնութեամբ եւ նոյն երեկոյեան իսկ անոնք «քիպարներու» հայ լայֆ սենեակը կը փոխադրուին։ Այնտեղի բնակիչներն էին մտաւորականները. հոճա-հանըմները՝ որոնք քուրան կը կարդային, մէքթէպլիները՝ որոնք նամակ կը գրէին ուրիշներուն համար, արթիսթները՝ որոնք կ’երգէին եւ կը պարէին, ու քանի մը սեւամորթներ, որոնք անուն շահած էին իրենց կռուազանութեամբ։
Բանտի ներքին կեանքի գլխաւոր դերակատարներէն հանդիսացող քիւրտ Սինէմը, հակառակ իր կոշտութեան եւ տգեղութեան, համակրելի էր։ Իր խօսելաձեւը խանդավառութիւն կը ստեղծէր շուրջիններուն մօտ։ Ըստ պաշտօնի, Գոլճը հանըմը պէտք էր ըլլար առաջին դէմքը, բայց ան հեղինակութիւն չունէր։ Սինէմ բոլորին մօտ ստեղծած էր այն պատրանքը, որ ինք էր բանտին գլուխը։ Իր դիրքը պահելու համար ան կրնար նոյնիսկ բռնութեան դիմել՝ օգտագործելով իր բռունցքն ու ոտքերը։ Սինէմին քաղաքականութեամբ ալ կը զբաղուէր։ Ան հայերուն չափ կ’ատէր թուրքերը, մօտէն ճանչնալով անոնց բարբարոս վարքն ու բարքը։ Ինք էր որ Վանի ինքնապաշտպանութեան յաղթանակի լուրը տուաւ Վարդուհիին։ Զայն տխուր տեսնելով՝ ուզեց ոգեւորել զինք, ըսելով որ հայերու դրօշակը կը ծածանէր Վանի մէջ, ինք ինչու ուրախ չէր, եւ համբուրեց զայն իր ճակատէն։ Սինէմին պատմեց նաեւ արեւելեան ճակատի դէպքերուն մասին եւ Վարդուհի յափշտակութեամբ մտիկ կ’ընէր։ Կռուելու եւ յաղթելու աստուածային ուրախութեամբ կը լեցուէր իր հոգին։ Ան կը խորհրդածէր «Վատ մեր թշնամին, ինչպէս վատ է ինքը կեանքը, վայ ընկճուողին։ Անոր ամէն մէկ հարուածին պէտք է պատասխանել կամքի ու կորովի նոր պահեստիներով ու քանի մը հարուածէ վերջ ան կը դառնայ անուշ ու կակուղ ոչ միայն պարտեալ, այլ՝ զինակից Ահաւասիկ յաղթանակին գաղտնիքը»:
Քալանթարին հոգին կերտուած էր յեղափոխական գաղափարներով եւ բանտի այս տժգոյն պայմաններուն մէջ իսկ անոր հոգին կը բոցավարէր պայքարի եւ վերջնական յաղթանակի տեսիլքով։ Այս հոգեվիճակին մէջ ան պատրաստ էր երթալու դատավարութեան, կրնային կանչել զինք։ Կարճ ժամանակ ետք կը կանչուի։ Մամային հետ կ’երթան երկու ժանտարմներու հսկողութեամբ։ Նոյն ձեւով հայրիկը կը քալէ ազնուական հասակով հանդարտ ու անվրդով։ Վարդուհի կ’ուզէ արժանի ըլլալ իր ծնողներուն։ Դատավարութեան ատեն կը խօսի պարզ ու անկեղծ քանի որ դատապարտելի չէր իր արարքը։ Դահիճները թող որոշեն իր պատիժը։ Կը խնդրէ որ իրեն ընեն ինչ որ կ’ուզեն, բայց հայրիկին խնայեն, ան անմեղ է ու գերեզմանին մօտեցած։ Իսկ հայրիկը կ’ուզէ իր աղջիկը ազատել։ «Ան նամակները գրած ատեն անչափահաս էր», կ’ըսէ եւ կը խնդրէ զինք դատապարտել իր աղջկան փոխարէն։ Դատավարութեան արդիւնքը կ’ըլլայ հօր եւ դստեր հինգ տարուան ազատազրկումն ու մայրիկի ազատութիւնը։ Վարդուհի քաջութեամբ կ’ընդունի դատարանի այս վճիռը եւ կը կազմակերպէ իր կեանքը, այնպէս մը որ ան կարենայ օգտակար ըլլայ բանտի առողջապահական անձնակազմին։ Բժշկապետը կը յանձնէ իրեն հատոր մը թարգմանելու գերմաներէնէ, նուիրուած բանտային առողջապահութեան վերակազմակերպման։ Այս գործը զինք շատ ուրախ եւ զբաղ կը պահէ։
Աճէմ Աթիյէն պարսիկը կը միանար բանտի բնակիչներուն յարաբերաբար աւելի ուշ։ Ան միջնորդ էր եւ ծխախոտի մաքսանենգ, նախկին պոռնիկ, զինուոր եւ հրամանատար։ Աթիյէին գալովը վերջ գտաւ «Սինէմեան» շրջանը եւ սկսաւ
«Աթէական» ժամանակաշրջանը, որ կը յատկանշուէր էնթրիկներու տիրապետութեամբ։ Անոր առաջին թիրախը Սինէմին էր, որս կը հետապնդէր մեծ զգուշաւորութեամբ: Իր ամենազօրաւոր զէնքը դրամն էր։
Անօթիներու եւ կուշտերու բանակ մը կը պահէր իր շուրջը եւ զանոնք կը շահագործէր իր նպատակներուն համար։ Վարդուհիին եւս կ’օգտագործէր օրական քարթեր եւ նամակներ գրել տալով անոր եւ սուտ խոստումներով, որ զայն պիտի վարձատրէր իր ունեցած ոսկիներով։
Երգի-պարի երեկոյի մը ընթացքին, երբ Սինէմին լազերու լեռնական պարը կը պարէր ու բանտարկեալները ուրախ մթնոլորտի մէջ էին, Աթիյէն յետին մտադրութեամբ մը սրահէն դուրս կը սպրդի եւ պատժուած արաբ Ֆաթիմային մօտ կ’ուղղուի։ Շատ չանցած կը վերադառնայ զգայացունց լուրով մը, որ Ֆաթիման անձնասպանութիւն կը փորձէ գամ կլլելով։ Ան կ’ըսէ, թէ ինք ամէն ինչի դիմած է, սակայն չէ կրցած տարհամոզել Ֆաթիման, որ հրաժարի իր մտադրութենէն։ Իսկոյն զայն կը բերեն սրահ եւ ձեռքէն դժուարաւ կ’առնեն գամերը։ Առիթը յարմար նկատելով, Աթիյէ կը սկսի բամբասել Սինէմէն, որ Ֆաթիմայի մրցակիցն էր
բանտապահ Իպրահիմի հանդէպ արտայայտուած սիրոյն։ Սինէմին լսելով Աթիյէի բամբասանքները իր մասին, կը պատրաստուի հարուածելու նենգամիտ կնոջ, բայց կը խնայէ անոր իր ճերմկած մազերուն համար։ Այս բոլորը կը հասնի բանտի պատասխանատուներուն ականջին, որուն հետեւանքով Իպրահիմ կը ղրկուի այրերու բանտը ծառայութեան եւ բանտապետ Նէշատ Փէհլէվանը աղուոր ծեծ մը կը քաշէ Սինէմէին ու կ’արտաքսէ զայն պարտէզ որպէս պատիժ։ Հոն եղած ատեն ան կը սկսի բարձրաձայն անարգել բանտի պատասխանատուներն ու թրքական կառավարութիւնը։ Կին բանտարկեալներն ալ անգութ կերպով զինք կը ծաղրեն։ Այս բոլորին պատճառ հանդիսանալէ, Սինէմէն վարկաբեկելէ ու բարոյազրկելէ ետք, Աթիյէի միջամտութեամբ անոր հանրասրահ վերադառնելու արտօնութիւն կը շնորհուի։ Ահա Աթիյէի քանդիչ նենգամտութեան մէկ ապացոյցը։
Հակառակ անոր որ Վարդուհի կը գարշէր Աթիյէէն, ան կ’ընդունի երթալ անոր մահուան սնարին՝ կատարելու անոր վերջին պահանջքը։ Աթիյէն խնդրած էր իրմէ Մէքքէի «ապու զէմզէմ» կոչուած հեղուկը բերելով կաթեցնել անոր շրթունքներուն, եւ արտասանելու «հէլալ իթտիմ» բառերը։ Այս բառերը մեռնողին իրեն հասցուցած չարիքները ներելու եւ ունեցած պարտքերը ջնջելու կը ծառայէին։ Բացի պարտքեր կուտակելէն, Աթիյէ իր ձեռքէն եկածը չէր խնայած իր գրգռիչ լեզուով չարիք հասցնելու Վարդուհիին։ Եթէ բարի բժշկապետի պաշտպանութիւնը չըլլար, կարելի չէր պատկերացնել Քալանթարի կեանքը «ատելութեան ու ֆանաթիզմի այդ ամէնէն բորբոքած շրջանին, թշնամի ցեղին ամէնէն ցեխոտ խաւին մէջ»։ Բժշկապետը առանձին սենեակ պահանջած էր որ տրուի Վարդուհիին եւ հարկ եղած յարգալից վերաբերմունքը պարտադրուի այս բարձր մտային եւ ընկերային դիրք ունեցող բանտարկեալին, թէ՛ բանտի պատասխանատուներուն եւ թէ՛ մնացեալ բանտարկեալներուն կողմէ։
Ընդունելութեան օրը մեծ ոգեւորութիւն կ’արտայայտէին բանտի բնակիչները։ Վարդուհիի դէմքը թէեւ պրկուած ու մտահոգ արտայայտութիւն մը կ’ունենար իր անհամբերութեան պատճառաւ։ Կը հագուէր խնամքով, մազերը ու խոպոպները վիզին թափած, ան ջղուտ կերպով կը քալէր բակին մէջ։ Յանկարծ իր անունը կը հնչէր. «մատմազէլին» մայրը եկած է եւ ահա մայրիկն ու մօրաքոյրը կու գային զինք այցելելու ճերմակեղէններու ծրարներով եւ ուտելիքներու պայուսակներով։ Ինչ մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար այս շաբաթական այցելութիւնները, որոնք իր բանտի կեանքը տանելի կը դարձնէին։ Ուրիշ ուրախութիւն մը եւս ունէր Վարդուհի, հայրիկին հետ հանդիպումներն էին անոնք, այրերու բանտին մէջ, շաբաթը երկու անգամ։
«Մատմազէլը» պապային կ’երթայ, կ’ըսէր բանտապահը ու Վարդուհի կը հասնէր բանտին դուռը այնքան արագ եւ խելայեղ։ Այս առանձնաշնորհումը իրեն տրուած էր որպէս վարձատրութիւն բժշկապետին համար կատարած իր թարգմանութեան համար։ Այս տեսակցութիւնները հայրիկին հետ կարճ կ’ըլլային բանտի քարտուղարութեան սենեակին մէջ եւ հսկիչներու ներկայութեան։ Խօսակցական լեզուն հայերէն կամ թրքերէն էր։ Վարդուհիին համար իր բանտի կեանքի երկուքուկէս տարիներու ամէնէն երջանիկ ու իմաստալից պահերն էին ասոնք անկասկած։
Քարավանաները zinc-է շինուած կլոր, մեծղի կաթսաներ են, որոնք երեկոյեան կը բերուէին բակը, լեցուած անգոյն հեղուկով մը, որուն անախորժ հոտը կը տարածուէր ամէնուրեք։ Հսկայ շերեփ մը ձեռքին, Գոլճի հանըմը եւ Ալի Էֆէնտին կը բաժնէին կաթսային մէջ գտնուող խաշուած միսի ընթրիքը։ Օգնականուհի Ֆերիտէն պնակները կը շարէր քարավանաներու շուրջը եւ խաշուած միսերը փոքր կտորներու կը վերածէր։ Բանտարկեալները ամենազօր շերեփին առջեւ յարգանօք կը կանգնէին։ Այս հանդարտ մթնոլորտը երկար չէր տեւեր ու յանկարծ կը սկսէր կռիւը եւ Գոլճիին շերեփը կ’իջնէր կռուողներու ուսերուն։ Ոմանք իրարանցումէն օգտուելով կը փախցնէին քարավանայի միսին լաւագոյն կտորները։ Կռիւը կը շարունակուէր մինչեւ բաժնելու բան չմնար, որմէ վերջ բոլորը իրենց որջերը կը մտնէին։
Բանտի գիշերային կեանքը կը սկսէր երբ բոլոր կարգի ուտելիքները հասած կ’ըլլային բանտարկեալներուն։ Անոնք կը ճաշակէին մեծ ագահութեամբ քարավանային «փռասան» ու նպարավաճառին «թահին-պէքմէզը»։ Կիները իրենց գլուխները ծածկած կը մնային այր մարդոց ներկայութեան։ Շուտով կը սկսէր երեկոյթը։ Կ’երգէին հայրենասիրական մարշեր, սիրային խմբերգներ եւ ղազէլներ, քլասիք պարը (չիֆթէ թելլին) զէյպէկ եւ լազ օյուն, որոնք նորագոյն կամ ֆանթէզի պարերուն կը համապատասխանեն, հօրան պարեր բացագանչութիւններով կը վերջանային։ Խմբերգները արաբ Ֆաթիման կ’առաջնորդէր, Սենիհա հանըմ եւ Այիշէն ղազէլներ կ’երգէին խոր «ախ»եր քաշել տալով ներկաներուն։ Իսկ Աթիյէ անձամբ կ’առաջնորդէր հէյամոլները եւ կը մասնակցէր խոշոր մարմինը ցնցելով մինչեւ շունչին կտրիլը։ Երեկոյթները կէս գիշերին կը վերջանային, իսկ պարահանդէսները, ուր Գոլճի հանըմ եւս ներկայ կ’ըլլար Աթիէյի հրաւէրին պարտադրանքով, կը տեւէր մինչեւ առաւօտ։ Քնանալ փափաքողներուն վիճակը շատ անբաղձալի կ’ըլլար։ Խրախճանքին ընթացքին յաճախ գինով կտրիճներէն մէկը բռունցքի հարուածով մը կը փշրէր պատուհանի մը ապակին։ Ուրիշներ պնակներ եւ գաւաթներ կը կոտրէին։ Օր մըն ալ փախստականներ երեւացին որոնցմէ վախնալով կիներ Վարդուհիի եւ Գոլճիյի սենեակը խուժեցին։ Մեծ իրարանցումէ մը ետք ի վերջոյ պարզուեցաւ որ անոնք իրենց փախուստը կը կազմակերպէին եւ նպատակ չունէին կին բանտարկեալներուն վնաս հասցնել։
Բանտարկեալները բժիշկներուն եւ դեղագործներուն ամէնօրեայ այցելութիւնը կ’ընդունէին։ Հիւանդանոցը թէեւ կը մնար անոնց հոգածութեան գլխաւոր առարկան։ Առատօրէն դեղ կը բաշխուէր հիւանդներուն։ Բժիշկները սենեակներն ալ կ’այցելէին ու մասնաւորաբար մտահոգ էին բորոտներու սենեակով։ Անոնք ծածկուած էին վէրքերով եւ ոջիլներով։ Բժշկապետը ամէն շաբաթ բաղնիք կը ղրկէր զանոնք եւ անոնց դեղերը կ’ապահովէր։ Կիները բժշկապետին Զաթի պէյին նուիրուած երգեր յօրինած էին եւ կ’երգէին օրն ի բուն, մանաւանդ անոնց մուտքին եւ ելքին առիթով։ Դեղագործները համաճարակներու ատեն յաճախ կու գային ջերմաչափ դնելու կամ ներարկումներ կատարելու համար։ Հիւանդները կը բուժուէին եւ ամենամեծ համաճարակներու ատեն իսկ որեւէ մահ չպատահեցաւ, բացի Աթիյէէն, որ արդէն երիկամունքի լուրջ խնդիր ունէր եւ զոհ գնաց բծաւոր ժանտատենդին։
Ըստ Լեռնա Էքմէքճիօղլուի յառաջաբանին միջոցաւ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Վարդուհի Քալանթար դատապարտուած էր բանտարկութեան Լոզանի համալսարանէն իր ծնողաց գրած նամակներու հիման վրայ։ Նամակներու կողքին ղրկած էր նաեւ ամփոփումը հայ գրող եւ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի տուած քաղաքական խորքով եւ հակաթուրք բովանդակութեամբ դասախօսութեան Հայ ուսանողական միութեան։ Վարդուհի պատմութեան եւ գրականութեան ուսանող էր Լոզանի համալսարանին մէջ եւ ազդեցութեան տակ գտնուած էր իր դասախօսին՝ գրագէտ Աւետիս Ահարոնեանին։ Նաեւ շրջապատուած ըլլալով հայ ուսանողներով, աւելի ան կը մօտենայ յեղափոխական գաղափարախօսութեան։ Վարդուհի իր հօր միջոցաւ ալ ծանօթ էր Հայ դատին, որ կ’ընդգրկէր հայկական գաւառներու բարեկարգումն ու անկախութիւնը։ Վարդուհի կը հաւատար, որ իսկական յեղափոխականի քաջութեամբ պէտք էր դիմագրաւել իրեն պարտադրուած պատիժը։ Ան կը յիշէր յեղափոխականները, որոնք իրենց կեանքը զոհած էին յանուն հայրենիքի։ Իր բանտարկութիւնը որքան փոքր էր անոնց զոհաբերութեան դիմաց։ Իր նամակները անկասկած կ’արտայայտէին իր այս զգացումներն ու մտածողութիւնը եւ կը դառնային պատճառ իր դատապարտութեան։ Հայրը կը դատապարտուէր իր եղբօր Տոքթ. Յովհաննէս Քալանթարի եւ գրող ու ղեկավար Աւետիս Ահարոնեանի հետ ունեցած ազգայնական եւ հակաթուրք բովանդակութեամբ նամակներու պատճառաւ։ Դատավարութեան ատեն Վարդուհի քաջաբար կը պաշտպանէր իր տեսակէտերը, թէ իր նամակները միտքեր կ’արտայայտէին պարզապէս եւ անոնք գործի եւ արարքներու չէին վերածուած։ Ան կ’աւելցնէր, որ եթէ թուրքերը իրաւունք ունէին հայրենասէր ըլլալու, նոյն իրաւունքը եւ ազատութիւնը ունէին հայերը։ Հայրը իսկոյն, սարսափահար իր աղջկան համարձակ արտայայտութենէն, կը միջամտէ, թէ իր աղջիկը անչափահաս է, երիտասարդ ու դիւրազգաց, թող զինք դատապարտեն անոր արարքին համար։ Իսկ աղջիկը կը պնդէր, թէ հայրը տարիքոտ է եւ պէտք է ազատութեան մէջ ըլլայ, ինքըպէտք է դատապարտուի փոխարէնը։ Երկուքուկէս տարուան բանտարկութենէ ետք, Քալանթարեաններ հայր եւ դուստր ազատ կ’արձակուին հօր՝ Դաւիթի ունեցած ռուսական քաղաքացիութեան շնորհիւ, որ շատ հաւանաբար անցած էր նաեւ իր դստեր։
Վարդուհի Քալանթարի բանտէն արձակուիլը կը զուգադիպի Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան 1918 թուին եւ դաշնակից երկիրներու կողմէ մայրաքաղաքի գրաւման։ Վերապրողներու օգնութեան միութիւններ, քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ մամուլը կը ծաղկին այս շրջանին։ Վարդուհի հիմնադիր կը հանդիսանայ Հայրենիքի օգնութեան միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին։ Մօրը հետ Հայ կանանց ընկերակցութեան (ՀԿՄ) ֆեմինիստական կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ կը դառնայ։ Հայ Կարմիր խաչի նախաձեռնութեամբ հաստատուած հանգանակութեան կ’օժանդակէ հանրապետութեան բանակին, որ կը պատերազմէր քեմալական բանակին դէմ։ Նոյն ժամանակաշրջանին մէջ կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը։ Հայկանուշ Մառքի հրաւէրով կը թղթակցի «Հայ Կին» պարբերականին, որ ՀԿՄ-ի օրկանը կը հանդիսանար։ Այստեղ կը ստորագրէ յօդուածներ եւ «essay»- ներ, սակայն բանտի յուշագրութիւնն էր որ իրեն համբաւ ապահովեց մտաւորական եւ ազգային շրջանակներուն մէջ։
Վարդուհի Քալանթար իր մօր մահէն ետք 1921-ին, վերջնականօրէն կը հաստատուի Ամերիկա 1922 թուին, ուր կը շարունակէ իր գրական ասպարէզը։ Հայերէնով եւ անգլերէնով բազմաթիւ գործերու հեղինակ կը դառնայ։ Կ’ամուսնանայ 1923-ին մտաւորական Զաւէն Նալպանդեանի հետ եւ երկուքով կ’որդեգրեն «Զարեւանդ» գրչանունը։ Որպէս համահեղինակներ կը հրատարակեն «Միացեալ անկախ Թուրանիա կամ ինչ կը ծրագրեն թուրքերը» քաղաքական ուսումնասիրութիւնը։
Վարդուհի Քալանթարի «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» ճշմարիտ վաւերագրութիւնը մաս կը կազմէ Օսմանեան բանտի առօրեային։ Շատ զարմանալի է որ 20 տարեկան երիտասարդուհի մը, Վարդուհի, այնքան համարձակութեամբ ներկայացուցած է բանտարկեալ կիներուն ամենախրթին խառնուածքը, իրենց բարոյականութեան մինչեւ խորը տիղմին մէջ թաթախուած անհատականութիւնը եւ դրամասիրութեան պապակով չյագեցած իրենց շաղուածքը։ Ան, լաւատեղեակ ըլլալով թրքերէնին, կը ստեղծէ հարազատ վերարտադրութիւնը անոնց էութեան։ Վարդուհի գիտէ իրենց պարը, երգերը, խմբերգները, ղազէլները ու զիրենք կը ներկայացնէ այդ պատուանդանին վրայ։ Անոնք բացառիկ սիրով կապուած են իրենց ժողովրդական բարքերուն, աւանդոյթներուն, ու Վարդուհի լաւատեղեակ է անոնց։ Արձակ գեղարուեստական գրականութեան նմոյշ մըն է այս գործը եւ այն ծանր տարիները, որ Վարդուհի Քալանթար անցուց բանտին մէջ գէթ արժեւորուեցան սոյն ստեղծագործութեամբ։
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ