Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 6

August 30, 2024
in Յօդուածներ
0

 

ՅԱՐԳԵԼԻ ՍԵՐԿԷՅ ՎԻՔԹՈՐՈՎԻՉ, ՍԻՒՆԻՔՈՎ ԱՆՑՆՈՂ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶԻ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՅԱՆՁՆԵԼ

 

Բարունակ. Բարեւ, Սամուէլ, ինչպէ՞ս ես:

Սամուէլ. Լաւ եմ, Բարունակ, դուն ինչպէ՞ս ես:

Բարունակ. Լաւ եմ եւ միշտ տարածաշրջանի հարցերը հասկնալու փնտռտուքի մէջ եմ:

Սամուէլ. Ի՞նչ եղեր է նորէն:

Բարունակ. Ինձ նեղացուցին, Պելառուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոյի` «որո՞ւն պէտք են հայերը, բացի մեզմէ։ Ոչ մէկուն»  յայտարարութիւնը, իսկ անկէ յետոյ ալ  Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ «հայկական ղեկավարութիւնն է, որ «սապոթաժի» (խանգարել, խափանել)  կ’ենթարկէ պայմանաւորուածութիւնը, որուն տակ դրուած է վարչապետ Փաշինեանի ստորագրութիւնը» յայտարարութիւնը:
Սամուէլ. Իմ բարի Բարունակ, շատ մի նեղուիր: Նախ սկսինք Լուքաշենքոյէն. այս մարդը օրինականութիւնը կորսնցուցած անձ մըն է, բռնութեամբ նստած է Պելառուսիոյ նախագահական աթոռին եւ յայտնի փտած պոռոտախօս մըն է: Այս բոլոր անպատեհութիւններուն կ’ամբողջանան Հէյտար Ալիեւին հետ իր ունեցած անձնական մտերմութիւնը: Այսինքն, մէկ խօսքով, կրնաս ամբողջութեամբ անտեսել անոր խօսքերը:

Իսկ ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը լուրջ քննարկման նիւթ է: Նախ հարցնենք, որ այդ  9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութենէն ո՞ր մէկը գործադրեց ՌԴ-ն: Առաջին օրէն սկսեալ
–  Չկրցաւ կամ չուզեց զինադադարը յուսալի ձեւով  ապահովել եւ պահպանել:
– Չկրցաւ կամ չուզեց Լաչինի միջանցքը պահել իր հսկողութեան տակ, Արցախի ազգաբնակչութիւնը ենթարկելով շրջափակման:
– Չկրցաւ կամ չուզեց հայ ազգաբնակչութեան իր հողին վրայ ապահով ապրելու պայմանները ապահովել եւ պահպանել:
–  Չկրցաւ  կամ չուզեց ազատել եւ ապահով Հայաստան անցընել իրեն հաւատարիմ Արցախի վերջին իշխանութեան ներկայացուցիչերուն մէկ մասը:

Ալիեւի իշխանութիւններուն հետ պարպեց Արցախ աշխարհը եւ յանձնեց Ատրպէյճանին:

Վէրջապէս, պրն. Լաւրով շատ լաւ գիտէ, որ իրենք դուրս եկան Հարաւայէն Կովկասէն իր ղեկավարած գերատեսչութեան կոպիտ սխալներուն պատճառով, եւ հիմա եկած է վերադարձի միջոցներ փնտռելու:

Յարգելի Սերկէյ Վիքթորովիչ, հայ ժողովուրդը վստահութիւնը կորսնցուցած է Ձեր հանդէպ: Հետեւաբար, այդ Սիւնիքով անցնող միջանցքին վերահսկողութիւնը Ձեզի չենք կրնար յանձնել:

Մեր մեղքն ալ աս թող ըլլայ:

Նշմարեց՝

ՍԱՄՈՒԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

Հ.Մ.Մ.–ՊԷՅՐՈՒԹ-Ի ԱՐԻՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ

Next Post

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը

Next Post
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.