Այսօր, երիցական խումբը կը մեկնի դէպի «Ռաս էլ Մաթըն» գիւղը, որ նախատեսուած է ըլլալու Հ.Մ.Մ.-Պէյրութ-ի ընդհանուր սկաուտական շարժումին շուրջ տասնօրեայ բանակավայրը: Արդարեւ, Հ.Մ.Մ.-ի կորովի երէցները մէկ օր շուտ կը մեկնին, ընդհանուր խումբի ժամանման նախապատրաստական կարգադրութիւնները կատարելու եւ կայմը պատրաստելու համար: Երէցներու փոխխմբապետն է ընկեր Յակոբ Օրանժեանը:
Վաղը՝ Շաբաթ կէսօրին, երիցական խումբին կը միանան Հ.Մ.Մ.-ի արիներն ու արենուշները: Գեղատեսիլ ու ջինջ բնութեան մէջ վրաններու լարում, ապրանքներու տեղաւորում եւ բազմաթիւ սկաուտական հարցեր պիտի կարգի դրուին ժամանումէն ետք: Արիներու խմբապետն է ընկեր Յակոբ Վասիլեանը, իսկ արենուշներու վարիչ առաջնորդուհիներն են՝ ընկերուհիներ Մելանի Տէօվլէթեան եւ Սելին Եասին:
Վերջապէս, Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 1-ին, Հ.Մ.Մ.ի սկաուտական վաշտի կրտսեր խմբակները՝ գայլիկներն ու արծուիկները պիտի միանան ընդհանուր խումբին: Զոյգ խումբերուն աքելլան ընկեր Միսաք Տաղլեանն է եւ փոխաքելլան՝ ընկերուհի Մեղրի Պարախեանը:
Հ.Մ.Մ-Պէյրութի բանակումի խարոյկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Ռաս էլ Մաթն»ի բանակավայրին մէջ:
Հեզասահ, անվտանգ, օգտաւէտ բանակում կը մաղթենք Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն: