Դոկտոր Լուիս Մորենօ Օքամփօն՝ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազը, որ զեկոյց գրած է, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակած է որպէս ցեղասպանութիւն, 27 Օգոստոսին այցելած է Խրիմեան հայկական քոլեճ եւ հանդիպած է Պուենոս Այրեսի հայկական ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն հետ։
Հանդիպման մասնակցած են Խրիմեան վարժարանի, Մարի Մանուկեան հիմնարկի, Վիսենթէ Լոփեզի հայկական վարժարանի, Արծրունի հայկական վարժարանի եւ Մխիթարեան վարժարանի բազմաթիւ սաներ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ ազգային խորհուրդի եւ ուսումնական հաստատութիւններու վարչակազմերու ներկայացուցիչներ:
Արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են դոկտոր Մորենօ Օքամփոյին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանական շրջափակումէն յետոյ իր ստանձնած յանձնառութեան համար։ Ուսանողները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են երկու զեկոյցներուն առթիւ, որոնց մէջ արձանագրուած է Ատրպէյճանի միակողմանի յարձակման փաստը, որ աւարտած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ամբողջական գրաւմամբ եւ տեղաբնակ հայերու բռնի տեղահանմամբ։ Օքամփօն զեղային զտումներու գործընթացն ու այդ վանտալիզմի արարքը որակած էր որպէս ցեղասպանութիւն:
Մորենօ Օքամփօն իր ելոյթը սկսած է՝ իւրաքանչիւր ուսանողի կոչ ընելով մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանադրութեան (COP29) համաժողովի ժամանակ Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները դատապարտելու արշաւին: «Այսօր աշխարհի մէջ ամենամեծ խնդիրը այն է, որ չկայ դատաւոր, որ կրնայ վերափոխել իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Համաշխարհային համակարգը չունի կեդրոնական իշխանութիւն: Շատ հարցեր կը լուծուին զինուած ուժերու միջոցով: Սա այն է, ինչ որ Ատրպէյճանը կատարեց 2020 թուականին՝ տիրանալով Արցախի տարածքին»,- ըսած է Օքամփօն:
Ան ուսանողներուն առաջարկած է օգտագործել ընկերային ցանցերը՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի մէջ կատարուող յանցագործութիւնները՝ օգտագործելով շարք մը հեշթեկներ՝ #COP29, #StopGreenwashGenocide, #FreeArmenianHostages, #FreePoliticalPrisoners, #COP29Exposed, #COPout29, #COP29HomFostreeba: Անոր խոսքով՝ առաջին նպատակը Պաքուի մէջ բանտարկուած 23 հայերը ազատ արձակելն է, որոնք ան համարած է պատանդ, քանի որ, օրինակ, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարները, որոնք ձերբակալուած են, անոր պնդմամբ՝ յանցագործութիւն չեն կատարած։ Օքամփոյի կարծիքով՝ ատիկա ուղերձ է մնացած 120.000 հայերուն համար, որոնք չեն վերադառնար Լեռնային Ղարաբաղ։