Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՐԱՁԻԳ ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

August 29, 2024
in Մարզական
0
ՀՐԱՁԻԳ ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

 

 

Չեխիոյ Փլզէն քաղաքին մէջ կայացած Եւրոպայի հրաձգութեան ախոյեանութեան «Running Target» («վազող թիրախ») 10մ  մրցաձեւի կանանց պայքարի մրցումներուն առաջին օրը, հայրենի ներկայացուցիչ Գոհար Յարութիւնեան, դասուելով մեծահասակներու լաւագոյնը, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։

Մեր մարզուհին կիսաւարտականին 6:2, իսկ աւարտականին 6:1 հաշուով առաւելութեան հասաւ ուքրանացի մարզուհիներուն նկատմամբ եւ նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։

Նոյն մրցապայքարին Արուսեակ Գրիգորեանը 550 կէտով 5-րդն է, իսկ Լիլիթ Մկրտչեանը՝ 547 կէտով գրաւեց 7-րդ տեղը։

Այսպիսով, խմբային դասաւորման մէջ, Հայաստանի կանանց եռեակը՝ Գոհար Յարութիւնեան,  Լիլիթ Մկրտչեան եւ Արուսեակ Գրիգորեան, 1649 միաւոր արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր։

Տղամարդոց պայքարին Յովհաննէս Մարգարեանը 556 միաւոր արդիւնքով զբաղեցուց 12-րդ հորիզոնականը:

 

ՆՈՐԵԿ ՕԼՄՈՅԻ ՆՈՐԱՄՈՒՏԻ ՈՐՈՇԻՉ ԿՈԼԸ

Լա լիկայի երրորդ փուլին, «Ռայօ Վալեքանօ»ն սեփական յարկին տակ ընդունած էր «Պարսելոնան»։ Հանդիպման 9-րդ վայրկեանին, տանտէրերը առաջ անցան շնորհիւ Ունայի Լոփեզի՝ Ֆրութոսի «ասիսթ»ով։ 60-րդ վայրկեանին հիւրերը կրցան հաւասարեցնել հաշիւը Փեթրիի նշանակած կոլով։

«Պարսելոնա»ի նորեկ Տանի Օլմօն իր նորամուտը նշեց նոր ակումբի կազմէն ներս: Ան փոխարինեց Ֆերրան Թորէսը երկրորդ կիսախաղին սկիզբը: Իսկ հանդիպման 82-րդ վայրկեանին նշանակեց քաթալոնցիներու յաղթական կոլը՝ 2-1: Հանսի Ֆլիքի խումբը տուն վերադարձաւ՝ տօնելով Լա լիկայի երրորդ անընդմէջ յաղթանակը:

Այս խաղէն ետք «Պարսելոնա» 9 միաւորով կը գլխաւորէ մրցաշարային աղիւսակը։

Միւս մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները՝

ՎիլլաՌիալ x Սելթա Վիկօ 4 – 3

Մայորքա x Սեվիյա 0 – 0

Վալատոլիտ x Լէկանէս 0 – 0

Աթլեթիք Պիլպաու x Վալենսիա 0 – 0

 

ՈՐՈՇ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ՄԷՋ

 

2024-2025 մրցաշրջանին Չեմփիընզ լիկի խաղերուն մէջ քանի մը փոփոխութիւններ կատարուեցան: Այս մասին յայտնեց ՈՒԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքը։

Առաջին. այսուհետեւ Չեմփիընզ լիկի մէջ հանդէս պիտի գան 32-ի փոխարէն 36 խումբեր:

Երկրորդ. նախապէս, ակումբները բաժնուած էին 4-ական խումբերու, այժմ Չեմփիընզ լիկ պիտի որդեգրէ «շուէտական» համակարգը, ուր բոլոր 36 խումբերը մէկ դասակարգի մէջ ըլլալով պիտի կատարեն 8-ական հանդիպում։

1-էն 8-րդ տեղերը գրաւած խումբերը անմիջապէս պիտի մրցին «փլէյ-օֆ» փուլ։ «Փլէյ-օֆ»ի միւս տոմսերուն համար պիտի պայքարին 9-24-րդ տեղերը գրաւող խումբերը։

Երրորդ. վիճակահանութիւնը պիտի կատարուի համակարգիչի միջոցով։

ՈՒԵՖԱ-ի Չեմփիընզ լիկի 2024-2025 մրցաշրջանի եզրափակիչը պիտի կայանայ 31 Մայիս 2025-ին Միւնիխի «Ալիանս Արենա» մարզադաշտին վրայ:

 

 

 

Share68Tweet42
Previous Post

ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ ՀԵՐՈՍ ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ. 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ

Next Post

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄ

Next Post

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.