Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ ՀԵՐՈՍ ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ. 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ

August 29, 2024
in Յօդուածներ
0
ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ  ՀԵՐՈՍ ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ. 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ

 

Սփիւռքահայ երիտասարդներուն կը ներկայացնենք նմոյշ մը իրենց տարեկից, այն հսկայ փաղանգէն, որոնք «ոչ միայն բանիւ, այլ՝ գործիւ» մեկնեցան առաջնագիծ՝ պաշտպանելու իրենց հայրենիքը: Այս երիտասարդները միմիայն ազգային-հայրենասիրական երգերով չխանդավառուեցան, չունեցան հայրենիքը հեռուէ-հեռու ազատագրելու երազախաբութիւնը, անոնք չառաջնորդուեցան բաժակներու պարունակութեան զգլխիչ ցուցմունքներէն: Անոնք մահուան ընդառաջ մեկնեցան չվերադառնալու համոզումով եւ հայրենիքին սահմանները գործնապէս ապահովելու առաջադրանքով: Երիտասարդը, որուն մասին պիտի պատմենք, հազարաւոր հերոսներէն մէկն է, որ իր սեփական տան սահմանները պաշտպանելու համար մղուող մարտերէն մէկուն ծանրօրէն վիրաւորուելէ եւ հետագային ապաքինուելէ ետք այժմ մտադրած է իր «մէկ հատիկ» ձեռքով շարունակել աջակցիլ իր մէկ հատիկ հայրենիքին: Պէտք է այնպէս ընել, որ այս հերոսներուն սխրագործութիւնները օրինակ ծառայեն ներկայ երիտասարդութեան, ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով:

«Ա.»

 

«Սովորական հայրենիք». այսպէս վերնագրած է իր գիրքը 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Նարեկ Վարդանեանը: Սկսած է գրել պատերազմի ընթացքին, շարունակած՝ գանկուղեղէն ծանր վիրաւորուելէ ետք: Երկար ժամանակ մնացած է մահաքունի մէջ, ապա շարունակած է գրել գիտակցութեան աստիճանի տատանումներու, յիշողութեան կորուստ-վերադարձներու եւ վերջ չունեցող գլխացաւերու ժամանակ: «Սովորական հայրենիք»-ը հիմա կ’ապրի ինքնուրոյն կեանքով, Նարեկը՝ նոյնպէս: Կ’ըսէ՝ եթէ «Զինուորի տան վերականգնողական կեդրոնը» գոյութիւն չունենար եւ ինք այնտեղ բուժում չստանար, ապա ոչ միայն պիտի չկարենար գրել, այլեւ հասկնար՝ թէ ո՞վ է ինքը:

Նարեկ Վարդանեանը ծնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիր աղբիւր գիւղը (նախկին Շամշատինի շրջան, Բերդ քաղաքէն մօտ 6 քմ հիւսիս-արեւելք), թշնամիի սահմանէն քանի մը հարիւր մեթր հեռու:

Տեսանիւթին մէջ ան կը պատմէ, թէ «անընդհատ մեր տան վրայ արկեր կը նետէին: Այդ օրերէն սկսեալ կարծէք շարժապատկեր, «կինօ» ըլլար ինծի համար: Եւ այդ «կինօ»ն շարունակուեցաւ մինչեւ 2020 թիւը, երբ վիրաւորուեցայ: Սակայն կը թուի թէ այդ «կինօ»ն անընդհատ կը շարունակուի»:

Մինչեւ վիրաւորուիլս կը գրէի: Նպատակս՝ ոչ այնքան պատերազմի տեսարանները նկարագրելը, այլ՝ ներդրումս բերել մեր գործած սխալները չկրկնելու կամ նուազեցնելու համար:

Երբ պատերազմը սկսաւ սկսայ ծառայել բանակին մէջ: Սովորութեանս համաձայն կը գրէի այս նոր, հետաքրքրական միջավայրին մասին, ուր մարդիկ հաւաքուած էին, մին՝ կամաւոր, միւսը՝ «զոռով» բերուած, որ կ’ուզէր բանակէն փախչիլ:

Զիս բերին գլուխէս վիրաւոր, պառկած վիճակի մէջ եւ ես հետագային քալելով վերադառձայ տուն, այսինքն Տաւուշի մարզի ներքին Կարմիր աղբիւրի իմ տունը:

Այժմ, կը փափաքիմ վերականգնուիլ, ապաքինուիլ, նպատակ ունենալով դարձեալ ոտքի կանգնելով օգտակար դառնալ հայրենիքիս ինչ որ բանով:

Գիրքս՝ «Սովորական հայրենիք»ը սովորական մարդոց մասին է, սովորական Նարեկին ընկերներուն մասին է:

Եթէ մենք չունենայինք Զինուորի տան Վերականգնողական կեդրոնը ես տակաւին պառկած կ’ըլլայի որպէս «ինչ որ մէկը» եւ չէի հասկնար, թէ ո՞վ եմ, ի՞նչ եմ, ինչո՞ւ համար կ’ապրիմ:

Փառք Աստուծոյ, որ ունիմ մէկ հատ ձեռք եւ այդ ձեռքին վրայ հիմնուելով պիտի շարժիմ յառաջ:

Գիրքս կ’աւարտեմ ըսելով հետեւեալը.- անոնք որ պատերազմին մասնակցեցան հերոսներ չէին, սովորական մարդիկ էին, որոնք ծնած էին ոչ թէ հերոսներ դառնալու, այլ՝ ապրելու, եւ ինչ որ բան մը արարելու համար:

 

«ՇՈՂԱԿԱԹ» հեռուստաընկերութեան պատրաստած «Սովորական հայրենիք» տեսահոլովակէն:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

«ԾԱԾԱՆՈՒԵՑԱՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՎԵՀ ԴՐՕՇԱԿ»

Next Post

ՀՐԱՁԻԳ ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Next Post
ՀՐԱՁԻԳ ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՀՐԱՁԻԳ ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.