Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ՏԵՍԻԼՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ՅՈՅՍ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՔՐԷՏԷՅԻ ՄԷՋ

August 29, 2024
in Գաղութային
0
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ՏԵՍԻԼՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ՅՈՅՍ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՔՐԷՏԷՅԻ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Քրէտէյի Հայոց հոգեւոր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, Կիրակի 25 Օգոստոս 2024-ին, Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացումը, եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին գաղութի անդամներ, յոյն բարեկամներ եւ այցելու հայեր՝ Ֆրանսայէն։

 

Բացման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։ Ան վեր առաւ քանի մը յօդուածներ եւ ընդգծեց անոնց միջոցաւ գիրքին միտք բանին։ «Հայկական սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

 

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ ընկերալեզուաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիրքին խմբագիրը, ներկայացուց խմբագրական աշխատանքին տարբեր փուլերը։ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նաեւ խօսեցաւ հայ մշակոյթի եւ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէս այս գիրքը կը նպաստէ հայկական մշակոյթի եւ լեզուի սատարման։

 

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ գիրքին հեղինակը, խօսեցաւ մէկ կողմէ գիրքի տարբեր հատուածներուն եւ մասերուն մասին, բայց նաեւ ներկայացուց իր փորձառութիւն-տպաւորութիւնները տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններուն ընդմէջէն եւ ունեցած հանդիպումները հայերու հետ։ Ան աւելի քան իննսուն երկիրներ ճամբորդած է իր աշխատանքային ասպարէզին միջոցաւ եւ ժամանակ տուած է նաեւ տեսնելու հայկական իրականութիւնները։ Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մասին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին եւ ընդգծեց Հայրենիքին կարեւոր դերը հայապահպանումի եւ ազգային ինքնութեան եւ գիտակցութեան պահպանումին մէջ՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։ Ան քաջալերեց քրէտահայ գաղութը որ չյուսահատի հայապահպանումի իր առաքելութեան մէջ։ «Հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք բոլորս եւ տարբեր գաղութներու մէջ», ըսաւ Դոկտ. Ճէպէճեան եւ եզրափակեց. «Այս պատերազմը որքան ալ դժուար ըլլայ, պիտի չյուսահատինք»

 

Փակման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը, որ նաեւ յունարէնով հակիրճ կերպով տուաւ նկարագրականը արտասանուած խօսքերուն, նկատի ունենալով որ ելոյթին  ներկայ էին եկեղեցիին յոյն բարեկամները։

 

Շնորհահանդէս-ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃԷՐԷՃԵԱՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻԻ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՒԼԵՐԸ

Next Post

«ԾԱԾԱՆՈՒԵՑԱՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՎԵՀ ԴՐՕՇԱԿ»

Next Post
«ԾԱԾԱՆՈՒԵՑԱՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՎԵՀ ԴՐՕՇԱԿ»

«ԾԱԾԱՆՈՒԵՑԱՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՎԵՀ ԴՐՕՇԱԿ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.