ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻ լիբանանահայ գաղութի հասարակական–ազգային–քաղաքական կեանքէն ներս մօտ քառորդ դարու ժամանակաշրջան մը իր հանրանուէր գործունէութեամբ եւ դերակատարութեամբ լեցուցած այն ականաւոր դէմքերէն է, որոնք հետք ձգեցին իրենց ետին, պատմութիւն կերտող շաղախը հանդիսացան եւ յետնորդներուն ժառանգ ձգեցին իրենց կեանքէն եւ կենսագրութենէն փայլող էջերը…։ Եւ պատահական չէ, որ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի որոշումով, կուսակցութեան մասնաճիւղերէն մին արժանաւորապէս անուանակոչուած է մեծ ղեկավարին անունով՝ «Յարութիւն Կուժունի» մասնաճիւղ:
իր ծանրախոհութեան, ազգային համախմբուածութեան ու հայկական հողին ու պետականութեան կառչածութեան, ինչպէս նաեւ՝ վարչագէտի, ծրագրողի ու կազմակերպողի, վերլուծաբանի ու հեռատեսի, դիւանագիտական ճկունութեամբ չափաւորականի, համերաշխասէրի, բայց նաեւ իր սկզբունքներէն ու համոզումներէն անզիջողի, հայրենասէրի տուեալներով դարձաւ ղեկավարի ազնուագոյն տիպարը կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ լիբանանահայութեան ղեկավարի տիպարը:
Ստորեւ տիպար ղեկավարին կեանքի փուլերը:
Հաճընցի Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ ամոլի չորրորդ զաւակը՝ Յարութիւն, ծնաւ գաղթի ճամբուն վրայ, Գոնիա քաղաքին մէջ, 1916-ի Զատկուան Կիրակի օրը եւ այդ պատճառաւ զինք անուանած են Յարութիւն։
Կիլիկիոյ պարպումին պատճառաւ, 1922-ին Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ իրենց զաւակներով կը փոխադրուին Լիբանան, ուր 1924-ին Յարութիւնին հայրը՝ Զաքարիա կը մահանայ տիրող համաճարակ մալարիայի պատճառաւ։ Յարութիւն իր չորս եղբայրներով կը մնայ որբ։
Յարութիւն իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայկական հիւղաւանի՝ Քէմփի– Հայ Աւետարանական վարժարանին նախակրթարանին մէջ։
Ապա իր ուսումը կը շարունակէ ֆրանսական Սաքրէ Քէօր վարժարանին մէջ մինչեւ Սէրթիֆիքա։ Պետական քննութիւնները կ՚աւարտէ մեծ յաջողութեամբ։
Քաջալերուած իր յաջողութենէն եւ ուսման բուռն փափաքէ մղուած, Յարութիւն կ’ուզէ շարունակել իր ուսումը մինչեւ համալսարան եւ մասնագիտութիւն։ Դժբախտաբար այդ օրերուն նիւթական անձուկ պայմաններու բերումով չի կրնար մտնել քոլէճ։ Մօրը բազմաթիւ դիմումները զանազան բարեսիրական ու ազգային միութիւններու կը մնան ապարդիւն։ Յարութիւն կոտրած սրտով եւ արցունքոտ աչքերով ստիպուած կ՚ըլլայ ընդունիլ դառն իրականութիւնը…։ Սակայն, չի յուսահատիր։ Ան կը ջանայ «կեանքի համալսարանին» մէջ կատարելագործել իր ուսումը, թէ՛ կեանքի ասպարէզին մէջ աշխատելով եւ թէ՛ ինքնաշխատութեամբ ուսում ամբարելով․ կարդալ հայերէն եւ ֆրանսերէն գիրքերու մէջ պարզուած միտքերը, գաղափարները, խորհուրդները իւրացնելով ու վերլուծելով։ Մոլի ընթերցող մըն էր։
Կեանքի ասպարէզ կը մտնէ առեւտրական զբաղումով։ Կարճ ժամանակի մէջ կը հմտանայ առեւտրական դրուածքի նրբութիւններուն եւ 1940-ին եղբօր հետ կը հիմնեն «Ճէրէճեան եղբայրներ» առեւտրական ընկերութիւնը։ 1941-ին, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, կը հիմնեն խաւաքարտ արտադրող փոքր գործարան մը, որ կ’ունենայ մեծ յաջողութիւն։
1936-ին Յարութիւն մուտք կը գործէ Ս.Դ.Հ.Կ. Ուսանողական «Կայծ» միութենէն ներս եւ հասարակական կեանքի մէջ արձանագրած յաջողութիւններով կ՛արժանանայ կուսակցութեան ղեկավարութեան ուշադրութեան։ Ուսանողական միութենէն ներս տիրող Պոլսոյ «Կայծեան» սերունդի գաղափարաշունչ մթնոլորտին մէջ եւ փորձառու ղեկավարներու շունչին տակ կը կազմաւորուի իր կուսակցական, ազգային-քաղաքական նկարագիրը եւ տարիներու ընթացքին ան բարձրանալով կուսակցութեան աստիճաններէն կը հասնի մինչեւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտoնին, որ յաջողութեամբ տարաւ մինչեւ իր մահը։
Ան իր իմաստալից դասախօսութիւններով մեծապէս նպաստեց նոր սերունդի քաղաքական, գաղափարական, ազգային քատրերու կազմաւորման գործին։ Այդ սերունդի բազմաթիւ անդամներ կուսակցական ղեկավարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային հրապարակի վրայ, Լիբանանի թէ Սփիւռքի մէջ, ցարդ պատասխանատու դերեր վերցուցած են։
Յարութիւն Կուժունի ունի բազմաթիւ յօդուածներ «Արարատ» օրաթերթին մէջ, որոնք կ’արտատպուէին Եգիպտոսի «Ջահակիր», Պուէնոս Այրէսի «Շարժում», Նիւ Եորքի «Երիտասարդ Հայաստան» եւ այլ թերթերու մէջ: Օտար մամուլի թղթակիցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցներով լաւապէս կը պարզէր Հնչակեան կուսակցութեան կեցուածքը՝ ազգային ու միջազգային հարցերու շուրջ եւ որոնք մեծապէս կը գնահատուէին Լիբանանի քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ։
1948-ի Մարտ ամսուան մէջ, Յ. Կուժունի սկսաւ վերահրատարակել «Առաւօտ» օրաթերթը, ուր իր վերլուծական-քաղաքական սուր յօդուածներով կը ձաղկէր Լիբանանի կառավարութեան սխալ որոշումները։ Այդ պատճառաւ ալ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով փակուեցաւ թերթը։
Յարութիւն Կուժունի աշխուժօրէն մասնակցեցաւ Լիբանանի քաղաքական շարժումներուն (սերտ բարեկամութեամբ գործակցեցաւ Սոցիալիստ Յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր ու նախագահ Քամալ Ճումպլաթի հետ)։ Զանազան կուսակցութիւններու ղեկավար դէմքերու, ինչպէս նաեւ պետական պատասխանատու անձերու՝ վարչապետներ Ռիատ Սոլհի, Սաէպ Սալամի, Հիւսէյն Աուէյնիի, Ռաշիտ Քարամէի, նախագահ Զօր. Ֆուատ Շեհապի, Քամիլ Շամունի, նախարարներ Ռէյմոն Էտտէի, Փիեռ Ժըմայէլի, Ժոզէֆ Շատէրի, Փիեռ Էտտէի, Նասրի Մաալուֆի եւ այլոց հետ իր յաճախակի հանդիպումներուն ընթացքին կը պարզէր իր միտքը եւ կը ջանար շեշտել հայ համայնքին դերը լիբանանեան «մոզայիքին» մէջ եւ կը պահանջէր որ անոր տրուի արժանի տեղը երկրի զանազան կառոյցներէն ներս:
Յ. Կուժունի աքթիւ մասնակցութիւն ունէր Լիբանանի «Ազգային եւ Յառաջդիմական Համախմբում»էն ներս։ Յ. Կուժունի ջատագովն ու համոզուած գործիչն էր Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան ու կապերու զարգացման։ Մեծ վարկ կը վայելէր Հայաստանի ղեկավար անձերու մօտ, որոնք մեծ յարգանքով կ’ընկալէին իր միտքերը։ Այդ վարկը քաջալերեց Յ. Կուժունին, որ 1961 թուին Երեւանի մէջ Խ․ Հայաստանի 40-ամեակին առիթով, Ս.Դ.Հ.Կ.ի պատուիրակութեան եւ կուսակցութեան անունով Խ․ Միութեան Կոմկուսի առաջին քարտուղար եւ նախագահ Նիքիթա Խրուշչեւէն պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի կցումը Խ․ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գրաւած արեւմտեան Հայաստանի հողերը։
Յարութիւն Կուժունի իր միջազգային գործունէութեան մէջ գտած յաջողութիւններուն շնորհիւ անդամ էր նաեւ Միջազգային խաղաղութեան խորհուրդին, որուն անդամ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա․։ Յ․ Կուժունի յաճախ կը հրաւիրուէր եւ կը մասնակցէր այդ Խորհուրդի ժողովներուն ի Մոսկուա, Հելսինքի, Պերլին, եւլն.։
Յ. Կուժունի իր ազգային-քաղաքական, ինչպէս նաեւ միջլիբանանեան եւ միջազգային գործունէութեան մէջ եղած է dialogue-ի (երկխօսութեան) ու իրար հասկացողութեան մարդը, հետեւաբար իր լոզունգն էր «տրամաբանել-վերլուծել, համոզուիլ եւ ապա համոզել ու եթէ կարելի եղաւ համագործակցիլ»։ Ան դէմ էր ծայրայեղ մտածումներու եւ միջոցառումներու։ Ասոր փաստերը ան տուաւ յաճախ․ օրինակ՝ 1958-ին լիբանանեան ներքին կռիւներու ժամանակ, երբ բաժնուած էր հայ համայնքը եւ տեղի ունեցան շատ ցաւալի եղբայրասպան դէպքեր, Յարութիւն Կուժունին, որպէս ատենապետ Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի Վարիչ Մարմնոյ, նախաձեռնութիւն վերցուց եւ անակնկալօրէն գնաց այդ շրջանին Հ.Յ.Դ.ի Լիբանանի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ (ատենապետ) տոթ. Եղիկ Գոնեալեանի տունը եւ միասնաբար երկու ղեկավարներ համաձայնեցան վերջ տալ եղբայրասպան կռիւներուն։ Հայ ժողովուրդը շատ բարձր գնահատեց այդ իրար հասկացողութիւնը։ Այնուհետեւ տիրեց ոչ միայն խաղաղութիւն հայ համայնքէն ներս, այլ սկիզբը դրուեցաւ իրար-հասկացողութեան եւ համագործակցութեան։
1972-ին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի 12-րդ համագումարը, շնորհիւ իր ջանքերուն, որդեգրեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ երկխօսութեան եւ ազգային հարցերը միասին քննելու սկզբունքը։
Յ. Կուժունի իր քաղաքական, հասարակական գործունէութեան առընթեր մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր հայ ազգային կրթական գործին։ 1965 թուին Հնչակեան կուսակցութեան 11-րդ համագումարի որոշման հիման վրայ նախ հիմը դրաւ Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան եւ 1967 թուին իր հետ առնելով միութեան վարչութեան անդամ Գնէլ վարդապետ Ճէրէճեանը (ետքը արքեպիսկոպոս) հինգ ամիս, հակառակ իր վատառողջ վիճակին, ձգեց իր անձնական գործը եւ միասնաբար գացին Ուրուկուէյ, Արժանթին, Պրազիլ, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի զանազան քաղաքներ, ապա՝ Զուիցերիա եւ Ֆրանսա։ Ամէն տեղ բացատրեցին կրթական բարձրագոյն քոլէճի մը անհրաժեշտութիւնը եւ կատարեցին հանգանակութիւն։ Իր տեսիլքն էր լիբանանահայ գաղութին հնագոյն վարժարանը հանդիսացող «Սահակեան կրթական օճախը» օժտել նոր, արդիական կառոյցով, ուր գային պատրաստուելու հայաչունչ ոգիով եւ շունչով հայ մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն՝ պատրաստելով ուսուցիչներ հեռաւոր հայկական գաղութներու համար։ Ուստի հանգանակութիւնը տուաւ լաւ արդիւնք եւ 1973–1974 թուականներուն գնուեցաւ հողը եւ իրականութիւն դարձաւ Սահակեան–Լեւոն Մկրտիչեան Քոլէճի արդիական շէնքը Պէյրութի գետին աջ ափին՝ Սին-Էլ-Ֆիլի գեղատեսիլ շրջանին մէջ։
Կուսակցական գաղափարական իր հաստատ համոզումներուն եւ սկզբունքներուն կառչած մնալով հանդերձ, եղաւ ջատագովը եւ դրօշակակիրը ազգային համագործակցութեան։ 1975-ին ծայր տուած լիբանանեան պատերազմի (որ 16 տարի քանդեց եւ երկիրը եւ երկրին տնտեսութիւնը) առաջին օրէն ըսաւ, թէ «այս պատերազմը ուրիշին կռիւն է մեր հողին վրայ» եւ կոչ ըրաւ համազգային միացեալ դիրք ճշդելու։ Բարեբախտաբար հայ ազգային երեք կուսակցութեանց փորձառու ղեկավարները անմիջապէս իրարու քով եկան եւ որդեգրեցին Յ. Կուժունիի առաջարկած «դրական չէզոքութիւն» ուղեգիծը եւ հիմը դրին կուսակցական ժողովներու, որոնք շարունակուեցան ամբողջ պատերազմի ընթացքին ի շահ Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին։
Դժբախտաբար, 13 Մայիս 1976-ի գիշերը, յանկարծակի ուղեղային տագնապի (hémorragie cérébrale) պատճառաւ վերջ գտաւ ազգային-հասարակական, կուսակցական, քաղաքական բազմաճիւղ եւ հարուստ վաստակաւոր այս մեծ մարդուն կեանքը։
Իր համազգային թաղման առիթով խօսուած դամբանական ճառերը, յետմահու դրուած բազմաթիւ յօդուածները եղան իր կարճ ու բեղուն կեանքին ծաղկեպսակները։
«Լիբանանահայութեան ղեկավարի տիպարներէն՝ Յարութիւն Կուժունի», խմբագիր՝ Պէպօ Սիմոնեան, Պէյրութ 2002