Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ՝ THE JERUSALEM POST-ԻՆ ՄԷՋ

August 29, 2024
in Հայաստան
0
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ՝ THE JERUSALEM POST-ԻՆ ՄԷՋ

Իսրայէլեան The Jerusalem Post հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ 27 Օգոստոսին լոյս տեսաւ ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ յօդուածին մէջ հրատապ կոչ կ՛ուղղուի՝ Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասը պաշտպանելու։

Հեղինակը յօդուածի մուտքին կը յիշեցնէ, որ Երուսաղէմը համաշխարհային բնոյթով մշակութային կեդրոն մըն է եւ անոր յատկութիւնը միաստուածեան երեք կրօններու օրրանը ըլլալն է։ Երուսաղէմի ուժին եւ իւրայատկութեան, նաեւ ներուժին յարատեւութիւնը կախեալ է անոր միջկրօնական եւ մշակութային ինքնութեան տեւականացումէն, կը շեշտէ յօդուածագիրը, որ կը ներկայացնէ նաեւ պատմական համայնապատկեր մը, որ կը մատնանշէ, թէ հայոց ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ կը հասնի մինչեւ 4-րդ դար, իսկ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կը գործէ 7-րդ դարէն ի վեր։ Յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ այս փառաշուք պատմութիւնը բաւարար չէ, որ փոքրաթիւ հայ համայնքը կարենայ յաղթահարել Հայկական թաղամասը ձեռք ձգելու ծայրայեղ աջակողմեաններու յաւակնութիւնը։

Կը շեշտուի նաեւ, որ սաղիմահայութիւնը քաղաքի ամէնէն փոքրաթիւ եւ ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ։ Հազիւ 2 հազար հոգի կը հաշուէ այս հաւաքականութիւնը, իսկ անոր կալուածներուն տիրանալու՝ օտարներու ջանքերը պատճառ կը դառնան դժուարութիւններու եւ սադրանքներու։

Յօդուածագիրը կը բացատրէ, որ Եաֆայի դուռէն դէպի Հրէական թաղամասը ուղղութեան վրայ՝ Հայկական թաղամասը ունի բաւական նախանձելի դիրք մը։

Յօդուածագիրը Իսրայէլի իշխանութեան «բարոյական եւ ռազմավարական պարտաւորութիւնը կը նկատէ» Հայկական թաղին դիմագիծին պաշտպանութիւնը, զայն վերածելով աշխարհի քրիստոնեաներուն համար կարեւոր ուխտավայրի մը։

Share62Tweet39
Previous Post

«ՇԱՏ ԲԱՆ ԿԱԽԵԱԼ Է ԱՆԿԷ, ԹԷ ՀԱՅԵՐԸ ՈՐՔԱ՛Ն ՓԱՓԱՔ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ» Կ’ԸՍԷ ՕՔԱՄՓՕ

Next Post

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃԷՐԷՃԵԱՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻԻ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՒԼԵՐԸ

Next Post
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃԷՐԷՃԵԱՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻԻ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՒԼԵՐԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃԷՐԷՃԵԱՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻԻ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՒԼԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.