26 Օգոստոսէն 8 Սեպտեմբեր Փարիզի մէջ կայացող փարալիմփիք խաղերուն ծիրէն ներս, Հայաստանի փարալիմփիք հաւաքականը մեկնած է Փարիզ, ուր պիտի մասնակցի ամառնային փարալիմփիք խաղերուն:
Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի ազգային փարալիմփիք հաւաքականի մարզիկներ՝ Կրեթա Վարդանեանը (փարա-ծանրամարտ), Սմբատ Կարապետեանը (սայլակավազք) եւ Սարգիս Ստեփանեանը (գունդի հրում):
Հայաստանի փարալիմփիք հաւաքականը կը գլխաւորէ Փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեանը:
1960 թուականին ծնունդ առած «Stoke Mandeville Games» անունով, իսկ հետագային՝ փարալիմփիք խաղերը տեղի կ’ունենան չորս տարին անգամ մը, ամառնային ողիմպիական խաղերէն անմիջապէս ետք:
ՔՐԻՍԹԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՌՄԲԱՐԿՈՒՆ
«Նասր»ի եւ Փորթուկալի հաւաքականի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն ՈՒԵՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերինի կողմէ պիտի ստանայ յատուկ մրցանակ մը՝ «Չեմփիընզ լիկի խաղարկութեան պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու» տիտղոսով։
Մրցանակը 39-ամեայ ֆութպոլիստին պիտի յանձնուի 29 Օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ կայանալիք՝ Չեմփիընզ լիկի 2024-25 մրցաշրջանի խմբային փուլի վիճակահանութեան արարողութեան ժամանակ։
«Սպորթինկ»ի, «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի, «Ռէալ»ի եւ «Եուվենթիւս»ի նախկին յառաջապահը Չեմփիընզ լիկի 183 խաղերու ընթացքին դարձած է 140 կոլի հեղինակ։ Ան 11 կոլով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքը գրաւող Լիոնէլ Մեսսիին, իսկ 46 կոլով՝ երրորդ հանդիսացած Ռոպերթ Լեւանտովսքիին:
Ռոնալտօն Չեմփիընզ լիկի 7 մրցաշրջան աւարտած է որպէս լաւագոյն ռմբարկու, աւելի շատ, քան ոեւէ այլ ֆութպոլիստ: Ան նաեւ Չեմփիընզ լիկի 2013-14 մրցաշրջանին 17 կոլով դարձած է մրցանշակիր:
ՍՎԷՆ-ԿՈՐԱՆ ԷՐԻՔՍԸՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Անգլիոյ՝ 2001-2006 թուականներու եւ «Մանչեսթըր Սիթի»ի նախկին մարզիչ Սվէն-Կորան Էրիքսըն Երկուշաբթի առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց՝ քաղցկեղի դէմ յամառ պայքարէ ետք: 76-ամեայ Էրիքսըն կարճ ժամանակէ մը ի վեր կը տառապէր ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղով:
Այս առիթով, ողբացեալ մարզիչին ընտանիքը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց իրենց ամուսնոյն, մեծ հօր, հօր եւ հարազատին մահը, խնդրելով բոլորէն յարգել ընտանիքին փափաքը՝ առանձին սգալու եւ չխանգարելու զիրենք՝ տարբեր միջոցներով կապուիլ փորձելով: