Սկաուտական ուղիէն անցած իւրաքանչիւր մարդ կը գիտակցի, թէ այս շարժումը կեանքի լոկ ժամանակաւոր, անցողակի փուլ մը չէ, այլ լիակատար ապրելակերպ ու մտածելակերպ է, ինքնին կեանք է, որ կը շաղախուի մարդուն ընկերային դիմագիծին եւ կենցաղին հետ՝ ձգելով իր անջնջելի դրոշմը: Այս իրականութենէն բիւրեղացած է ծանօթ «Սկաուտը միշտ կը մնայ սկաուտ» (Once a scout, always a scout) տրամաբանութիւնը:
Իր սկաուտական հարուստ եւ խորիմաստ աւանդոյթներով ծանօթ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտական շարժումը «Սկաուտը միշտ կը մնայ…» խորագրին տակ կազմակերպեց իր 2023-24 սկաուտական տարեշրջանի եզրափակիչ մեծ բանակումին խարուկահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 Օգոստոսի երեկոյեան, Պաապտա գաւառի Պթըխնէյ գիւղին մեձակայ անտառին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի ՀԲԸՄ Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներու, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ վարչութեան անդամներու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղի Գործադիր մարմինի եւ զանազան վարչութիւններու ատենապետներուն ու ներկայացուցիչներուն, սկաուտներու ծնողներու, վեթերաններու եւ հիւրերու:
ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներուն մնայուն ընկերակից «Անդրանիկ» փողերախումբին գլխաւորութեամբ սկաուտական բոլոր խումբերու տողանցքով մուտքէն եւ քայլերգներու կատարումէն ետք, ՀԵԸ սկաուտական շարժումներու հոգեւոր հովիւ Տէր Ղէւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան աղօթքով տուաւ խարուկահանդէսին մեկնարկը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտութեան ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեան եւ խմբապետ Սեւակ Հաճէքեան հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեցին շարժումին խօսքը, որուն մէջ թուեցին տարեշրջանին եւ բանակումին յաջողութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք տարուան ամբողջ ընթացքին աջակցած էին իրենց: Անդրադառնալով ներկայի աննպաստ պայմաններուն, Փոլաճեան եւ Հաճէքեան ողջունեցին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետ-խմբապետուհիներու հոգատարութեան: Անոնք երախտանքի յատուկ խօսք ուղղեցին նաեւ Պթըխնայի քաղաքապետութեան եւ գիւղացիներուն, որոնք ուշադրութեամբ հետեւած էին բանակավայրի ապահովութեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր խօսքին մէջ գնահատեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ շարունակական զարգացումը: Դիտել տալով, որ ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումը ծնունդ տուած է իրերայաջորդ տիպար սերունդներու, Չերչեան շեշտեց, որ Միութեան հիմնադիր ղեկավարներուն գրաւը տեղին էր, որովհետեւ ՀԵԸ-ի հովանիին տակ այդ սերունդները մկրտուած են տոկալու կամքով, չարքաշութեամբ եւ մարդկային արժանիքներով, միշտ պատրաստ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու կարիքաւորին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի բոլոր վարչութիւններուն, որոնք ձեռք-ձեռքի տալով զօրակցեցան սկաուտական շարժումին՝ իրականացնելու բացառիկ բանակում մը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն: Չերչեան ապա բացատրեց, թէ շատ դիւրին էր այսպիսի զգայուն օրերուն բանակումները չեղարկել, սակայն այս պարագային վճռակամութիւն կար սկաուտները չզրկել տարեկան կարեւորագոյն ձեռնարկէն, շնորհիւ չընկրկող խմբապետ-խմբապետուհիներուն, որոնք անհուն զոհողութեամբ ապահով, օգտակար եւ առողջ միջավայր ստեղծեցին բոլոր սկաուտներուն համար: Չերչեան մասնաւորաբար գնահատեց ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեանը՝ ամէն օր անձնական աշխատանքի ժամերէն ետք բանակավայր բարձրանալուն եւ ծրագրի ամբողջական գործադրութեան հետեւելուն համար: «Ահա՛ այս է ՀԵԸ-ի շարունակականութեան ոգին», ըսաւ ատենապետը եւ յիշեցուց, որ այսպիսի անձերու շնորհիւ միշտ վառ է Միութեան հայանուէր ջահը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը 93 տարի հետեւողաբար կը մնայ հայ ազնիւ երիտասարդ առաջնորդներուն դարբնոցը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Ինքնատոսեան-Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ բանակումին յաջողութիւնը կը կայանար ոչ միայն խումբերուն իրականացուցած ծրագրերուն եւ սորված հմտութիւններուն, այլ բոլոր անդամներուն միջեւ աւելի ամրացած համագործակցութեան ոգիին մէջ, որուն շնորհիւ կրտսերագոյն թիթեռէն երիցագոյն խմբապետը միացուցին իրենց անհատական ջանքերը՝ յանուն հաւաքական շահին: Նկատելով, թէ մէկ ձեռքով կարելի չէ վրան լարել կամ սկաուտական կայմ կազմել, այլ անհրաժեշտ է ջանքերու մէկտեղում, Ինքնատոսեան-Ճէպէճեան հպարտանքով արձանագրեց, որ խումբին խորհրդանիշը հանդիսացող դրօշակակիր կայմը բարձրացնելու դժուարին գործը կատարուած էր ոչ միայն բոլոր սկաուտներուն աշխատասիրութեամբ, այլեւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի վեթերան սկաուտներու բանակավայր ժամանումով եւ իրենց բաժին ջանքերու ներդրումով՝ առ ի գործադրութիւն «Սկաուտը միշտ կը մնայ սկաուտ» եւ «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբաններուն: Բացայայտելով, թէ խմբապետերէն շատեր իրենց աշխատանքային գրասենեակները բանակավայր փոխադրած եւ տարեկան արձակուրդը բանակումին նուիրած էին, Գործադիր մարմինի ատենապետուհին աւետեց, թէ որպէս շարունակականութիւն, նոյն ոգին այժմ կը փոխանցուի կրտսեր խումբերու անդամներուն, որպէսզի նշեալ գիտակցութիւնը միշտ վառ մնայ ՀԵԸ-ի գալիք սերունդներուն մէջ եւս:
Սկաուտական խորհրդաւոր ցուցադրութենէ ետք սկաուտները նետաձգութեամբ վառեցին խարոյկը, ապա իրենց սկաուտական եւ գեղարուեստական ելոյթներով իւրաքանչիւր խումբ բառ մը աւելցուց «Սկաուտը միշտ կը մնայ…»-ի աւարտին՝ ամբողջացնելով խորագիրը: Եւ այդպէս, հանդիսատեսները ըմբռնեցին, թէ սկաուտը միշտ կը մնայ հաւատարիմ իր խումբին եւ արժեհամակարգին, միշտ կը մնայ տիպար հայ, միշտ կը սիրէ իր մշակոյթը, միշտ կը պարէ եւ կ’ուրախանայ ուրիշներու հետ, միշտ կը ձգտի լաւագոյնին, միշտ ստեղծագործ է ու ծառայասէր, եզրակացնելով որ իր կեանքին ընթացքին ուր որ երթայ եւ ինչ որ ընէ՝ «Սկաուտը միշտ կը մնայ սկաուտ»:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ