Ծնած է Իսթանպուլ: Քանի մը տարի Մաքրուհեան ու Էսայեան վարժարանները յաճախելէ ետք, անցած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարան եւ աւարտած` 1944-ին, դասընկեր ունենալով Ռ. Հատտէճանը, Գ. Սեւանը եւ Ա. Գամպուրեանը։ 1951-ին բժիշկ վկայուած է Իսթանպուլի համալսարանէն: 1957ին՝ մասնագէտ սրտի եւ ներքին հիւանդութեանց: 1968-ին արժանացած է «տոցենդ» տիտղոսին: 1944-էն մինչեւ 1981 թուական դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն՝ Վիեննական Մխիթարեան եւ Էսայեան վարժարաններու եւ Մէրամէթճան միջնակարգ վարժարանին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի տարիներէն սկսեալ աշխատակցած է իսթանպուլահայ մամուլին, մասնաւորաբար «Մարմարա»ի գրական էջերուն։ Գրած է բանաստեղծութիւն, պատմուածք, նորավէպ, մենագրական եւ գրադատական էջեր, քրոնիկներ եւ բժշկագիտական ուսումնասիրութիւններ հայերէնով թէ թրքերէնով: Որպէս գրող եւ կրթական մշակ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Վազգէն Ա.-ի կողմէ արժանացած է «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանին:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐ
ա- բանաստեղծութիւն
- Լուսայգ – Իսթանպուլ, 1989
- Չորս տող միայն – Իսթանպուլ, 1993
- Բարի աստղի տակ – Իսթանպուլ, 1999
- Հերկ ու բերք – Իսթանպուլ, 2001
- Sadece Dört Dize (Չորս տող միայն), (թրքերէն) – Իսթանպուլ, 2004
բ- արձակ էջեր
– Մխիթարեանի պարտէզէն (յուշագրութիւն) – Իսթանպուլ, 1992
– Նոյն արեւուն տակ (քրոնիկներ) – Իսթանպուլ, 1996
գ- բանասիրական
-Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան (1923-1975) – Իսթանպուլ, 1975
դ- բժշկագիտական
– Կենսաբանական ցաւերու եւ ծերութեան արդի դարմանումը Նիւթ Հ 3 ով – Իսթանպուլ, 1965
– Փրոֆ. Աննա Ասլանի դարմանումի եղանակը իր գիտական հիմերով – Իսթանպուլ- 1965
– Էնֆարքթիւսներու սուր տագնապներուն առաջին ժամերուն ախտաճանաչումը (ֆրանսերէն) – Իսթանպուլ, 1968
ե- խմբագրական աշխատանք
– (Մառի Սարաֆեանի, Հերմինէ Գալուստեանի եւ Եդուարդ Սիմքէշեանի աշխատակցութեամբ) Յուշամատեան Էսայեան Լիսէի 75-ամեայ յոբելեանի հանդիսութեան (1895-1970). պատմութիւն 1955-1970 շրջանի – Իսթանպուլ- 1970
ե- վերծանում
– Պատարագամատոյց (կրօնագիտական) – Իսթանպուլ, 2001
Ստորեւ կը ներկայացնենք նմոյշ մը Վարդ Շիկահերի քերթուածներէն, բարի եւ անխոնջ օր մը մաղթելով «ԱՐԱՐԱՏ»ի մշակութասէր ընթերցողներուն:
ԿԸ ՅՈԳՆԻ ԿԵԱՆՔԸ
Գետը կը յոգնի դէպի ծով վազքէն,
Կը յոգնին ձեռքեր բանո՛ղ բանուորին,
Թեւեր մշակին՝ ցորեն կամնելէն,
Կը յոգնի մանգաղն առատ հունձքերէն:
Ծառեր կը յոգնին աշնան հողմերէն,
Ալիքներ ծովու՝ ափեր ծեծելէն.
Պանդուխտի ոտքեր՝ քարքարուտներէն,
Կը յոգնին աչքեր լոյսէն խաւարէն:
Կը յոգնի սիրտը դողէն հատնումէն,
Հոգին՝ հոգերու բիրտ հարումներէն.
Կը յոգնի ուղեղն հարցերէն կնճռոտ
Տարիքն՝ իր բեռէն լո՛ւռ տարիներու:
Կը յանգի յոգնութեան քիչ-քի՛չ ամէն բան,
Կը յոգնին կեանքեր՝ կեանքը ապրելէն…:
«Բարի Աստղի Տակ»
(Կարօ Աբրահամեանի «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ», Ա. հատոր, Անթիլիաս 2004):