ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԳԱՆՁԵՐԷՆ՝ ՕԽՈՒԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ
Մաշտոցի Մատենադարանին մէջ պահպանուող առեղծուածային վերապրումի պատմութեամբ, Օխուի Աւետարանը ճոխ մանրանկարչական յարդարանք ունեցող ձեռագրերէն մին է։
Ան հայկական մանրանկարչութեան տակաւին չբացայայտուած կարեւոր նմոյշներէն է, որ իր հարուստ պատկերաշարքով գեղարուեստական մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Աւետարանի ուշագրաւ առանձնայատկութիւններէն են մէկ էջի վրայ գործուած 30-է աւելի մանրանկարները։ Ձեռագրին հարուստ տէրունական շարքը կը ներառէ ե՛ւ կանոնական աւետարանական, ե՛ւ հիմնական նկարաշարքէն դուրս տեսարաններ, ինչպէս նաեւ չորս աւետարանիչներու պատկերներ, չորս անուանաթերթ, բազմաթիւ գունաւոր եւ անգոյն լուսանցազարդեր։
Պահպանուած յիշատակարանները, որոնք հետագային գրուած են, բնաւ տեղեկութիւններ չեն հաղորդեր ո՛չ ստեղծման վայրի, ո՛չ գրիչի, ո՛չ ալ ծաղկողի մասին։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Աւետարանը աւելի սերտ առնչութիւն ունի 16-17 դարերու մեծանուն մանրանկարիչ Յակոբ Ջուղայեցիի արուեստին հետ եւ, հաւանաբար, որոշ մանրանկարներ ալ անոր վրձինին կը պատկանին։
Օխուի Աւետարանին շուրջ կան հրաշապատում զրոյցներ, որոնց համբաւը տարածուած էր ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ հաւատացեալ քիւրտերու շրջանը։ Արեւմտեան Հայաստանի Տիարպեքիր նահանգի Օխու գիւղի պատուին անուանակոչուած Աւետարանը պահուած էր Մուրատենց գերդաստանին մէջ։ 1895 թուականի հայոց կոտորածին ժամանակ մատեանը կը յայտնուի Մաւալի անունով քիւրտի մը ձեռքը, սակայն կը վերադարձուի տիրոջը՝ երկնային պատիժէն խուսափելու համար։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն Մաւալին մէկ անգամ եւս տէր կը դառնայ այս մասունքին, սակայն դարձեալ կը վերադարձուի, երբ կը տեղեկանայ, թէ Մուրատենց գերդաստանի Մելքոն զաւակը բնակութիւն հաստատած է Հալէպ։ Նուիրական ձեռագիրը Մելքոնը կը կտակէ որդիին՝ Մանուկ Մարգարեանին, որ 1983 թուականին, զառամեալ տարիքին, ԱՄՆ-էն սրբազնագոյն մասունքը կը բերէ Երեւան եւ կը յանձնէ Մաշտոցեան Մատենադարանին։
Արեան ու կրակի միջով անցած յուշարձանը որոշ չափով վնասուած է, տակի լուսանցքային հատուածը՝ քիչ մը այրած, ալ աւելի ստուարացնելով անոր պատմական արժէքը:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային միջոցառումներու շարան մը:
Նախ, 31 Օգոստոսին եւ 1 Սեպտեմբերին՝ բացօթեայ համերգային ծրագրեր, որոնց ընթացքին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի ներկայացնէ «Սիմֆոնիկ Մանսուրեան» եւ «Սիմֆոնիկ Ցիմմըր» խորագրերով համերգաշարքը:
Իսկ 17-24 Սեպտեմբերին Թումանեանի անուան այգիին մէջ պիտի կայանայ «Երեւան քլասիկ ֆեսթ» խորագիրով սիմֆոնիկ նուագախումբերու երեւանեան միջազգային առաջին փառատօնը, բացօթեայ ձեւով, որուն մասնակցելու համար դիմած են աշխարհի լաւագոյն եւ անուանի նուագախումբերը: Հայաստանեան երաժշտախումբերուն հետ նոյն հարթակի վրայ հանդէս պիտի գան Միլանի «Լա Սքալա» թատրոնի «Ակադեմիա» նուագախումբը, Սան Փեթերպուրկի հռչակաւոր ակադեմիական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը, ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը, օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի նուագախումբը եւ երգչախումբը, Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը, Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիկ նուագախումբը:
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՊԵՏՐՈՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐ
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «ԱՐԻՆ» պարախումբի դիմատետրի էջէն կ’իմանանք, թէ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց նշանակուած է «հայրենի վաստակաշատ արուեստագէտ Պրն. Պետրոս Կարապետեան»ը:
«Պրն. Կարապետեան պարախումբը պիտի հարստացնէ իր մեծ փորձառութեամբ եւ իրագործումներու տպաւորիչ ցանկով: Անհամբեր կը սպասենք այն ոգեշնչող ներդրումին, որ ան պիտի բերէ ՀԵԸ «ԱՐԻՆ» պարախումբին՝ մեզի հնարաւորութիւն տալով բանալ գեղարուեստական գերազանցութեան նոր էջ մը», կ’ըսուի դիմատետրի յայտարարութեան մէջ:
Մեր կողմէ բարի գալուստ կը մաղթենք հայրենի վաստակաւոր պարուսոյցին եւ բարի երթ ու անխափան տարեշրջան՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «ԱՐԻՆ» պարախումբին:
ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԻՐՔԻ 7-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
6-էն 8 Սեպտեմբերին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ (Հանրապետութեան հրապարակ) տեղի պիտի ունենայ գիրքի երեւանեան եօթներորդ փառատօնը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է գիրքի տօնավաճառ, բացառիկ հանդիպումներ հայ եւ արտասահմանեան գրողներու հետ, գրական բանավէճեր, շնորհահանդէսներ, աշխատարաններ, ներկայացումներ եւ համերգներ:
Փառատօնը պիտի իրականացնեն Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը եւ «Գիրքի փառատօն» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը: Իրենց պիտի աջակցին ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը եւ Եւրոպական միութեան «Վերսոպոլիս» նախագիծը: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորը Երեւանի քաղաքապետարանն է: