14 Օգոստոսին լրացաւ ԹՈՒՄՕ 13րդ տարեդարձը։ 13 տարի առաջ այս օրը Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ նպատակ ունենալով լայն տարողութեամբ ստեղծել կեանքեր փոխող ուսումնական փորձառութիւններ։ Այն, ինչը սկսաւ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու երազով վերածուեցաւ համաշխարհային կրթական ցանցի մը, որ արդէն ունի 10 միջազգային կեդրոններ եւ մօտիկ ապագային անոնց պիտի գան միանալու այլ կեդրոններ եւս։
Այս տարիներուն ընթացքին, միայն Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն եւ «տուփ»երուն մէջ ուսանած են 130,000 պատանիներ։ ԹՈՒՄՕն ոչ միայն կրթական կեդրոն մըն է, այլ նաեւ՝ համայնք մը։