Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՄԻՆԷԻ. «ՉՍՊԱՍԵԼ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ»

August 28, 2024
in Միջազգային
0

 

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երէկ այցելեց իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ սեյիտ Ալի Խամինէիին, ընկերակցութեամբ իր կազմած նոր կառավարութեան անդամ նախարարներուն՝ քննարկելու երկրին ներքին եւ արտաքին զարգացումները, կառավարութեան պարտականութիւնները եւ ղեկավարութեան ակնկալիքները: Խամինէի բարձր գնահատեց Իրանի զինուորական կարողութիւնները եւ գիտական զարգացումնները, դիտել տալով որ երկրին վայելած ուժը պէտք չէ թերագնահատել: «Որեւէ ակնկալութիւն չունենաք մեր թշնամիներէն եւ անոնց կեցուածքը չսպասէք մեր ծրագրերը գործադրելու համար», կառավարութեան յորդորեց Խամինէի, յանձնարարելով նոր օրէնքներ մշակել՝ կանխելու համար երկրի գերիշխանութեան խախտումը: «Իրան այժմ ծանօթ է իր տարածաշրջանային կարողութիւններով, ռազմական ուժով, գիտական զարգացումով եւ ռազմավարական խոր հնարաւորութիւններով, մինչ նախապէս ծանօթ էր իր գորգերով եւ քարիւղով», ըսաւ Խամինէի՝ աւելցնելով, որ Թեհրան այժմ իր մեծ կարողութիւններով հնարաւորութիւն ունի ազդելու տարածաշրջանի պետութիւններուն եւ աշխարհին վրայ, շնորհիւ նաեւ իր մարդկային ու տնտեսական ներուժին եւ աշխարհագրական բացառիկ դիրքին: Ան կոչ ուղղեց օգտուելու այս հնարաւորութիւններէն եւ զարգացնելու արհեստական բանականութեան վերաբերող ենթակառոյցները, որովհետեւ ապագային գուցէ ըլլան սահմանափակումներ, ինչպէս այսօր կան հիւլէական ծրագրի զարգացումին պարագային: Ան բողոքեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կը տիրապետեն միայն քանի մը երկիրներ եւ կը գործեն ընդդէմ Իրանին: «Պէտք է աւելի օգտուիլ արհեստական բանականութեան բարիքներէն եւ խորանալ այս արհեստագիտական նորարարութեան մէջ, առանց սպասելու ուրիշները», պահանջեց Խամինէի, կոչ ուղղելով պարզապէս չբաւարարուելու զայն գործածելով, այլ հմտանալու անոր բոլոր ծալքերուն մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

Next Post

ՕՐԼՈՎՔԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

Next Post
ՕՐԼՈՎՔԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

ՕՐԼՈՎՔԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.