Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

August 28, 2024
in Միջազգային
0
ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

Անցնող օրերուն նախ Տոհայի, ապա Գահիրէի մէջ տեղի ունեցան Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու շուրջ բանակցութիւններ, մասնակցութեամբ Քաթարի, Եգիպտոսի, Օմանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն: Քննարկումները սակայն ցարդ չեն յանգած դրական արդիւնքի եւ կը շարունակուին մարտերը: Ամերիկեան Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Քիրպի յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ յաղթահարելու համար տարակարծութիւնները: «Մենք այժմ կը կեդրոնանանք մանրամասնութիւններուն վրայ», ըսաւ Քիրպի՝ աւելցնելով, որ իրենք Իսրայէլին հետ կը համագործակցին՝ զսպելու համար Իրանի հաւանական յարձակումը: Իսկ Համաս շարժումի պատասխանատուներէն Պասէմ Նայիմ յայտնեց, որ իրենք բանակցային որեւէ նիստի մասնակից չեն Գահիրէի մէջ, ժխտելով այդ մասին ամերիկացի պաշտօնատարներու ակնարկը: «Քիրպի պարզապէս կը փորձէ քօղարկել իսրայէլեան ոճիրները եւ ճնշում բանեցնել Դիմադրութեան վրայ», ըսաւ Համասի պատասխանատուն, մերժելով ընդունիլ իսրայէլեան ծանր նախապայմանները:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ իսրայէլացի 52-ամեայ գերի Ֆարհան Քատին ազատագրած է Կազայի մէջ «Շապաք»-ի հետ գործադրուած յատուկ գործողութեամբ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ ծանրօրէն հարուածեց Այսրյորդանանի Թուլքարմ քաղաքի Նուր Շամս գաղթակայանը, պատճառելով հինգ զոհ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿՇՌԱԴԱՏՈՒԱԾ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Next Post

ԽԱՄԻՆԷԻ. «ՉՍՊԱՍԵԼ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ»

Next Post

ԽԱՄԻՆԷԻ. «ՉՍՊԱՍԵԼ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.