Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՇՌԱԴԱՏՈՒԱԾ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

August 28, 2024
in Լիբանանեան
0

 

 

Հըզպալլայի զինուորական բարձրաստիճան ղեկավար Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին Հըզպալլայի զուսպ հակադարձութենէն ետք Լիբանանի հարաւային շրջաններուն վիճակը շատ չփոխուեցաւ, այլ հակամարտող կողմերը պարզապէս վերադարձան կշռադատուած փոխադարձ գործողութիւններու դրութեան, որ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր կը գոյատեւէ հարաւի մէջ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ թիրախաւորեց հարաւային Մժէտէլ գիւղին մերձակայ դաշտերը, ինչպէս Նապաթիէ քաղաքին արեւելեան բարձունքները: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնը հաղորդեց, որ Մժէտէլի եւ Շիհինի դէմ իսրայէլեան հարուածներէն վիրաւորուած է չորս քաղաքացի, որոնցմէ երկու միջին ծանր պարագաները փոխադրուած են հիւանդանոց:

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Չարլզ Պրաուն յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ առճակատումի մօտալուտ ընդարձակումին հաւանականութիւնը նուազած է՝ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ հրաձգութեան փոխանակումէն ետք, որուն անմիջապէս չէ յաջորդած իրավիճակի վտանգաւոր սրում:

Իսկ իսրայէլեան քաղաքական հրապարակին վրայ կը շարունակուին բանավէճերը: Ընդդիմութեան ղեկավար Եաիր Լափիտ նշեց, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը անկարող է վերականգնել հիւսիսային բնակավայրերուն անվտանգութիւնը, մինչ բազմաթիւ տեղահանուածներ կը մնան տուներէն դուրս եւ կը մօտենայ դպրոցական նոր տարեշրջանի բացումը: «Հազարաւոր աշակերտներ չեն գիտեր, թէ երբ եւ ինչպէս դպրոց պիտի վերադառնան եւ ով պիտի հոգայ իրենց», նշեց Լափիտ: Իսկ կառավարութիւնը վաւերացուց իրենց տուները վերադառնալ չկարողացող տեղահանուածներուն փոխհատուցումի տրամադրումը շարունակելու որոշումը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

  ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՃԱՄԲՈՐԴԵԼ

Next Post

ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

Next Post
ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

ՀԱՄԱՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱԿԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.