Ընկեր Տիգրան Սարաֆեան անունը մեր յիշողութեան կամ Կուկըլին վրայ համարժէք է Հայ Մարմնամարզական Միութեան որպէս վարչութեան երկարամեայ ատենապետ եւ երկարամեայ գործնական աջակիցը անոր: Միութենական կեանքին ծանօթ քարքարոտ, երբեմն դժուարանցելի մերթ ալ յուսահատական փուլերով լեցուն մօտ 75 տարիները բոլորած է անյողդողդ ուղեգիծով: Բոլոր մասնաճիւղերուն հետ հաղրորդակցած՝ ի շահ Հ.Մ.Մ.-ի երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին: Եւ սխալ պիտի չըլլար եթէ անվարանօրէն զինք բնորոշէինք որպէս «Հ.Մ.Մ.ի հայրը» պատուանունով:
Հ.Մ.Մ.-ի մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին, ականատեսի տարբեր փուլերու պատառիկները ընկեր Սարաֆեան, բարեբախտաբար, 2007 թուականին յանձնած է պատմութեան՝ «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» խորագիրով:
Այսօրուան թիւով յարգելի ընթերցողներուն պիտի փոխանցենք նշեալ հատորէն փրցուած, մօտ 90 տարուան անցեալէն՝ «Պէյրութի հիւսիսարեւելեան ծովեզրին գտնուած քեմփին [Հիւղաւան] հրոյ ճարակ դառնալէն» դէպի՝ Անդր Նահար, «Պէյրութի գետին արեւելեան եզերքին գտնուող տարածքը» հաստատուած եւ Հ.Մ.Մ.ի բաբախուն սիրտը հանդիսացած Հ.Մ.Մ.-ՄԱՍԻՍ-ի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ քանի մը կարեւոր դրուագներ այդ շրջանէն:
Լիբանան ապաստանած հայու բեկորներ, հայկական տեղահանութենէն ու ցեղասպանութենէն վերապրածներ, մայրաքաղաք Պէյրութի հիւսիսարեւելեան ծովեզրին գտնուած քեմփին [Հիւղաւան] հրոյ ճարակ դառնալէն ետք, զանգուածաբար տեղափոխուեցան Անդր Նահար, Պէյրութի գետին արեւելեան եզերքին գտնուող տարածքը, ուր հիմնուեցան թաղամասեր, որոնք կոչուեցան Կիլիկեան Հայաստանի քաղաքներու եւ աւաններու տեղանուններով, ինչպէս՝ Նոր Ատանա, Նոր Սիս, Նոր Թոմարզա, Նոր Կիլիկիա եւ այլն…։
Տարագիր հայութեան մնացորդը կ’ուզէր մնալ կառչած իր արմատներուն և անցեալը վերապրեցնել ներկային մէջ։ Այսպիսով՝ ամբողջ Անդր-Նահարը վերածուեցաւ հայկական ինքնուրոյն գաղթօճախի՝ իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մարզա-մշակութային ու հայրենակցական միութիւններով ու բարեսիրական հաստատութիւններով, որոնք ունեցան նաեւ իրենց սեփական ակումբները։
Հոս հաստատուած տարագրեալներու առաջին սերունդին պատկանող գաղափարապաշտ ընկերներ՝ Գրիգոր Հաճընլեանի, Յակոբ Տիգրանեանի, Յակոբ Պէրպէրեանի, Յովակիմ Կէտէրեանի, Մատթէոս Օգումուշեանի, Արամ Գարավերտեանի, Եզնիկ Արթինճեանի եւ այլ կուսակցական նուիրեալներու հովանաւորութեամբ, նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, կը հիմնադրուի Հ.Մ.Մ. Անդր-Նահարի մասնաճիւղը, ատենապետութեամբ ընկ․ Յարութիւն Սեմերճեանի։ Վարչութեան առաջին գործը կ’ըլլայ շրջանի հայրենակցական եւ ուրիշ անուններու տակ գործող խումբերու մարզիկներով կազմել ֆութպոլի խումբ մը։
Այդ օրերուն որպէս մարզիկ, վարչական կազմի անդամ ու պատասխանատու գործօն դեր կ’ունենան Միութեան Ա․ պետին կողքին, յատկապէս՝ ընկերներ ընկ. Սարգիս Սարգիսեան, ընկ․ Գէորգ Ճանճանեան ու ընկ. Կարպիս Պէրպէրեան:
Հ․Մ․Մ․ Անդր-Նահարի հիմնադրութեան 10-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունիս 1946թ․ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Հայ․ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի բակին մէջ, նախագահութեամբ տիար Լութֆիկ Պուլտուգեանի։
Նորակազմ ֆութպոլի խումբին խմբապետութիւնը կը վստահուի ընկ․ ՅովՀաննէս Պչաքճեանին (Չախըճը], որ հետագային մաս պիտի կազմէր Հ.Մ.Մ.ի Ա․ խումբին, մինչեւ որոշ ատեն մը։
Պէտք է հպարտութեամբ արձանագրել հոս, թէ Հ.Մ.Մ. Անդր-Նահարը, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, եղած է ֆութպոլի Ա․ խումբին մարզիկ հասցնող, կազմը լաւագոյն տարրերով օժտող-մատակարարող շրջան։
Շնորհալի մարզիկներու հոյլէն նշենք մէկ քանին՝ Գէորգ Ճանճանեան, Կարպիս Պէրպէրեան, Մանուկ Գրիգորեան, Արշակ Հաճընլեան, Ստեփան Տէօվլէթեան, Յարութիւն Տիգրանեան, Կիւլապի Ճանճանեան, Խաչատուր (Էլիաս] Գոճապապեան, Սամիկ Պէնլըեան, Անդրանիկ Փարթամեան եւ Սահակ Պէրպէրեան, շարքը պիտի շա՜տ երկարէր հետագային։
Հ․Մ․Մ․ Անդր-Նահարը, 1955-թ.ին, կը ստանայ պետական արտօնութիւն, որպէս ինքնուրոյն միութիւն։ Կը վերանուանուի՝ Հ․Մ․Մ․-«Մասիս»։ Միութեան ատենապետութիւնը ձեռնհասօրէն վարած են ընկերներ՝ Յարութիւն Սեմերճեան, Կարպիս Պէրպէրեան, Ֆիլիփ Յակոբեան, Վարդիվառ Մարկոսեան, Յովհաննէս Ուղուրլեան, Մելքոն Սեֆերեան եւ Սարգիս Սարգիսեան, որ եղած է ու կը մնայ Հ․Մ․Մ․ի նուիրեալ, անոր վերելքին անշահախնդրօրէն ծառայած և գաղափարանուէր ընկեր մը, իր նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններով, որոնք անմոռանալի կը մնան: Ընկ. Սարգիս Սարգիսեան արժանացեր է Հ.Մ.Մ. «Մասիս»ի «Պատուոյ նախագահ» կոչումին, որ արժանաւորապէս կը պահէ մինչեւ այսօր։
Պ. Համմուտի Հ․Մ․Մ․-«Մասիս» ակումբը վերակառուցումէն ետք։ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու շրջանին իրագործուած նկատելի յաջողութիւն էր Հ․Մ․Մ․-«Մասիս»ի ակումբի վերակառուցումն ու բարեզարդումը, որ կատարուեցաւ ընկ․ Մելքոն Սեֆերեանի ատենապետութեան շրջանին, իր եւ Ակումբի շինութեան յանձնախումբի նուիրեալ ընկերներու ջանքերով եւ Միութիւնը սիրող ու գնահատող ընկերներու եւ բարեկամներու նիւթական օժանդակութեամբ։ Միութիւնը օժտուեցաւ կոկիկ, բարեկարգ ու ներկայանալի ակումբով մը։
Հ․Մ․Մ․ Անդր-Նահար (այժմ՝ Հ․Մ․Մ․ «Մասիս»), իր հիմնադրութեան առաջին օրէն, Միութեան (Հ.Մ.Մ.) ընդհանուր նախաձեռնութիւններուն իր դրական եւ լայն մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերած է իր մարզիկներով, սկաուտներով, կանանց բաժինով եւ տարբեր մարզաձեւ կիրարկող իր անդամներով եւ համակիր զանգուածով։
Ֆութպոլի կազմերուն զուգահեռ՝ բնական ու տրամաբանական էր որ, նաե՛ւ հետեւողութեամբ Միութեան միւս քոյր շրջաններուն, Հ․Մ․Մ․-«Մասիս» եւս ընդլայնէր իր շրջանակը եւ կազմակերպական կառոյցը։ Այսպիսով ունեցաւ եւ զարգացուց իր սկաուտական ճիւղը ակումբէն ներս, լաւագոյնս օգտակար ըլլալու համար շրջանի պարման-պարմանուհիներու դաստիարակութեան, հո՛ս եւս «Առողջ մարմին եւ առողջ միտք» սկզբունքի գործնականացումով։
Հ.Մ.Մ.-«Մասիս»ի սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան հարցով պարտականութիւն կը տրուի Հ.Մ.Մ. Պէյրութի նախկին սկաուտներէն՝ նոյն շրջանը արդէն հաստատուած ընկ. Ճիւան Արթինճեանին, որ յաջողցնէ կազմութիւնը սկաուտական մասնաճիւղին։
Պաշտօնի կոչուած ընկերը, գործակցաբար շրջանի գիտակից ու նուիրումի պատրաստ ընկերներու, կարճ միջոցի մէջ կը յաջողի գլուխ հանել իրեն վստահուած պարտականութիւնը։ Եւ ընկ. Անդրանիկ (Անթուան) Համալեանի խմբապետութեամբ, կը հիմնադրուի առաջին սկաուտական խումբը, ի մեծ ուրախութիւն շրջանի միութենական պատասխանատուներուն, անդամներուն ու համակիր ժողովուրդին։
Եւ սպասուածէն աւելի մեծ փութկոտութեամբ ու կարճագոյն ժամանակի մէջ, նաեւ զօրակցութեամբ արդէն հայահոծ այս շրջանի միութենական ու գաղափարական ընկերներու, մեծաթիւ պատանի երիտասարդներ կը դիմեն նորակազմ կորիզին, կու գան յարելու եւ անցնելու շարքերը նորաստեղծ սկաուտական շարժումին:
Խմբապետ ընկ․ Ա․ Համալեան, ի տես նոր սերունդին ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու խանդավառութեան, իր հերթին առաւել ոգեւորուած շարժումին ընդլայնումէն, կը ջանայ լաւագոյնս օգտուիլ տիրող մթնոլորտէն։ Կը հաստատէ յատուկ դասընթացք։ Կը ջամբէ սկաուտական գիտելիքներ։ Կարգ-կանոնի իմացութեամբ կ’օժտէ նորեկ ու հին անդամները։ Կազմակերպուածութիւնը սկաուտական շարժումը կը հասցնէ աւելի բարձր մակարդակի։
Եւ այսպէս, տարիներու հետեւողական աշխատանքով, մինչեւ իր հայրենադարձուիլը Հայաստան՝ 1946-թ.ին, կը յաջողի դաստիարակել ու պատրաստել միութենական եւ գաղափարական ոգիով լիցքաւորուած յաջորդներ, արժանի հերթափոխներ։ Ինչպէս՝ ընկ․ Գրիգոր Տէրատուրեանը որ, իբր խմբապետ, պիտի գար ձեռնհասօրէն շարունակելու իր նախորդին աշխատանքը։ Պիտի յաջողութեամբ ղեկավարէր սկաուտական շարժումը։ Իրեն անմիջական պաշտօնակից եւ օգնական ունենալով ընկերներ Պօղոս Փափազեանը, Արշակ Չօպանեանը, Կարպիս Պէրպէրեանը եւ այլ նուիրեալ սկաուտ ընկերներ։
Նաե՛ւ կարեւորութեամբ արձանագրենք, շեշտելով, որ Պուրճ Համմուտի շրջանի սկաուտները` իրենց ղեկավարութեամբ, մեծ պարտաճանաչութեամբ մասնակցած են միութենական ձեռնարկներուն՝ դաշտահանդէս, տողանցք-շքերթ, արշաւներ, հաւաք, ուր իրենց եւ նմաններուն ներկայութիւնը մեծապէս օգտակար եղած է կարգ-կանոնի պահպանման, ձեռնարկներու յաջողութեան:
Վստահ ենք, որ Պուրճ Համմուտի Հ.Մ.Մ.ի երկար տարիներու գործունէութիւնը՝ մարզական, մշակութային, սկաուտական եւ այլ մարզերու մէջ, որ եղած է բեղուն եւ օգտաշատ, մանրամասնութեամբ պատմութեան կը յանձնուի, արդար դրուատանքի արժանացնելով բոլոր դերակատարները, առաջնակարգն ու երկրորդականը, ոչ մէկը մոռացութեան տալու պայմանաւ:
Մինչ այդ, ընծայենք պատիւ Պուրճ Համուտ-ի Հ.Մ.Մ.-«Մասիս»ի հին ու նոր բոլոր նուիրեալ ղեկավարներուն, ծառայասէր անդամներուն ու գիտակից համակիրներուն, որոնց հաւաքական աշխատանքով այս Շրջանը իր լուսաւոր, պատուաբեր էջը ունեցաւ եւ դեռ կ՚արձանագրէ Հ.Մ.Մ.ի ընդհանուր պատմութեան մէջ։ Պատի՛ւ իրենց։