Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ»-Ի ՆՈՐ ԹԻՒԸ

August 27, 2024
in Գաղութային
0
«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ»-Ի ՆՈՐ ԹԻՒԸ

 

 

Լիբանանահայոց մշակութային ապրումներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ քաղաքիս Հայկազեան համալսարանի պատկառելի հրատարակութիւնը` “Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս”֊ը, որ ահա շուրջ կէս դարէ իվեր (1970֊էն սկսեալ) արծարծ ու վառ կը պահէ հայագիտութեան ջահը Միջերկրականի այս ափերուն վրայ…։

Հանդէսը, որ տարեգիրք մը եղած էր միշտ, վերջերս սկսած է լոյս տեսնել տարեկան երկու թիւով։ Հաւանաբար յօդուածներու արտասովոր առատութիւնն է պատճառը պարբերականութեան այս դրական փոփոխութեան, որ գնահատելի եւ ուրախալի է անշուշտ։

Նորերս հաճոյքով թերթատեցինք հանդէսին այս տարուան Ա. թիւը, որ կը կրէ 44/1 թուահամարը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակուի Բ. հատոր մըն ալ։

Հատորին խմբագիրը Անդրանիկ Տագէսեանն է, որ իր կողքին ունի խմբագրական եռանդամ կազմ մը, ինչպէս նաեւ խորհրդատու մարմին մը։

Ներկայ նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 422 էջէ։ Առաջնորդող խմբագրական գրութիւնը մատը կը դնէ շատ կարեւոր հարցի մը վրայ, որ է` սփիւռքեան ազգային ինչ֊ինչ կառոյցներու կամ հաստատութիւններու արխիւներուն փրկութեան, դասաւորման, պահպանման եւ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը։

Հատորին մէջ ի մի բերուած են շուրջ 20 գիտական յօդուածներ, որոնք կը շօշափեն գրական, բանասիրական, ազգագրական, պատմագիտական, հնագիտական, լեզուաբանական ու հայագիտութեան այլ երեսներուն առնչակից տարատեսակ նիւթեր, ստորագրուած` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն երէց թէ նորածիլ պրպտող հետազօտիչներու կողմէ։ Զորօրինակ, Կարինէ Ռաֆայէլեան կը խօսի վիպագիր Դերենիկ Դեմիրճեանի մեզի անծանօթ մնացած երգիծանկարներուն մասին, տոքթ. Արմենակ Եղիայեան լուսարձակ կը բանայ հայերէնի մէջ թրքերէնէ կատարուած փոխառութիւններուն վրայ, Յակոբ Չոլաքեան կը ներկայացնէ Քեսապի ուտելի վայրի բոյսերը, Զաւէն Մսըրլեան կը պատմէ Լիբանանի խորհրդարանական վերջին ընտրութեան (2022) հայոց մասնակցութեան մասին, Վարդան Մատթէոսեան կը հրապարակէ շահեկան նամակներ, զորս Վազգէն Շուշանեան յղած է Սիմոն Վրացեանին եւ այլն, եւ այլն։

Ողջունելի հրատարակութիւն մըն է “Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս”֊ը։ Ան վառ կը պահէ հայատառ հայագիտութեան ջահը, բեմ ու հարթակ կը տրամադրէ հայագէտներուն, կը պեղէ մեր մշակոյթին “հանք”֊երը ու հոնկէ դուրս կը բերէ յակինթ ու զանակ։ Դեռ աւելին, ինչպէս կ`ըսէ խմբագրութիւնը իր մէկ նշումին մէջ` անիկա “կը կարեւորէ ու կը զարգացնէ հայագիտութեան ռազմավարական նշանակութիւնը, քանի որ ան կը նպաստէ ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հաւաքական յանձնառութեան բարձրացման”։

Կը շնորհաւորենք։

 

Share62Tweet39
Previous Post

Հ.Մ.Մ.-«ՄԱՍԻՍ» ՖՈՒԹՊՈԼԻ «ԱՔԱՏԵՄԻ»Ի ՓՈՐՁԵՐԸ

Next Post

«Հ.Մ.Մ. – ԱՆԴՐ-ՆԱՀԱՐ» (ԱՆՑԵԱԼԻՆ), «Հ.Մ.Մ. – ՄԱՍԻՍ» – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏ (ԱՅԺՄ)

Next Post
«Հ.Մ.Մ. – ԱՆԴՐ-ՆԱՀԱՐ» (ԱՆՑԵԱԼԻՆ), «Հ.Մ.Մ. – ՄԱՍԻՍ» – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏ (ԱՅԺՄ)

«Հ.Մ.Մ. – ԱՆԴՐ-ՆԱՀԱՐ» (ԱՆՑԵԱԼԻՆ), «Հ.Մ.Մ. – ՄԱՍԻՍ» - ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏ (ԱՅԺՄ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.