Իրանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Մոհամմատ Պաքիրի հաւաստիացուց, որ իրենք վճռած են լուծել Համասի նախկին ղեկավար Իսմայէլ Հանիէի վրէժը: «Մենք կը մերժենք ներքաշուիլ մեր թշնամիին որդեգրած լրատուական խաղերուն մէջ», ըսաւ զօրավարը՝ աւելցնելով, որ հակադարձութեան վերաբերող որոշումները հաւաքական չեն, այլ Դիմադրութեան ճակատի իւրաքանչիւր ուժ կ’առնէ իր սեփական քայլերը, նշում կատարելով Հըզպալլայի նախանցեալ օրուան «Քառասունքի գործողութիւն» հարուածներուն: