Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ գուժեց նախկին վարչապետ Սալիմ Հոսի մահը: Միքաթիի խօսքով, «Հոս անվերադարձ հեռացած է ճիշդ այն ատեն, երբ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող Լիբանան կարիք ունի անոր խոհեմութեան, խիղճին եւ ազգային գիտակցութեան», ըսաւ Միքաթի: