Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՍՐԱԼԼԱ. «ՄԵՐ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ»

August 26, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՍՐԱԼԼԱ. «ՄԵՐ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանած ուղերձին մէջ խօսեցաւ գործողութեան մանրամասնութիւններուն մասին: «Հակադարձելու որոշումը կայացուցինք, հակառակ միջազգային եւ ներլիբանանեան ճնշումներուն եւ զգուշացումներուն: Որոշած էինք հակադարձել զինուորական դիրքերու, ոչ թէ քաղաքացիական ենթակառոյցներու», ըսաւ Նասրալլա եւ բացատրեց, որ 300 «Քաթիուշա» հրթիռ արձակած են՝ շփոթեցնելու համար իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութիւնը, մինչ Պեքաայէն արձակուած անօդաչու սարքերը աւելի քան 110 քիլոմեթր հատելով հարուածած են գլխաւոր թիրախները՝Թել Աւիւի հիւսիսային արուարձան Կլիլոթի մէջ գտնուող հետախուզութեան զօրամաս մը եւ Այն Շիմիայի օդային խարիսխը: Ան շեշտեց, որ իրենց ծրագիրը գործադրուած է եւ Իսրայէլ չէ կրցած զսպել հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը: «Կը ստեն, երբ կը խօսին մեր ռազմավարական հրթիռները կործանելու մասին, որ տակաւին չարձակեցինք, սակայն գուցէ հետագային գործածենք», ըսաւ Նասրալլա: Ան ժխտեց նաեւ, թէ Իսրայէլ կանխարգելիչ հարուածներով խափանած ըլլար Հըզպալլայի գործողութիւնը եւ խոստովանեցաւ միայն հրթիռային երկու կայանքի թիրախաւորումին մասին: «Եթէ բաւարարուինք գործողութեան արդիւնքով, ապա հակադարձութիւնը աւարտած կը համարենք, այլապէս կը վերապահենք յարմար պահուն վերստին հակադարձելու իրաւունքը, միշտ յիշելով, որ մեր գլխաւոր նպատակը Կազային զօրակցիլն է: Հետեւաբար, լիբանանցիները այս փուլին կրնան հանգստանալ», ըսաւ Նասրալլա, անուղղակիօրէն խօսելով Հըզպալլայի հակադարձութեան սպասումով պայմանաւորուած լիբանանցիներուն մտահոգութեան ու լարուածութեան մասին:

Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութեան քաղաքական գրասենեակը շնորհաւորեց Հըզպալլան եւ ողջունեց երէկուան գործողութիւնը, հաւաստիացնելով որ Եմէնէն հարուածը եւս պիսի չուշանայ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Լիբանանի հետ սահմանային շրջանի բախումներուն հետեւանքով երէկ մահացած է ծովուժի զինուոր մը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.