Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵԽԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՆՈՒԽ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

August 24, 2024
in Այլազան
0
ԵՐԵԽԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՆՈՒԽ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Երեխայութիւնը կ’ակնարկէ կեանքի առաջին տարիներուն: Կեանքի այս առաջին տարիները շատ կարեւոր են անհատին յառաջացումին համար: Ֆիզիքապէս եւ մտաւոր կերպով երեխան շատ արագ կ’աճի: Ներկայիս շահագրգռութիւնը երեխայի նախադպրոցական առաջին տարիներուն լայն ծանօթութիւն կու տայ մանկան առաջին երեք-չորս տարիներուն մասին: Անշուշտ թէ երեխան ծնունդէն առաջ իսկ բաւական աճում կ’ունենայ: Ի ծնէ ուղեղը իր ամբողջական ծանրութեան մէկ չորրորդը ունի, մինչ միւս օրկանները շատ աւելի նուազ զարգացած են: Ուղեղը կը շարունակէ իր արագ աճումը կեանքի առաջին տարիներուն եւ հինգ կամ վեց տարեկանին մանուկներուն 90 առ հարիւրին մօտ արդէն իսկ հասած կ’ըլլայ վերջնական ծանրութեան:

 

  1. Կեզէլի Սերտողութիւնները

Կեզէլի եւ ուրիշներու կողմէ կատարուած լուրջ սերտողութիւններ կը յայտնեն արագ հասունութիւն առաջին տարիներուն: Կեզէլ կը տարբերէ չորս տեսակի կենցաղ. շարժիչ, լեզու, յարմարողական եւ անձնական-ընկերային: Ան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս բնական մանուկը ամսէ-ամիս կը զարգանայ բնական միջավայրի մէջ վերոյիշեալ չորս կերպերով: Ուրեմն իր շարժիչ զարգացումին առաջին ամիսը գլուխը վեր կը վերցնէ ատեն-ատեն. երկու ամիս եղած ատեն գլուխը ուղիղ կը բռնէ կարճ ժամանակի մը համար. եւ այսպէս մինչեւ հինգ ամիս, երբ ան կը նստի մէկու մը օգնութեամբ, ութ ամսուն՝ առանց օգնութեան, մէկ տարեկանին կը քալէ օգնութեամբ, մէկուկէս տարեկանին աստիճաններ կը մագլցի, երկու տարեկանին կը վազէ: Մենք բոլորս ծանօթ ենք մանկան արագ զարգացումին: Կեզէլ կու տայ իւրաքանչիւր ամսու մանրամասնութիւնները կեանքի սառաջին տարուան, եւ ապա աւելի երկար միջոցներու: Մանկան լեզուի զարգացումը նուազ արագ չէ, նոյնիսկ աւելի նկատելի արագ է. վեցերորդ ամսուն՝ ձայնի լաւ արտայայտութիւն ունի. մէկ տարեկանին՝ քանի մը բառ կրնայ ճիշդ արտասանել, մինչեւ երկու տարեկան բաւական կը խօսի. անկէ անդին բառամթերքը կ’աճի շատ արագ:

 

  1. Սմիթի սերտողութիւնները

Սմիթ սերտեց մանուկներուն բառամթերքը ութերորդ ամիսէն մինչեւ վեց տարեկան: Ահաւասիկ արդիւնքները.

 

Տարիք          Բառամթերք (թիւը)

8-րդ ամիս                  0

1 տարեկան               3

2 տարեկան               272

3 տարեկան               896

4 տարեկան               1540

5 տարեկան               2072

6 տարեկան               2562

 

Եւ այս թիւը կը շարունակէ աւելնալ մինչեւ 15 կամ 16 հազարի, բարձրագոյն վարժարանի մակարդակով, անշուշտ շատ աւելի չափահաս տարիքին: Հոս հետաքրքրականը այն է թէ առաջին տարիներուն զարգացումը շատ արագ է: Ինչպէս շարժիչ եւ լեզուի զարգացումը, նոյնն է կենցաղի բոլոր տեսակներու զարգացումը:

 

  1. Մանկամսուր դպրոցները

Ներկայ մանկամսուր դպրոցի աճումը մանուկներու համար, սովորական դպրոցական տարիքէն առաջ, ցոյց կու տայ թէ որքան շատ բաներ կարելի է սորվիլ առաջին տարիներուն: Կարգ մը հոգեբաններ կը հաւատան, թէ հիմնական կարեւորութիւն ունեցող յատկանիշեր մանկան անհատականութեան զարգացման հետագայ տարիներուն, կը կազմուին նախադպրոցական շրջանին: Ֆրէօյտի հոգեբանութիւնը կը շեշտէ կարեւորութիւնը մանկութեան առաջին շրջանին: Կենցաղուվարքի հոգեբանութիւնը կը շեշտէ կարեւորութիւնը unվորութիւններու կանուխ կազմութեան, հետագայ զարգացման համար: Այն մանուկը որ կ’ապրի տկար, միակողմանի կամ ճնշիչ միջավայրի մէջ (աղքատ կամ հարուստ մանուկներու համար հաւասարապէս), մանկամսուրի միջավայրը անպայման որոշիչ դեր կը խաղայ:

 

Քաղուած՝ Փրոֆ. Խաչեր Մ. Գալուստեանի «Ուրուագիծ դաստիարակչական հոգեբանութեան» հատորէն, Անթիլիաս 2010

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԷՐԸ ՈՒՂԵՂԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ Է 

Next Post

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ ՀԱՒՈՎ ՆՈՒՅ

Next Post
ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ  ՀԱՒՈՎ ՆՈՒՅ

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԽՈՀԱՆՈՑԸ ՀԱՒՈՎ ՆՈՒՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.