Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ առաջին էակները, եւ այդպիսով Ադամի եւ Եւայի միջեւ կեանքը սկսաւ սիրով եւ համակրանքով: Երկնային բոլոր գիրքերը սիրոյ եւ համակրանքի առկայութիւնը քաջալերեցին կնոջ եւ այր մարդուն միջեւ: Արդարեւ, կեանքը սկսած է սիրով: Այդ բնածին եւ բնազդային զգացում մըն է, որ մեզի հետ կը ծնի, երեւան կու գայ, կ’աճի, կը մեծնայ եւ կը ներգործէ կեանքի զանազան փուլերուն ընթացքին:
Երեխաներուն մէջ իսկ այդ բնազդային սէրը կը յայտնուի անոր հիմնական պահանջներով, եւ այս սէրը կը մնայ ու կը զօրանայ անհատին տարիքի յառաջացման հետ: Սէրը անփոխարինելի ընծայութիւն մըն է, ինչպէս՝ ծնողքին սէրը իրենց զաւակներուն հանդէպ:
Սէրը լաւ, բարի եւ գեղեցիկ վերաբերմունքներու շարք մըն է, որ ունի կարգ մը կրքոտ ներգործումներ, ինչպէս սրտի զարկերու արագացումը կամ այտերու կարմրումը, երբ սիրող անձեր իրար հանդիպին: Սէրը հիմնականին մէջ կը գտնուի ուղեղին մէջ, ուր է վերաբերմունքներու եւ յիշատակներու մեծ բաժինը: Հոն կը կուտակուին բոլոր յիշատակները, ինչպէս նաեւ ներգործումներն ու զգացումները, ըլլան համակրանքի թէ հակակրանքի, սիրոյ թէ ատելութեան:
Յիշատակներն ու հին գիտելիքները միշտ կապուած կ’ըլլան ներգործումներու, զգացումներու եւ կիրքերու հետ, ինչպէս նաեւ կապուած կ’ըլլան անձերու հետ: Օրինակի համար, եթէ ճամբան անձ մը տեսնես, որ նախապէս չես ճանչնար, այսինքն՝ ուղեղին մէկ բաժնին մէջ որեւէ յիշատակ կամ ճանաչում չկայ, այդ անձին քովէն կ’անցնիս առանց բարեւելու, սակայն եթէ տեսնես անձ մը, որ արձանագրուած յիշատակ ունի ուղեղիդ այդ բաժնին մէջ, զինք տեսնելուդ կը բարեւես, որովհետեւ կը յիշես ծանօթութեան օրերը:
Ուղեղին առջեւի բաժինը պատասխանատու է մտածողութեան, գիտելիքներու եւ վերաբերմունքներու: Ուղեղը աչքին միջոցով կը ստանայ պատկերները եւ ապա անոնք կ’ուղարկուին դէպի ուղեղին տարբեր բաժինները, մանաւանդ զգացական եւ առջեւի բաժինները, անշուշտ այս երկուքէն առաջ անցնելով ուղեղին ետեւի բաժինէն, որ պատասխանատու է այս պատկերներու հասկացողութեան եւ ըմբռնումին:
Երբ ուղեղը ներգործէ իր տեսած պատկերներով, զանազան նշաններ կ’ուղարկէ մարմնին բոլոր մասերուն, սակայն տարբեր աստիճաններով ու չափերով: Օրինակի համար՝ ան նշաններ կը ղրկէ մկաններուն կան ձեռքին՝ բարեւ տալու, կամ սրտին՝ զարկերը արագացնելու: Ուղեղին յղած նշանները մարմնի մկաններուն ընդհանրապէս ինքնագործ ձեւով կ’երթան դէպի սիրտ, գեղձեր, լեզու եւ այլ անդամները, առանց այդ նշաններուն վրայ ամբողջական հակակշռութիւն բանեցնել կարենալու:
Երբ սիրած անձ մը տեսնեմ կրնամ ձեռք չերկարել բարեւ տալու համար, սակայն չեմ կրնար դանդաղեցնել սրտիս տրոփումները: Ասոր մէկ տարբերակը ի յայտ կու գայ սուտը եւ իրականութիւնը բացայայտելու գործիքին միջոցով, երբ դատապարտեալին կը ներկայացուին կարգ մը նկարներ, յիշատակներ կամ խօսքեր, որոնք պատահած են դէպքին ընթացքին: Դատապարտեալը կրնայ դրժել իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնները, սակայն սրտի զարկերուն արագացումը եւ արեան ճնշումին բարձրացումը գաղտնիքը բացի կու տայ, որովհետեւ, ինչպէս նախապէս նշեցինք, ուղեղը նշաններ կ’ուղարկէ կարգ մը անդամներու՝ ինչպէս սրտին, առանց խորհուրդը առնելու ուղեղին առջեւի բաժնին, որ կ’իշխէ մեր վարուելակերպին վրայ:
Կը տեսնենք, թէ սիրտը կապ չունի սիրոյ հետ, ինչպէս որ ընդհանրացած է, այլ՝ երեւոյթ մըն է այն միջոցներուն, որ ուղեղը կ’օգտագործէ մարմնին մէջ սէրը ցոյց տալու: Շատեր կ’ըսեն, թէ աչքն ու ականջը երբեմն սիրտէն աւելի առաջ կը սիրեն, եւ այս խօսքին մէջ իրականութեան բաժին մը կայ, որովհետեւ ուղեղը, որ սիրոյ կեդրոնն է, կ’ընդունի տեսողական եւ լսողական նշանները աչքին եւ ականջին միջոցով, ապա ուղեղը ասոնցմով կը ներգործէ եւ յետոյ անոր ազդեցութիւնը կը յայտնուի սրտին վրայ: Տարբեր ձեւով՝ սրտէն առաջ աչքն է ընդունողը նշանները, սակայն աչքը չէ սիրողը, այլ՝ ուղեղն է որ կը սիրէ:
Հոգեբանական-գիտական լեզուով սէրը պայմանական արտացոլացումն է. այսինքն՝ սէրը կը ծնի երկու անձերու միջեւ երբ անոնցմէ մին լաւ ձեւով կը վերաբերի երկրորդին հետ եւ յարատեւ համակրանքով կը մօտենայ անոր:
Սէրը կրնայ նաեւ քայքայուիլ պայմանական արտացոլացումով. այսինքն՝ եթէ անձ մը յարատեւօրէն չոր մօտեցում ցուցաբերէ, այս զգացումը կը քանդուի ու կը քայքայուի: