Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԻԼ ԼԱՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

August 24, 2024
in Այլազան
0

 

 

Ձեր աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ եթէ լաւ հաստատուած եւ շրջապատուած էք ձեր աշխատավայրին մէջ: Գործի բերմամբ օրական երկար ժամեր համակարգիչին դիմաց նստողներուն ուշադրութեան կ’արժէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.

* Համակարգիչին պաստառը թեթեւօրէն դէպի վեր շեղել՝ տեսողութեան հանգստութեան համար:

* Աչքերը հորիզոնական գիծով մը պէտք է հաւասարին պաստառի վերի բաժնին:

* Ծոծրակն ու ողնաշարը պէտք է ըլլան ուղղահայեաց դիրքով:

* Աթոռը պէտք է ըլլայ հանգստաւէտ, օժտուած՝ կռնակին վարի մասը բռնող յենարանով մը, ինչպէս նաեւ՝ բարձրութիւնը ճշդող սարքով մը:

* Արմուկները պէտք է ծալուին ուղիղ անկիւն կազմելով, զոյգ դաստակները յենած՝ յատուկ կազմածի մը վրայ:

* Ծունկերը եւս ուղիղ անկիւն կազմելով՝ ծալել, իսկ զոյգ ոտքերը՝ հաստատ դնել գետին:

 

Պակսեցնել գործի հետ կապուած լարուածութիւնը.

* Աչքերը հանգստացնելու համար զանոնք շեղել ձեր գործէն եւ առանց գլուխն ու վիզը շարժելու՝ նայիլ ձեր շուրջ գտնուող տարբեր հեռաւորութեամբ եւ բարձրութեամբ իրերու:

* Ժամը անգամ մը 5-10 վայրկեան դադար առնել, բաց պատուհանի դիմաց խորունկ շնչել եւ արտաշնչել, անխօս՝ հեռուն դիտել եւ ջանալ միտքը պարպել:

 

Յոգնած աչքերու մարզանք.

* Զոյգ ցուցամատերով շրջանաձեւ մարձել աչքերուն վարի մասերը՝ պարբերաբար ուղղութիւնը փոխելով (ձախէն աջ եւ աջէն ձախ):

* Բութամատով եւ ցուցամատով բազմաթիւ անգամներ սեղմել քիթին վերի բաժինը՝ երկու աչքերուն միջեւ:

* Շրջանաձեւ մարձել այտերը:

* Շրջանաձեւ մարձել ճակատը:

* Ցուցամատերով մէկ վայրկեանի չափ ճնշել քունքերուն վրայ (աչքին եւ ականջին միջեւ եղող մասը):

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ Է ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՆԵՂՈՍԻ ՏԵՆԴԻ 75 ԴԷՊՔ

Next Post

ՍԷՐԸ ՈՒՂԵՂԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ Է 

Next Post
ՍԷՐԸ ՈՒՂԵՂԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ Է 

ՍԷՐԸ ՈՒՂԵՂԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ Է 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.