Իրանի Թասնիմ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկիչներ սպաննած են հարաւարեւելեան Խաշ քաղաքի ոստիկանապետին տեղակալը: Իսկ Անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ զանազան նահանգներու մէջ ապահովական ուժերուն կատարած խուզարկումներուն ընթացքին կարելի եղած է յայտնաբերել ու ձերբակալել 14 կասկածեալ, որոնք մաս կը կազմեն Խարասանի Իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան եւ երկիր մուտք գործած են ապօրինի միջոցներով: