Ելեկտրականութեան ամբողջական անջատումին ծալքերը բացայայտելու համար, երկու օր առաջ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատարին ու Ելեկտրականութեան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէնին վկայութիւնը արձանագրելէ ետք, դատախազ Ժամալ Հաժժար երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հետեւեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքիաթիի վկայութեան: Նշենք, որ Միքաթի ինքն էր ընդհանուր դատախազութեան դիմողը՝ պահանջելով հետաքննել ելեկտրականութեան գայթակղութիւնը: