Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

August 24, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

 

Կազայի պատերազմին զուգահեռ, դրութիւնը անկայուն կը մնայ իսրայէլեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենայ բանավէճեր, իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը կը փոխանակեն ամբաստանութիւններ եւ նոյնիսկ ներիշխանական տարակարծութիւնները կը բարձրաձայնուին՝ հասնելով լրատուամիջոցներուն:

Այս առումով, արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ «Իրանն ու Համասը տիրապետած են պաղեստինեան դատին, ուստի պաղեստինեան պետութեան մը հաստատումը պիտի նշանակէ Կազայի եւ այլ շրջաններու մէջ Իրանեան խարիսխներու ներկայութիւն, ինչպէս որ է պարագան Լիբանանի, Եմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, հետեւաբար չենք կրնար արտօնել, որ այդ պատահի», ըսաւ նախարարը: Երէկ դարձեալ սուր բանավէճ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու նախարար Իթմար Պեն Ղաֆիրի միջեւ: Կալանթ իր գործընկերը ամբաստանեց անպատասխանատու ըլլալու մէջ ու շեշտեց, որ Պեն Ղաֆիր վտանգ կը ներկայացնէ Իսրայէլի անվտանգութեան: Վերջինս պատասխանելով՝ ըսաւ. «Դուք հիւսիսը կը վերադարձնէք քարէ դարաշրջանին: Վրաս յարձակելու փոխարէն յարձակեցէք Հըզպալլայի վրայ»: Նախարարական այս բանավէճը ծագած էր Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլացի քաղաքացիներու գործած բռնութիւններու նիւթի քննարկումին ընթացքին, երբ հետախուզութեան՝ Շապաքի պետը զգուշացուցած էր հրեաներու ահաբեկչութեան ծաւալումէն, մինչ Պեն Ղաֆիր զայրանալով հեռացած էր նիստէն: «Ընդդիմադիր Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան առաջնորդ Աւիկտոր Լիպըրմեն իր կարգին կարծիք յայտնեց, որ «գործող կառավարութիւնը կարողութիւն չունի դիմակայելու հիւսիսային ճակատին վրայ տիրող իրավիճակին, ուր ամէն օր հարիւրաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր կ’արձակուին, իսկ կառավարութիւնը չի կրնար վարուիլ Հըզպալլայի հետ»:

Share61Tweet38
Previous Post

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱ՞Ց

Next Post

ԹՐԱՄՓ. «ՀԱՐԻՍ ՄԵԶ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»

Next Post
ԹՐԱՄՓ. «ՀԱՐԻՍ ՄԵԶ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»

ԹՐԱՄՓ. «ՀԱՐԻՍ ՄԵԶ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.