Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱ՞Ց

August 24, 2024
in Միջազգային
0
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱ՞Ց

 

Ամերիկեան Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ որոշ յառաջընթաց արձանագրուած է Կազայի զինադադարին հարցով Գահիրէի բանակցութիւններուն ընթացքին: Անոր համաձայն, բանակցային հանդիպումներուն ընթացքը կառուցողական կը համարուի: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով բանբեր Ճոն Քիրպի յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութեան պարագային պիտի սկսի մարդասիրական օգնութիւններու հոսքը, Կազայի մէջ գերեվարուած իսրայէլացիները պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներուն: «Բոլոր կողմերը մանակցեցան բանակցութիւններուն, իսկ CIA-ի տնօրէնը պիտի ժամանէ Գահիրէ եւ միանայ նիստերուն», ըսաւ Քիրպի: Աւելի ուշ, իսրայէլացի պատասխանատու մը դրական համարեց Գահիրէի բանակցութիւնները, աւելցնելով որ սահմանային Ֆիլատելֆիա ճակատին վերաբերեալ տարակարծութիւնները կրճատուած են Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ:

Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Տէյվիտ Լամի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժիի հետ ու շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ մագլցումէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարարին համաձայն, Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը, գերիներուն ազատ արձակումը եւ մարդասիրական օգնութիւններու փոխանցումը կը համարուին տարածաշրջանային հանդարտութեան նպաստող եւ մագլցումէ խուսափելու անհրաժեշտ քայլեր:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին յայտնեց, որ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Լիբանանի ճակատին վրայ հրաձգութեան փոխանակումը Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ: «Կալանթի հետ արծարծեցի Իրանի, Հըզպալլայի եւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող կազմակերպութիւններուն կողմէ կացութիւնը սրելու փորձերը՝ Իսմայիլ Հանիէի եւ Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումներէն ետք», ըսաւ Ուսթին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.