Աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու վարկանիշը կազմելու համար մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ն (Համախառն ներքին արդիւնքը) երկրին հարստութիւնը չափելու ամենաարդիւնաւէտ եւ լայնօրէն օգտագործուող յարաչափերէն մէկն է: Մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ի բարձր ցուցանիշը ցոյց կու տայ աւելի մեծ տնտեսական արտադրողականութիւն եւ աւելի բարձր կենսամակարդակ այդ երկրի քաղաքացիներուն համար:
Որո՞նք են աշխարհի ամենահարուստ երկիրները: Ահա 2024 թուականի թարմացուած վարկանիշը.
1) Լիւքսեմպուրկ (140.000 տոլար)
Մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ով մօտ 140.000 ԱՄՆ տոլար՝ Լիւքսեմպուրկը կը զբաղեցնէ առաջին տեղը աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու շարքին։
2) Իրլանտա (110.000 տոլար)
Երկրորդ տեղը Իրլանտան է՝ մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ով մօտ 110.000 տոլար։ Անոր յաջողութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է եւրոպական արհեստագիտական եւ դեղագործական բազմազգ ընկերութիւններու գլխամասային գրասենեակներու առկայութեամբ:
3) Զուիցերիա (106.000 տոլար)
Զուիցերիան յայտնի է իր կեանքի բարձր որակով եւ ինչպէս պետական, այնպէս ալ մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ մատուցուող ծառայութիւններու արդիւնաւէտութեամբ:
4) Նորվեկիա (96.000 տոլար)
Աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու շարքին չորրորդ տեղը Նորվեկիան է՝ առաջին հերթին այդ տարածքին առկայ բնական պաշարներու, մասնաւորապէս՝ քարիւղին եւ կազին շնորհիւ։
5) Քաթար (90.000 տոլար)
Քաթարը իր հարստութեան պարտական է քարիւղի եւ բնական կազի հսկայական պաշարներով, որոնք կը կազմեն աշխարհի պաշարներուն մօտ 13%-ը :
6) Սինկափուր (87.000 տոլար)
Սինկափուրը համաշխարհային ֆինանսական եւ առեւտրային կեդրոն է, որ ունի ուժեղ տնտեսութիւն, որ հիմնուած է ֆինանսական ծառայութիւններու, յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու եւ միջազգային առեւտուրի վրայ:
7) Միացեալ Նահանգներ (84000 դոլար)
Միացեալ Նահանգները եօթներորդն է աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու շարքին՝ մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ով 84.201 տոլար։ ԱՄՆ աշխարհի ամենահզօր տնտեսութիւններէն մէկն է, որ կ’առաջնորդուի իր հսկայական ներքին շուկայով։
8) Իսլանտա (80.000 տոլար)
Իսլանտայի տնտեսութեան հզօրութիւնը հիմնականին մէջ կը բխի զբօսաշրջութենէն, ձկնորսութենէն եւ վերականգնուող ուժանիւթի արտադրութենէն:
9) Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (76.000 տոլար)
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի ամենաաշխոյժ տնտեսութիւններէն մէկն է։ Անոր հարստութիւնը հիմնականին մէջ կու գայ քարիւղէն, բայց նաեւ վերջին տարիներուն զբօսաշրջութեան եւ ֆինանսական հատուածի զգալի զարգացումէն։
Աշխարհի ամենահարուստ երկիրներուն վարկանիշը հետաքրքրական պատկեր կու տայ, թէ ինչպէս կը բաշխուի համաշխարհային հարստութիւնը: