Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 4

August 23, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Պաքուի Ալիեւի վարչակարգը ապարդիւն կը փորձէ իր սեւ երեսը ճերմկցնել:

Բարունակ. Բարեւ Սամուէլ, ինչպէ՞ս ես:
Սամուէլ. Լաւ եմ, դուն ինչպէ՞ս ես:
Բարունակ. Սամօ աս COP29-ը  ի՞նչ է, Հայաստանն ալ հրաւիրուած է եղեր:

Սամուէլ . COP29-ը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովն է: COP29-ը տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, այս տարուայ 11-22 Նոյեմբերին: Այո՛, ես ալ տեղ մը նշմարեցի, որ Հայաստանին ալ հրաւէր կայ:
Ասոր մասին շատ հետաքրքրական յօդուած մը կարդացի POLITICO-ին մէջ: https://www.politico.eu/article/donald-trump-us-elections-2024-climate-talks-cop29-republican-azerbaijan-baku-un/
Գլխաւոր մասերը թարգմանենք մեր հանրութեան համար: Յայտնի պարբերականը շարք մը վերապահութիւններ եւ կասկածներ կը յայտնէ այս համաժողովին յաջողութեան վերաբերեալ, որոնցմէ մէկը «ատրպէյճանական անհանգստութիւն» կ’անուանէ,  «….բոլորն ալ համոզուած չեն, որ Ատրպէյճան կրնայ որակեալ համաժողով մը վերահսկել»:

Ամերիկացի գործարար մը, որ մասնակցած է նախորդ COP-երուն  ըսած է, որ «երկիրը (Ատրպէյճան) իր տնտեսութիւնը աշխատցնելու համար մեծապէս կախուածութիւն ունի նաւթի եւ կազի եկամուտներէն, այնինչ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ մասնակից ընկերութիւններու մօտ, թէ անոնք կապուած կրնան ըլլալ կենսոլորտային խաբեբայութեան (greenwashing):»
POLITICO կը գրէ , որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յստակ յայտարարած է, թէ «իրենց նման նաւթ եւ կազ արդիւնահանող երկիրները պէտք է շարունակեն ներդրումներ կատարել այդ ոլորտին մէջ», հակասելով անցեալ տարուայ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած COP28-ի եզրակացութիւններուն, ուր բոլոր մասնակիցները կոչ ըրած էին արագ հեռանալու հանածոյ վառելանիւթերէն:
Ուժանիւթի ոլորտին մէջ  աշխատող Bracewell’s Policy Resolution Group-ի բաժնետէր՝ Ֆրանք Մաիսանօն ըսած է «Մարդիկ վստահութիւն չունին, որ լաւ պիտի անցնի», «անցեալ անգամ  մարդիկ իսկապէս կեդրոնացած էին Տուպայի վրա: Չեմ կարծեր, որ նոյնքան կեդրոնացում ըլլայ Ատրպէյճանի վրայ»:

Իմ կարծիքովս, Պաքուի Ալիեւի վարչակարգը ապարդիւն կը փորձէ իր սեւ երեսը ճերմկցնել, Իսկ
ինչ կը վերաբերի Հայաստանին ղրկուած հրաւէրին՝ քիչ մը ծիծաղելի է…:

Նշմարեց՝

Սամուէլ Ղազարեան

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾ

Next Post

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

Next Post
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.