ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Շաբաթ, 23 Օգոստոս
Պրայթըն x Մանչեսթըր Եունայթըտ 14:30
Թոթընհեմ x Էվըրթըն 17:00
Քրիսթըլ Փալաս x Ուեսթ Հէմ 17:00
Սաութեմբթըն x Նոթինկհամ Ֆորեսթ 17:00
Ֆուլհեմ x Լէյսթըր Սիթի 17:00
Մանչեսթըր Սիթի x Իփսուիչ Թաուն 17:00
Ասթոն Վիլլա x Արսենալ 19:30
Կիրակի, 24 Օգոստոս
Պըրնմաութ x Նիւքեսըլ 16:00
Ուոլֆզ x Չելսի 16:00
Լիվըրփուլ x Պրենթֆորտ 18:30
ԼԱ ԼԻԿԱ – ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ուրբաթ, 23 Օգոստոս –
Սելթա Վիկօ x Վալենսիա
Սեվիյա x Վիյառիալ
Շաբաթ, 24 Օգոստոս –
Օսասունա x Մայորքա 18:00
Պարսելոնա x Աթլեթիք Պիլպաու 20:00
Էսփանիոլ x Ռէալ Սոսիետատ 22:30
Կեթաֆէ x Ռայօ Վալեքանօ 22:30
Կիրակի, 25 Օգոստոս –
Ռէալ Մատրիտ x Վալատոլիտ 18:00
Լեկանէս x Լաս Փալմաս 20:00
Ալավես x Ռէալ Պէթիս 20:15
Աթլեթիքօ Մատրիտ x Ժիրոնա 22:30
ՓԵՐՈՒՑԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ ՄԸ ԽՈՒՄԲԷՆ ԿԸ ՎՏԱՐՈՒԻ ԿՆՈՋ ԾԵԾԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Փերուի Club Cienciano ֆութպոլային ակումբի ղեկավարութիւնը չեղարկած է ֆութպոլի աստղ Քրիսթիան Գուեվայի հետ պայմանագիրը, անոր կնքումէն ընդամէնը 48 ժամ անց, Քրիսթիանի կնոջ՝ Փամելա Լոփեզ Սոլորզանոյի հեռատեսիլային հարցազրոյցի ընթացքին, ամուսնոյն դէմ ներկայացուցած ամբաստանութիւններէն անմիջապէս ետք:
32-ամեայ Լոփեզ յայտնած էր, թէ «կային ապտակներ, մազ քաշել, հրել: Վերջինն այն էր, որ ան փորձեց խեղդել զիս, կը ծածկէր բերանս ու քիթս, վիզս»։
Նախքան ամուսնոյն ոստիկանութեան յայտնելը ան ըսած էր, թէ «ես վախցած էի կեանքիս համար, երկար տարիներէ կը տառապէի: Ես բացայայտեցի դաւաճանութիւն՝ իմ ծննդեանս տարեդարձէն քանի մը օր առաջ: Ինծի համար սա շատ բարդ որոշում էր, շատ դժուար, ինձմէ երկար տարիներ պահանջուեցաւ զայն կայացնելու համար։ Բայց ես ատիկա ըրած եմ ինծի համար, իմ երեխաներուս եւ բոլոր այն կանանց համար, որոնք կը տառապին նոյն բանով, ինչ ես կը տառապէի երկար տարիներ»։
Փերուի հաւաքականի միջազգային ֆութպոլիստը հերքած է իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները, զանոնք «չարաշահում» նկատելով, սակայն խոստովանած է, որ իր պահուածքը «աններելի» եղած է:
«Ռայօ Վալիքանօ»ի, «Սանթոս»ի եւ «Սան Փաուլօ»ի նախկին կիսապաշտպանը Փետրուարէն ասդին առանց ակումբի մնացած էր Սէուտական «Ալ Ֆաթըհ»ի հետ պայմանագրի աւարտէն ետք:
ԵՐԿՈՒ ՍՊԱՆԱՑԻ ՄԱԳԼՑՈՂ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ ՄՈՆ ՊԼԱՆ ԼԵՌԱՆ ՎՐԱՅ
Երկու լեռնագնաց եղբայրներ՝ 33 եւ 37 տարեկան, մահացան առնուազն 200 մեթր բարձունքէ իյնալէ ետք, Թուրնեթի գագաթին մօտ «Haute-Savoie» շրջանը, Չորեքշաբթի կէսօր, 21 Օգոստոսին, կը յայտնէ ֆրանսական «Bleu Pays de Savoie» կազմակերպութիւնը։
Արկածի պահուն երկու եղբայրները միասին պարանով բարձրացած են աւելի քան 2000 մեթր: Փրկարարներու եւ հրշէջներու 3 ժամ միջամտութենէ ետք կարելի եղած է դուրս բերել անոնց մարմինները։
Օ’ՍԱԼԻՎԸՆ կ’ՈՒԶԷ ՆՈՒԱՃԵԼ ՊԻԼԻԱՐԻ 8-ՐԴ ՏԻՏՂՈՍԸ
Ռոննի Օ’Սալիվանը մեծ յոյսերով մեկնած է Չինաստան, որպէսզի վերահաստատէ աշխարհի ութերորդ տիտղոսը, պիլիարի ասպարէզէն հեռանալէ առաջ:
Պիլիարի եօթնակի ախոյեանին կարծիքով այս մրցապայքարով պիտի եզրափակուի իր ասպարէզը, որուն ընթացքին նուաճած էր 2001, 2004, 2008, 2012, 2013, 2020 եւ 2022 թուականներու պիլիարի ամենամեծ մրցանակները:
ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ «ՖՈՐՄԻՒԼԱ 1» ՄՐՑՈՒՄԸ՝ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
Աւանդական ամառնային արձակուրդ չկայ «Ֆորմուլա 1»-ի համար, երբ Հոլանտայի «Կրան Փրի»ով այս շաբաթավերջին կը մեկնարկէ մրցաշարքի եղանակին երկրորդ կէսը:
Առաջին եւ երկրորդ որակաւորումները տեղի կ’ունենան այսօր՝ 23 Օգոստոսին, որուն կը յաջորդէ եզրափակիչ որակաւորումը՝ Շաբաթ օր՝ 24 Օգոստոսին, իսկ «Կրան Փրի»ն՝ Կիրակի՝ 25 Օգոստոսին:
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ 15 ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՂԻՒՍԱԿԸ 15
Համաշխարհային յայտնի «Goal.com»-ը հրապարակած է ֆութպոլի պատմութեան 15 ամենաչյաջողած փոխանցումներու աղիւսակը։
Առաջին տեղը կը զբաղեցէ Օսման Տեմպելէի՝ 2017 թուականին «Պորուսիա»էն «Պարսելոնա» տեղափոխութիւնը։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ պելճիքացի Էտէն Ազարի «Չելսի»էն Մատրիտի «Ռէալ» տեղափոխութիւնը։ Երրորդ հորիզոնականը պրազիլցի յարձակողական ոճի կիսապաշտպան Ֆիլիփէ Կոտինիոյի տեղափոխութիւնն է «Լիվըրփուլ» ակումբէն «Պարսելոնա» 2018 թուականին:
Ստորեւ փոխանցումներու ձախողումներուն ամբողջական ցանկը՝ ըստ «Goal.com»ի:
1) Օսման Տեմպելէ (Ֆրանսա) — Տորթմունտի «Պորուսիա»էն դէպի «Պարսելոնա», 2017-ին, 135 միլիոն եւրօ։
2) Էտէն Ազար (Պելճիքա) – «Չելսի»էն դէպի «Ռէալ Մատրիտ» — 120,8 միլիոն եւրօ:
3) Ֆիլիփէ Կոտինիօ (Պրազիլ) – «Լիվըրփուլ»էն դէպի «Պարսելոնա» — 135 միլիոն եւրօ:
4) Փօլ Փոկպա (Ֆրանսա) – «Եուվենթիւս»էն դէպի «Մանչեսթըր Եունայթըտ» — 105 միլիոն եւրօ:
5) Ռոմելօ Լուքաքու (Պելճիքա) – «Ինթըր Միլան»էն դէպի «Չելսի» — 113 միլիոն եւրօ:
6) Ժոաու Ֆելիքս (Փորթուկալ) — «Պէնֆիքա»էն դէպի «Աթլեթիքօ Մատրիտ» — 127 միլիոն եւրօ:
7) Նիքոլաս Փեփէ (Քոտ Տ’իվուար) – «Լիլից»էն դէպի «Արսենալ» — 80 միլիոն եւրօ:
8) Հերի Մակուայր (Անգլիա) — «Լէյսթըր Սիթի»էն դէպի «Մանչեսթըր Եունայթըտ» — 87 միլիոն եւրօ:
9) Անթուան Կրայզմըն (Ֆրանսա) — Մատրիտի «Աթլեթիքօ»էն դէպի «Պարսելոնա» — 120 միլիոն եւրօ:
10) Ալվարօ Մորաթա (Սպանիա) — «Ռէալ Մատրիտ»էն դէպի «Չելսի» — 66 միլիոն եւրօ:
11) Ռոմելօ Լուքաքու (Պելճիքա) — «Էվըրթըն»էն դէպի «Մանչեսթըր Եունայթըտ» — 84,7 միլիոն եւրօ:
12) Քեպա Արիզապալակա (Սպանիա) — «Աթլեթիք»էն դէպի «Չելսի»՝ 80 միլիոն եւրօ:
13) Նեյմար (Պրազիլ) – «Պարսելոնա»էն դէպի «Փարի Սէն Ժերմէն» — 222 միլիոն եւրօ:
14) Զլաթան Իպրահիմովիչ (Շուէտ) – «Ինթըր Միլան»էն դէպի «Պարսելոնա» — 69,5 միլիոն եւրօ:
15) Խամէս Ռոտրիկէս (Քոլոմպիա) – «Մոնաքօ»էն դէպի «Ռէալ Մատրիտ» — 75 միլիոն եւր»:
Նշենք, որ յիշեալ ակումբներէն ամենաշատ ձախողած փոխանցումները իրականացուցած են «Պարսելոնա»ն՝ 4, «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը՝ 3 եւ «Չելսի»ն՝ 3 անգամ: